Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 52

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները մարզեցէք որ Եհովան սիրեն

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները մարզեցէք որ Եհովան սիրեն

«Տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են» (ՍԱՂ. 127։3

ԵՐԳ 88 Երեխաները Աստուծմէ վստահուած գանձեր են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան ծնողներուն ի՞նչ պատասխանատուութիւն տուած է։

ԵՀՈՎԱՆ առաջին զոյգին մէջ դրաւ զաւակներ ունենալու փափաքը։ Աստուածաշունչը տեղին ըլլալով կ’ըսէ. «Տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են» (Սաղ. 127։3)։ Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Երեւակայէ թէ մտերիմ բարեկամ մը քեզմէ կը խնդրէ, որ մեծ գումար մը քովդ պահես։ Ի՞նչ կը զգաս։ Հաւանաբար պատիւ կը զգաս, քանի որ ան քեզի վստահեցաւ։ Բայց թերեւս մտահոգուիս, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենաս այդ մեծ գումարը պահել։ Եհովան՝ մեր ամէնէն մտերիմ Բարեկամը, ծնողներուն հոգատարութեան կը յանձնէ բան մը, որ շա՜տ աւելի արժէքաւոր է՝ քան դրամը։ Ան անոնց պատասխանատուութիւն տուած է որ իրենց զաւակներուն բարօրութեան հոգ տանին։

2. Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

2 Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ամուսնացած զոյգ մը զաւակներ պիտի ունենա՛ն եւ ե՛րբ պիտի ունենան։ Եւ ծնողները ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու, որ ուրախ կեանք մը վայելեն։ Նկատի առ Աստուծոյ Խօսքէն կարգ մը սկզբունքներ, որոնք զոյգերուն կրնան օգնել իմաստուն որոշումներ առնելու։

ԶՈՅԳԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՅԱՐԳԷ

3. ա) Ո՞վ պէտք է որոշէ, թէ զոյգը պզտիկ պիտի բերէ կամ՝ ոչ։ բ) Զոյգին ընտանիքն ու բարեկամները աստուածաշնչական ի՞նչ սկզբունքներ ի մտի պէտք է ունենան։

3 Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, նոր ամուսնացած զոյգէն կ’ակնկալուի անմիջապէս զաւակներ բերել։ Թերեւս նոյնիսկ ընտանիքը եւ ուրիշներ զիրենք ճնշեն այդ սովորութեան հետեւելու։ Ճեթրոն՝ Ասիոյ մէջ եղբայր մը, կ’ըսէ. «Ժողովքին մէջ, պզտիկ ունեցողներէն ոմանք ճնշում կը բանեցնեն չունեցողներուն վրայ որ զաւակ բերեն»։ Ճէֆրին՝ Ասիոյ մէջ ուրիշ եղբայր մը, նկատած է. «Ոմանք պզտիկ չունեցող զոյգերուն կ’ըսեն, թէ երբ մեծնան մէկը պիտի չունենան որ իրենց հոգ տանի»։ Սակայն, իւրաքանչիւր զոյգ անձամբ պէտք է որոշէ պզտիկ ունենալ կամ ոչ։ Ատիկա իրենց որոշումն ու պատասխանատուութիւնն է (Գաղ. 6։5)։ Հասկնալի է որ բարեկամներն ու ընտանիքը զոյգին լաւութիւնը կ’ուզեն։ Բայց բոլորը պէտք է յիշեն, որ պզտիկ բերելու որոշումը զոյգի՛ն կ’իյնայ (Ա. Թես. 4։11

4-5. Զոյգը ի՞նչ երկու նիւթեր պէտք է քննարկէ, եւ ե՞րբ լաւագոյն ժամանակն է այս քննարկութիւնը ընելու. բացատրէ։

