Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 50

Բարի Հովիւին ձայնը մտիկ ըրէ

Բարի Հովիւին ձայնը մտիկ ըրէ

«Իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն» (ՅՈՎՀ. 10։16

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ պատճառով մը Յիսուս իր հետեւորդները ոչխարներու նմանցուց։

ՅԻՍՈՒՍ իր հետեւորդներուն հետ իր ունեցած փոխյարաբերութիւնը համեմատեց հովիւին եւ անոր ոչխարներուն միջեւ եղած կապին հետ (Յովհ. 10։14)։ Այս համեմատութիւնը տեղին է, քանի որ ոչխարները իրենց հովիւը կը ճանչնան եւ անոր ձայնին կ’ընդառաջեն։ Ճամբորդ մը փորձառաբար այս մէկը տեսաւ։ Ան ըսաւ. «Ես եւ ուրիշներ ուզեցինք ոչխարներ նկարել եւ փորձեցինք անոնք մեզի մօտեցնել։ Բայց մեզի չհետեւեցան, քանի որ մեր ձայները չէին ճանչնար։ Մէյ մըն ալ իրենց հովիւը եկաւ, որ պզտիկ տղայ մըն էր, եւ հազիւ անոր ձայնը լսեցին, իրեն հետեւեցան»։

2-3. ա) Յիսուսի հետեւորդները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ իր ձայնը մտիկ կ’ընեն։ բ) Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Այդ ճամբորդողին փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ ի՛նչ որ Յիսուս ըսաւ իր ոչխարներուն՝ աշակերտներուն, մասին։ Ան ըսաւ. «Իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն» (Յովհ. 10։16)։ Բայց Յիսուս երկինքն է։ Ուստի, ինչպէ՞ս կրնանք ըսել, որ իրեն մտիկ կ’ընենք։ Կարեւոր կերպ մը այն է, որ իր ուսուցումները մեր կեանքին մէջ գործադրենք (Մատ. 7։24, 25

3 Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ, նկատի պիտի առնենք Յիսուսի կարգ մը ուսուցումները։ Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, Յիսուս մեզի սորվեցուց որ չշարունակենք ընել կարգ մը բաներ եւ ընե՛նք ուրիշ բաներ։ Նա՛խ նկատի պիտի առնենք երկու բաներ, որ Բարի Հովիւը մեզի ըսաւ, որ չշարունակենք ընել։

«ՄԻ՛ ՄՏԱՏԱՆՋԷՔ ԴՈՒՔ ՁԵԶ»

4. Ղուկաս 12։29–ի համաձայն, ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ, որ մենք մեզ մտատանջենք։

4 Կարդա՛ Ղուկաս 12։29։ Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց, որ իրենց նիւթական պէտքերուն նկատմամբ չշարունակեն ‘շփոթիլ’, կամ չշարունակեն ‘իրենք զիրենք մտատանջել’ (ՆԹ)։ Մենք գիտենք որ Յիսուս միշտ իմաստուն եւ ճիշդ խրատ կու տայ։ Եւ կ’ուզենք անոր խրատը գործադրել, բայց ատեններ ատիկա ընելը մեզի համար դժուար կ’ըլլայ։ Ինչո՞ւ։

5. Ոմանք թերեւս ինչո՞ւ իրենց նիւթական պէտքերուն նկատմամբ կը մտահոգուին։

 5 Ոմանք թերեւս կը մտահոգուին, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապահովեն ուտելիք, հագուելիք եւ բնակարան։ Անոնք թերեւս կ’ապրին երկրի մը մէջ, ուր շատեր աղքատ են եւ դժուար է գործ գտնել։ Ուստի, իրենց ընտանիքին հոգ տանելու համար, բաւարար դրամ ձեռք չեն ձգեր։ Կամ ընտանիքը դրամական նեղութիւն կը քաշէ, քանի որ ընտանիքին ապրուստը ճարողը մահացած է։ Նաեւ, թերեւս շատեր իրենց գործը եւ եկամուտը կորսնցուցած են ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառաւ (Ժող. 9։11)։ Եթէ ասոնցմէ մէկը կամ ուրիշ բան մը մեզի պատահած է, ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ Յիսուսի խրատին, որ չշարունակենք մտահոգուիլ։