4 Այն զոյգը, որ կ’որոշէ զաւակներ ունենալ, լաւ կ’ըլլայ որ քննարկէ երկու կարեւոր հարցումներ. առաջին, ե՞րբ կ’ուզեն զաւակ ունենալ։ Երկրորդ, քանի՞ զաւակ կ’ուզեն ունենալ։ Այդ նիւթը քննարկելու համար ե՞րբ է լաւագոյն ժամանակը, եւ ինչո՞ւ շատ կարեւոր հարց է։

5 Ընդհանրապէս, նախքան ամուսնանալը, զոյգը լաւ կ’ընէ եթէ զաւակներ ունենալու նիւթին մասին խօսի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ կարեւոր է որ զոյգը այս նիւթին շուրջ նոյն միտքը ունենան։ Նաեւ, պէտք է նկատի առնեն, թէ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու պատրա՛ստ են կամ ոչ։ Կարգ մը զոյգեր որոշած են ամուսնութենէն ետք առնուազն մէկ կամ երկու տարի սպասել նախքան ծնողք դառնալը, քանի որ ծնողք ըլլալը իրենց ժամանակէն ու կորովէն բաւական պիտի առնէ։ Անոնք կը խորհին, թէ քիչ մը սպասելով, իրենց ժամանակը պիտի առնեն՝ նոր կեանքին վարժուելու որպէս ամուսնացած զոյգ եւ իրարու մօտենալու (Եփ. 5։33

6. Ներկայ դժուար ժամանակներուն ի տես, կարգ մը զոյգեր ի՞նչ որոշած են։

6 Ուրիշ քրիստոնեաներ որոշած են Նոյի երեք որդիներուն ու անոնց կիներուն օրինակին հետեւիլ։ Այդ երեք զոյգերը անմիջապէս զաւակներ չբերին (Ծն. 6։18. 9։18, 19. 10։1. Բ. Պետ. 2։5)։ Յիսուս մեր օրերը համեմատեց «Նոյի օրեր»ուն հետ, եւ յստակ է որ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք (Մատ. 24։37. Բ. Տիմ. 3։1)։ Այդ իրողութիւնը հաշուի առնելով, կարգ մը զոյգեր որոշած են զաւակներ ունենալը յետաձգել, որպէսզի կարենան աւելի ժամանակ տրամադրել քրիստոնէական ծառայութեան։

Զաւակներ ունենալու հարցը քննարկելու ատեն, իմաստուն զոյգերը ‘ծախքը հաշիւ կ’ընեն’ (տե՛ս պարբերութիւն 7) *

7. Զոյգը ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ Ղուկաս 14։28, 29–ի եւ Առակաց 21։5–ի սկզբունքներէն։

7 Զաւակներ ունենալու հարցը քննարկելու ատեն, իմաստուն զոյգերը ‘ծախքը հաշիւ կ’ընեն’ (կարդա՛ Ղուկաս 14։28, 29)։ Փորձառու ծնողները կը հաստատեն, թէ զաւակներ մեծցնելը շատ ծախսի կը նայի, ինչպէս նաեւ ժամանակ ու կորով կը սպառէ։ Ուստի կարեւոր է որ զոյգը նկատի առնէ այսպիսի հարցումներ. ‘Երկո՞ւքս պէտք է աշխատինք, որպէսզի կարենանք մեր ընտանիքին գլխաւոր պէտքերը հոգալ։ Համաձա՞յն ենք թէ մեր ընտանիքին «գլխաւոր պէտքերը» ի՛նչ են։ Եթէ երկուքս աշխատինք, զաւակներուն ո՞վ հոգ պիտի տանի։ Որո՞նք ազդեցութիւն պիտի ունենան անոնց մտածումին ու արարքներուն վրայ’։ Այն զոյգերը, որոնք հանդարտօրէն այս հարցերը կը քննարկեն, Առակաց 21։5–ը կը գործադրեն (կարդա՛

Ամուսինը իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որ իր կնոջ օգնէ (տե՛ս պարբերութիւն 8)

8. Զոյգը ի՞նչ դժուարութիւններ կրնայ ակնկալել, եւ ամուսինը ի՞նչ պիտի ընէ։

8 Զաւակը պէտք ունի եւ արժանի է, որ թէ՛ հայրը եւ թէ մայրը բաւական ժամանակ ու կորով տրամադրեն իրեն։ Ուստի եթէ զոյգը ունի քանի մը պզտիկներ, որոնք տարիքով իրարու մօտ են, դժուար է որ իւրաքանչիւր զաւակի ընծայեն հարկ եղած ուշադրութիւնը։ Քանի մը մանուկներ ունեցող կարգ մը զոյգեր ըսած են, որ շատ բեռնաւորուած զգացած են։ Մայրը թերեւս միշտ ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն սպառած զգայ, ինչ որ թոյլ չի տար որ կանոնաւորաբար սերտէ, աղօթէ եւ ծառայութեան մասնակցի։ Նաեւ, կրնայ դժուար ըլլալ որ քրիստոնէական ժողովներուն ընթացքին կեդրոնանայ եւ յայտագիրէն օգտուի։ Անշուշտ, ամուսինը իր ամէն կարելին պիտի ընէ իր կնոջ օգնելու, երբ զաւակները բանի մը պէտք ունենան՝ թէ՛ ժողովներուն ընթացքին եւ թէ տան մէջ։ Օրինակ, ամուսինը կրնայ օգնել տնային գործերուն մէջ։ Ան շատ ջանք պիտի թափէ, որ բոլորը կանոնաւոր ընտանեկան պաշտամունքի յայտագրէն օգտուին։ Եւ իր ընտանիքին հետ կանոնաւորաբար դաշտի ծառայութեան պիտի մասնակցի։

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ ԵՀՈՎԱՆ ՍԻՐԵԼ

9-10. Ծնողները ի՞նչ պէտք է ընեն իրենց զաւակներուն օգնելու համար։

9 Ծնողները ի՞նչ կարգ մը բաներ կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու, որ Եհովան սիրեն։ Ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել այս չար աշխարհի վտանգներէն։ Քննարկենք առնուելիք կարգ մը քայլեր։

10 Աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրէ։ Նկատէ Մանուէի եւ իր կնոջ օրինակը, որոնք Սամփսոնին ծնողքը եղան։ Երբ Մանուէն գիտցաւ, որ ինքն ու իր կինը որդի մը պիտի ունենային, Եհովային աղաչեց, որ զաւակը մեծցնելու առնչութեամբ ուղղութիւն տայ։

11. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան Դատաւորաց 13։8–ի մէջ նշուած Մանուէի օրինակին հետեւիլ։

11 Նիհատը եւ Ալման, որոնք Պոսնիա եւ Հերցեկովինայէն են, Մանուէի օրինակէն սորվեցան։ Անոնք կը բացատրեն. «Մանուէին պէս Եհովային աղաչեցինք, որ մեզի սորվեցնէ լաւ ծնողներ ըլլալ։ Եւ Եհովան մեր աղօթքներուն պատասխանեց շա՜տ մը կերպերով. Աստուածաշունչին, սուրբգրային հրատարակութիւններուն, ժողովներուն եւ համաժողովներուն միջոցաւ» (կարդա՛ Դատաւորաց 13։8