Փոխանակ չափէ դուրս մտահոգուելու, թէ մեր նիւթական պէտքերը ինչպէ՛ս պիտի ապահովենք, պէտք է Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնենք (տե՛ս պարբ. 6-8) *

6. Նկարագրէ թէ առիթով մը Պետրոս առաքեալին հետ ի՞նչ պատահեցաւ։

6 Օր մը Գալիլիա ծովը ալեկոծ էր։ Պետրոս եւ ուրիշ առաքեալներ նաւուն մէջէն տեսան, որ Յիսուս ծովուն վրայէն կը քալէր։ Պետրոս ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։ Երբ Յիսուս իրեն ըսաւ՝ «Եկո՛ւր», Պետրոս նաւէն իջաւ եւ ջուրերուն վրայէն քալեց, որպէսզի Յիսուսին քով երթայ։ Նկատէ թէ ետքը ի՛նչ եղաւ։ Ան նայելով սաստիկ հովին՝ «վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, ազատէ զիս’»։ Յիսուս շուտով իր ձեռքը երկարեց ու զինք բռնեց։ Կարեւոր է որ յիշենք, թէ Պետրոս կրցաւ ծովուն վրայէն քալել այնքան ատեն որ Յիսուսին վրայ կեդրոնացաւ։ Բայց երբ սաստիկ հովին նայեցաւ, մէջը վախ ու կասկած մտաւ, եւ սկսաւ ընկղմիլ (Մատ. 14։24-31

7. Պետրոսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

7 Պետրոսի օրինակէն կրնանք սորվիլ։ Երբ ան նաւէն իջաւ, չակնկալեց որ սաստիկ հովին նայելով պիտի ընկղմէր։ Իր նպատակն էր՝ ծովուն վրայէն քալելով Յիսուսին հասնիլ։ Բայց իր այդ նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած չմնաց։ Ճիշդ է որ մենք չենք կրնար ծովուն վրայէն քալել, բայց հաւատքի փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ Եթէ չկեդրոնանանք Եհովայի եւ իր խոստումներուն վրայ, հոգեւորապէս պիտի սկսինք ընկղմիլ։ Սաստիկ հովի պէս եղող ի՛նչ խնդիր ալ ունենանք, պէտք է շարունակենք մեր միտքը կեդրոնացնել Եհովային վրայ եւ մեզի օգնելու իր կարողութեան վրայ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։

8. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր նիւթական պէտքերուն նկատմամբ չափէ դուրս չմտահոգուինք։

8 Պիտի օգտուինք, եթէ մեր խնդիրներով մտահոգուելու տեղ, Եհովային վստահինք։ Յիշենք, որ մեր սիրալիր Հայրը մեզի կը խոստանայ, որ եթէ հոգեւոր բաները մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք, մեր նիւթական պէտքերը պիտի հոգայ (Մատ. 6։32, 33)։ Եւ ան մի՛շտ իր խոստումը պահած է (Բ. Օր. 8։4, 15, 16. Սաղ. 37։25)։ Եթէ Եհովան թռչուններուն եւ ծաղիկներուն հոգ կը տանի, վստահաբար պէտք չունինք մտահոգուելու, թէ ի՛նչ պիտի ուտենք կամ ի՛նչ պիտի հագուինք (Մատ. 6։26-30. Փլպ. 4։6, 7)։ Ճիշդ ինչպէս որ սէրը ծնողները կը մղէ, որ իրենց զաւակները նիւթապէս հոգան, նոյնպէս սէրը մեր երկնաւոր Հայրը կը մղէ, որ իր ծառաներուն նիւթական պէտքերը հոգայ։ Այո, կրնա՛նք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ։