12. Յովսէփ ու Մարիամ իրենց զաւակներուն ինչպիսի՞ օրինակ եղան։

12 Օրինակովդ սորվեցուր։ Ըսածդ կարեւոր է, բայց ըրածդ հաւանաբար աւելի մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգէ զաւակիդ վրայ։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յովսէփն ու Մարիամը ընտիր օրինակ էին իրենց զաւակներուն, մէջը ըլլալով՝ Յիսուս։ Յովսէփ իր ընտանիքը հոգալու համար ծանր աշխատեցաւ։ Ատկէ զատ, ան զիրենք քաջալերեց որ հոգեւոր բաները արժեւորեն (Բ. Օր. 4։9, 10)։ «Ամէն տարի» Յովսէփ իր ընտանիքը իրեն հետ Երուսաղէմ կը տանէր՝ Պասեքը տօնելու համար, թէեւ Օրէնքը ասիկա չէր պահանջեր (Ղուկ. 2։41, 42)։ Ժամանակակից հայրերէն ոմանք թերեւս մտածեցին, թէ ամբողջ ընտանիքը իրենց հետ տանիլը շատ դժուար է, ժամանակ կ’առնէ եւ մեծ ծախսի կը նայի։ Սակայն, յստակ է որ Յովսէփ հոգեւոր բաները կ’արժեւորէր եւ իր զաւակներուն կը սորվեցնէր նոյնը ընել։ Նաեւ, Մարիամ Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտէր։ Ան անկասկած իր խօսքերով ու գործերով իր զաւակներուն սորվեցուց Աստուծոյ Խօսքը սիրել։

13. Զոյգ մը ինչպէ՞ս Յովսէփն ու Մարիամը ընդօրինակեց։

13 Նախապէս նշուած Նիհատը եւ Ալման ուզեցին նաեւ Յովսէփն ու Մարիամը ընդօրինակել։ Ատիկա իրենց ինչպէ՞ս օգնեց, որ իրենց տղուն սորվեցնեն Եհովան սիրել եւ անոր ծառայել։ Անոնք կ’ըսեն. «Մեր ապրելակերպով ջանացինք մեր տղուն ցուցնել, թէ որքա՜ն լաւ է Եհովայի սկզբունքներուն համաձայն ապրիլը»։ Նիհատը կ’աւելցնէ. «Եղիր այնպէս, ինչպէս կ’ուզես որ զաւակդ ըլլայ»։

14. Ծնողները ինչո՞ւ պէտք է գիտնան, թէ իրենց զաւակները որո՛նց հետ կ’ընկերակցին։

14 Զաւակներուդ օգնէ, որ լաւ ընկերակցութիւն զատեն։ Թէ՛ հայրը եւ թէ մայրը պէտք է գիտնան, որ իրենց զաւակները որո՛նց հետ կ’ընկերակցին եւ ի՛նչ կ’ընեն։ Ծնողները պէտք է գիտնան, որ զաւակները ընկերային ցանցերուն եւ իրենց հեռաձայններուն միջոցաւ որո՛նց հետ կը հաղորդակցին։ Այդ ընկերակիցները կրնան զաւակներուն մտածելակերպին եւ վարուելակերպին ազդել (Ա. Կոր. 15։33

15. Ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Ճեսսիին օրինակէն։

15 Եթէ ծնողները շատ գաղափար չունին համակարգիչներու կամ դիւրակիր սարքերու մասին, ի՞նչ կրնան ընել։ Ճեսսին՝ Ֆիլիփիններու մէջ հայր մը, կ’ըսէ. «Ելեկտրոնային սարքերու մասին քիչ բան գիտէինք։ Բայց ատիկա արգելք չեղաւ, որ մեր զաւակները զգուշացնենք ատոնց վտանգներէն»։ Ճեսսին իր զաւակները չարգիլեց սարքերը գործածելէ՝ պարզապէս քանի որ անոնց ծանօթ չէր։ Ան կը բացատրէ. «Զաւակներս քաջալերեցի, որ իրենց ելեկտրոնային սարքերը գործածեն նոր լեզու մը սորվելու, ժողովներուն նիւթերը պատրաստելու եւ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու համար»։ Ձեր զաւակներուն հետ քննարկա՞ծ էք կարճ հաղորդագրութիւն կամ մէսըճներ ուղարկելու եւ առցանց նկար ղրկելու մասին տրուած տրամաբանական խրատները jw.org® կայքի «Պատանիներ» բաժինին մէջ։ Իրենց հետ դիտա՞ծ էք Հեռաձայնիդ կամ թապլեթիդ մոլին դարձա՞ծ ես եւ Ընկերային ցանցերը իմաստութեամբ գործածէ վիտէօները *։ Այս բոլորը արժէքաւոր նիւթեր են՝ ձեր զաւակներուն սորվեցնելու համար, որ դիւրակիր սարքերը իմաստութեամբ գործածեն (Առ. 13։20

16. Բազմաթիւ ծնողներ ի՞նչ ըրած են, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

16 Բազմաթիւ ծնողներ մեծ ջանք կը թափեն իրենց զաւակներուն համար առիթներ ստեղծելու, որպէսզի ընկերակցին անոնց հետ, որոնք օրինակելի են Աստուծոյ ծառայելու մէջ։ Օրինակ, Նտէյնի եւ Պոմին՝ Փղոսկրեայ Ափունքէն զոյգ մը, յաճախ շրջանային տեսուչը կը հրաւիրէին որ իրենց տունը մնար։ Նտէյնին կը պատմէ. «Ասիկա շատ լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր տղուն վրայ։ Ան ռահվիրայութեան սկսաւ եւ այժմ կը ծառայէ որպէս շրջանային տեսուչը փոխարինող»։ Դուն ալ զաւակներուդ համար նոյնանման ընկերակցութիւն կրնա՞ս կարգադրել։

17-18. Ծնողները ե՞րբ պէտք է սկսին զաւակները մարզել։

17 Կարելի եղածին չափ կանուխ սկսէ զաւակներդ մարզել։ Ծնողները որքան կանուխ սկսին զաւակները մարզել, այնքան լաւ կ’ըլլայ (Առ. 22։6)։ Նկատի առ Տիմոթէոսը, որ ժամանակի ընթացքին Պօղոս առաքեալին հետ տեղէ տեղ ճամբորդեց։ Տիմոթէոսի մայրը՝ Եւնիկէն, եւ մեծ մայրը՝ Լաւոդիան, ‘իր մանկութենէն’ զինք մարզեցին (Բ. Տիմ. 1։5. 3։15

18 Փղոսկրեայ Ափունքէն ուրիշ զոյգ մը՝ Ժան–Քլոտը եւ Փիսը, կրցան իրենց բոլոր վեց զաւակները այնպէս մը մեծցնել, որ Եհովան սիրեն եւ անոր ծառայեն։ Զոյգը յաջողեցաւ՝ Եւնիկէի եւ Լաւոդիայի օրինակին հետեւելով։ Անոնք կ’ըսեն. «Աստուծոյ Խօսքը կրկին անգամ սորվեցուցինք մեր զաւակներուն՝ իրենց մանկութենէն ի վեր, սկսելով իւրաքանչիւրին ծնունդէն քիչ ետք» (Բ. Օր. 6։6, 7

19. Ինչպէ՞ս կարելի է Աստուծոյ Խօսքը կրկին անգամ սորվեցնել։

19 Զաւակներուն կրկին անգամ սորվեցնելու համար, ծնողները պէտք է կանոնաւորաբար ժամանակ անցընեն անոնց հետ։ Թերեւս երբեմն վհատեցուցիչ թուի խրատները կրկնելը։ Բայց ծնողները կրնան ջանալ զայն առիթ նկատել զաւակներուն օգնելու, որ Աստուծոյ Խօսքը հասկնան եւ գործադրեն։

Ծնողները պէտք է զատորոշեն, թէ իւրաքանչիւր զաւակ ինչպէ՛ս կրթեն (տե՛ս պարբերութիւն 20) *