9. Զոյգի մը փորձառութենէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

9 Նկատի առ փորձառութիւն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս Եհովան կրնայ մեր նիւթական պէտքերը հոգալ։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող զոյգ մը, իրենց հին ինքնաշարժը աւելի քան մէկ ժամ քշեցին, որպէսզի գաղթակայանէ մը քոյրեր հասցնեն ժողովի։ Եղբայրը բացատրեց. «Ժողովէն ետք, քոյրերը հրաւիրեցինք ճաշի, բայց ետքը անդրադարձանք, որ հրամցնելիք բան մը չունինք»։ Զոյգը ի՞նչ պիտի ընէր։ Եղբայրը շարունակեց. «Երբ տուն հասանք, դրան առջեւ ուտելիքներով լեցուն երկու մեծ տոպրակներ տեսանք։ Չգիտցանք թէ ո՛վ ատոնք դրած էր։ Եհովան մեզի հոգ տարաւ»։ Ժամանակ մը ետք, զոյգին ինքնաշարժը աւրուեցաւ։ Ատոր պէտք ունէին իրենց ծառայութեան համար։ Բայց դրամ չունէին զայն նորոգելու համար։ Մինչ մօտակայ կառատան մը մէջ կ’ուզէին գիտնալ, որ նորոգութիւնը ի՛նչ ծախսի պիտի նայէր, մարդ մը մօտեցաւ ու հարցուց. «Այս ինքնաշարժը որո՞ւնն է»։ Եղբայրը ըսաւ, որ իր ինքնաշարժն էր եւ նորոգութեան պէտք ունէր։ Անհատը պատասխանեց. «Խնդիր չէ։ Կինս կ’ուզէ ա՛յս ինքնաշարժէն եւ ճիշդ ա՛յս գոյնէն։ Քանի՞ կ’ուզես»։ Եղբայրը ինքնաշարժը ծախեց գումարով մը, որ բաւարար էր ուրիշը գնելու։ Եղբայրը ըսաւ. «Մենք շա՜տ ուրախ էինք այդ օրուան վերջաւորութեան։ Գիտէինք որ ասիկա պատահմամբ չեղաւ, հապա Եհովա՛ն մեզի օգնեց»։

10. Սաղմոս 37։5–ը մեզ ինչպէ՞ս կը քաջալերէ, որ մեր նիւթական պէտքերուն նկատմամբ չմտահոգուինք։

10 Երբ Բարի Հովիւին ձայնը մտիկ կ’ընենք եւ մեր նիւթական պէտքերուն նկատմամբ անտեղիօրէն չենք մտահոգուիր, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ պիտի հոգայ (կարդա՛ Սաղմոս 37։5. Ա. Պետ. 5։7)։ Նկատի առ  5–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած պարագաները։ Մինչեւ հիմա, թերեւս Եհովան ընտանիքի գլուխը կամ գործատէր մը գործածեց, մեզի օգնելու որ մեր առօրեայ պէտքերուն հոգ տանինք։ Եթէ ընտանիքի գլուխը այլեւս չկարենայ ապրուստ ճարել, կամ եթէ մեր գործը կորսնցնենք, Եհովան ուրիշ կերպով մը մեզ պիտի հոգայ։ Ասկէ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ։ Հիմա նկատի առնենք ուրիշ բան մը, որ Բարի Հովիւը մեզի կ’ըսէ որ չշարունակենք ընել։

«ՄԻ՛ ԴԱՏԷՔ»

Եթէ ուրիշներուն լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք, կրնանք այլեւս զիրենք չդատել (տե՛ս պարբ. 11, 14-16) *

11. Ըստ Մատթէոս 7։1, 2–ին, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ որ այլեւս չընենք, եւ ինչո՞ւ իր ըսածը ընելը կրնայ դժուար ըլլալ։

11 Կարդա՛ Մատթէոս 7։1, 2։ Յիսուս գիտէր, որ մարդիկ անկատար են եւ յաճախ ուրիշներուն թերութիւններուն վրայ կը կեդրոնանան։ Անոր համար է որ իր աշակերտներուն ըսաւ, որ այլեւս չդատեն։ Հակառակ անոր որ կը ջանանք հաւատակիցները չդատել, ատեններ չենք յաջողիր։ Ի՞նչ պէտք է ընենք։ Յիսուսին մտիկ ընենք եւ ծանր աշխատինք որ չշարունակենք դատել։

12-13. Եհովայի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ այլեւս ուրիշները չդատենք։

12 Կրնանք օգտուիլ Եհովայի օրինակին վրայ խոկալով։ Ան մարդոց մէջի լաւ բաներուն վրայ կը կեդրոնանայ։ Եւ ասիկա յստակ կը դառնայ այն կերպէն, որով Դաւիթ թագաւորին հետ վարուեցաւ։ Դաւիթ լուրջ մեղքեր գործեց. օրինակ, Բերսաբէի հետ շնութիւն գործեց եւ անոր ամուսինը սպաննել տուաւ (Բ. Թագ. 11։2-4, 14, 15, 24)։ Այդպիսով, Դաւիթ ոչ միայն ինքն իրեն վնասեց, հապա նաեւ իր ընտանիքին, մէջը ըլլալով՝ իր միւս կիները (Բ. Թագ. 12։10, 11)։ Ուրիշ առիթով մը, Դաւիթ Եհովայի հանդէպ լման վստահութիւն ցոյց չտուաւ, երբ հրամայեց որ Իսրայէլի բանակը համրուի։ Թերեւս ան այդպէս ըրաւ հպարտութենէ մղուած եւ իր բանակին մեծութեան վստահելով։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ 70,000 իսրայէլացիներ ժանտախտի պատճառաւ մեռան (Բ. Թագ. 24։2-4, 10-15

13 Եթէ այդ օրերուն Իսրայէլի մէջ ապրէիր, Դաւիթի մասին ի՞նչ կարծիք պիտի կազմէիր։ Արդեօք զինք պիտի դատէի՞ր, ըսելով որ Եհովայի ողորմութեան արժանի չէ։ Եհովան այդպէս չըրաւ։ Ան կեդրոնացաւ Դաւիթի երկա՜ր տարիներու հաւատարմութեան եւ անկեղծ զղջումին վրայ։ Առ ի արդիւնք, անոր այս լուրջ մեղքերը ներեց։ Եհովան գիտէր, որ Դաւիթ զինք շա՜տ կը սիրէր եւ կ’ուզէր ճիշդը ընել։ Մենք շատ երախտապարտ ենք, որ Եհովան կը կեդրոնանայ մեր լաւ յատկութիւններուն ու վարքին վրայ (Գ. Թագ. 9։4. Ա. Մն. 29։10, 17

14. Ի՞նչ բան քրիստոնեաներուն օգնած է, որ այլեւս ուրիշները չդատեն։

14 Որովհետեւ Եհովան մեզմէ չ’ակնկալեր որ կատարեալ ըլլանք, մենք ալ պէտք է ուրիշներէն կատարելութիւն չակնկալենք եւ անոնց լաւ յատկութիւնները տեսնենք։ Սովորաբար շատ դիւրին է ուրիշներուն անկատարութիւնները տեսնել եւ զանոնք քննադատել։ Սակայն, Եհովան ընդօրինակող անհատը ուրիշներուն հետ լաւ կերպով կը վարուի, հակառակ անոր որ անոնց անկատարութիւններուն գիտակից է։ Անտաշ ադամանդը աչքի չի զարներ, բայց իմաստուն անհատը գիտէ, որ անիկա տաշուելէ ետք՝ շատ գեղեցիկ ու շատ արժէքաւոր պիտի ըլլայ։ Եհովային եւ Յիսուսին պէս, պէտք է կեդրոնանանք ոչ թէ մարդոց անկատարութիւններուն վրայ, հապա անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։

15. Մարդոց պարագաները նկատի առնելը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ, որ զանոնք անգթօրէն չդատենք։

15 Մարդոց լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանալէ զատ, ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ ուրիշները անգթօրէն չդատենք։ Փորձէ երեւակայել, թէ անոնք ինչպիսի՛ կեանք մը ունին։ Նկատի առ այս օրինակը։ Օր մը տաճարին մէջ, Յիսուս տեսաւ աղքատ որբեւայրի մը, որ երկու լումայ ձգեց գանձանակին մէջ։ Յիսուս չմտածեց. «Ինչո՞ւ աւելի չդրաւ»։ Փոխանակ կեդրոնանալու որբեւայրիին ձգած գումարին վրայ, ան անոր շարժառիթներն ու պարագաները նկատի առաւ եւ զինք գովեց, քանի որ իր ամէն կարելին ըրաւ (Ղուկ. 21։1-4

16. Վերոնիքայի փորձառութենէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

16 Վերոնիքա անունով քրոջ մը փորձառութիւնը մեզի կ’օգնէ տեսնելու, թէ որքա՜ն կարեւոր է ուրիշներուն պարագաները նկատի առնել։ Անոր ժողովքին մէջ մայր մը կար, որ առանձին կ’ապրէր իր տղուն հետ։ Վերոնիքան պատմեց. «Ինծի թուեցաւ, որ անոնք կանոնաւորաբար չէին մասնակցեր ժողովքային գործունէութիւններուն։ Ուստի, անոնց նկատմամբ ժխտական կարծիք կազմեցի։ Օր մը մօր հետ ծառայութեան ելայ։ Ան բացատրեց, թէ շատ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր, քանի որ իր տղան օթիզմ ունի։ Ան իր լաւագոյնը կ’ընէր, որպէսզի իր եւ իր տղուն ֆիզիքական ու հոգեւոր պէտքերը հոգար։ Իսկ իր տղուն առողջապահական խնդիրներուն պատճառաւ, ան երբեմն կը ստիպուէր ուրիշ ժողովքի մը ժողովներուն ներկայ ըլլալ»։ Վերոնիքան աւելցուց. «Մտքիս ծայրէն չանցաւ, որ ան այսքան դժուար կեանք մը ունէր։ Այժմ այս քոյրը շա՜տ կը գնահատեմ ու կը յարգեմ»։

17. Յակոբոս 2։8–ը մեզի կ’ըսէ որ ի՞նչ ընենք, եւ ատիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։

17 Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ նկատենք թէ մեր հաւատակիցներէն մէկը դատած ենք։ Յիշենք որ պէտք է մեր եղբայրները սիրենք (կարդա՛ Յակոբոս 2։8)։ Նաեւ, պէտք է Եհովային սրտանց աղօթենք, խնդրելով որ մեզի օգնէ որ այլեւս չդատենք։ Կրնանք մեր աղօթքներուն համաձայն վարուիլ, նախաքայլը առնելով խօսելու այն անհատին հետ, որուն մասին ժխտական կարծիք ունինք։ Այդպիսով, առիթը պիտի ունենանք զինք ճանչնալու։ Կրնանք խնդրել, որ միասին ծառայենք կամ միասին ճաշենք։ Մինչ մեր եղբայրը աւելի լաւ կը ճանչնանք, ջանանք իր մէջ լաւ յատկութիւնները տեսնել, ինչպէս որ Եհովան եւ Յիսուսը կ’ընեն։ Այսպէս ցոյց կու տանք, որ մտիկ կ’ընենք Բարի Հովիւին պատուէրը, որ չշարունակենք դատել։

18. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ Բարի Հովիւին ձայնը մտիկ կ’ընենք։

18 Ճիշդ ինչպէս որ ոչխարները իրենց հովիւին ձայնը մտիկ կ’ընեն, նոյնպէս Յիսուսի հետեւորդները իր ձայնը մտիկ կ’ընեն։ Եթէ ջանանք մեր նիւթական պէտքերուն նկատմամբ չշարունակել մտահոգուիլ եւ այլեւս ուրիշները չդատել, Եհովան եւ Յիսուսը մեր ջանքերը պիտի օրհնեն։ Ըլլա՛նք «պզտիկ հօտ»էն կամ «ուրիշ ոչխարներ»էն, թող որ շարունակենք Բարի Հովիւին ձայնը մտիկ ընել (Ղուկ. 12։32. Յովհ. 10։11, 14, 16)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք երկու բաներ, որ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ պէտք է ընեն։

ԵՐԳ 53 Միաբանութեամբ համագործակցինք

^ պարբ. 5 Երբ Յիսուս ըսաւ, որ իր ոչխարները իր ձայնը մտիկ պիտի ընէին, ըսել ուզեց որ իր աշակերտները իր ուսուցումները մտիկ պիտի ընէին եւ զանոնք իրենց կեանքին մէջ պիտի գործադրէին։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք իր ուսուցումներէն երկուքը. նիւթական պէտքերու նկատմամբ չշարունակել մտահոգուիլ եւ այլեւս ուրիշները չդատել։ Պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք իր խրատը գործադրել։

^ պարբ. 51 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը իր գործը կորսնցուցած է, դրամի պէտք ունի որ իր ընտանիքին հոգ տանի, եւ պէտք է տուն գտնէ։ Եթէ ուշադիր չըլլայ, կրնայ այնքա՛ն մտահոգուիլ, որ Եհովայի պաշտամունքը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը չդնէ։

^ պարբ. 53 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը ժողովին ուշ կը հասնի։ Բայց ան լաւ յատկութիւններ ցոյց կու տայ, երբ անպաշտօն կերպով կը վկայէ, տարեցի մը գործնական կերպով կ’օգնէ եւ Թագաւորութեան սրահը կոկիկ կը պահէ։