20. Բացատրէ թէ Սաղմոս 127։4–ը ինչպէ՛ս կը կիրարկուի զաւակներ մեծցնելուն։

20 Խորատես եղիր։ Սաղմոս 127–ն զաւակները կը համեմատէ նետերու հետ (կարդա՛ Սաղմոս 127։4)։ Ինչպէս որ նետերը կրնան տարբեր նիւթերով շինուիլ եւ տարբեր չափեր ունենալ, նոյնպէս զաւակները իրարմէ կը տարբերին։ Ուստի ծնողները պէտք է որոշեն իւրաքանչիւր զաւակ ինչպէ՛ս կրթել։ Իսրայէլի մէջ զոյգ մը, որոնք կրցան իրենց երկու զաւակներուն օգնել որ Եհովային ծառայեն, կ’ըսեն թէ ի՛նչը իրենց օգնեց. «Իւրաքանչիւր պզտիկի հետ Աստուածաշունչը առանձին սերտեցինք»։ Անշուշտ, ամէն ընտանիքի գլուխ ի՛նք պիտի որոշէ թէ զաւակներուն հետ այդ կերպով սերտելը անհրաժեշտ եւ կարելի՛ է կամ ոչ։

ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ

21. Ծնողները Եհովայէն ի՞նչ օգնութիւն կրնան ակնկալել։

21 Ծնողները երբեմն թերեւս զգան, որ շատ դժուար է իրենց զաւակներուն սորվեցնել, բայց զաւակները Եհովայի կողմէ պարգեւ են։ Եւ ան միշտ պատրաստ է ձեռք տալու։ Ան ծնողներուն աղօթքները մտիկ կ’ընէ եւ կը պատասխանէ՝ Աստուածաշունչին, սուրբգրային հրատարակութիւններուն եւ ժողովքին մէջ հասուն ծնողներու օրինակին ու խրատներուն միջոցաւ։

22. Ի՞նչ են լաւագոյն բաներէն ոմանք, որոնք ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն տալ։

22 Կ’ըսուի որ զաւակ մեծցնելը 20 տարուան յայտագիր է, բայց ծնողները բնա՛ւ չեն դադրիր ծնող ըլլալէ։ Սէրը, ժամանակն ու աստուածաշնչական կրթութիւնը լաւագոյն բաներէն են, որոնք ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն տալ։ Իւրաքանչիւր զաւակ տարբեր կերպով պիտի ընդառաջէ իրեն տրուած մարզումին։ Սակայն անոնցմէ շատեր, որոնք մեծցած են Եհովան սիրող ծնողներու կողմէ, կը զգան Ասիոյ մէջ ապրող Ճոաննա Մէյ անունով քրոջ պէս, որ ըսաւ. «Երբ վերյիշեմ այն մարզումը, որ ծնողներս ինծի տուին, շատ երախտապարտ կը զգամ, որ զիս կրթեցին եւ սորվեցուցին Եհովան սիրել։ Անոնք ոչ թէ պարզապէս ինծի կեանք տուին, հապա՝ իմաստալից կեանք» (Առ. 23։24, 25)։ Միլիոնաւոր քրիստոնեաներ նոյն կերպով կ’արտայայտուին։

ԵՐԳ 104 Գովաբանե՛նք Եահը

^ պարբ. 5 Ամուսնացած զոյգ մը պէ՞տք է զաւակներ բերեն։ Եթէ որոշեն զաւակ բերել, քանի՞ զաւակ պէտք է ունենան։ Եւ ինչպէ՞ս կրնան զաւակները մարզել, որ Եհովան սիրեն եւ անոր ծառայեն։ Յօդուածը արդի օրինակներ կու տայ եւ կը նշէ աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք կրնան օգնել այդ հարցումներուն պատասխանելու։

^ պարբ. 15 Տե՛ս նաեւ «Ընկերային ցանցերու ծուղակներէն զգուշացիր» յօդուածը, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ին յունիս 2018 թիւին մէջ։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Զոյգ մը կը քննարկէ զաւակներ բերե՛լ կամ ոչ, հաշուի առնելով թէ՛ ուրախութիւնները եւ թէ պարտաւորութիւնները։

^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հայրը տղուն հետ առանձին եւ մայրը աղջկան հետ առանձին կը սերտեն, քանի որ զաւակները տարբեր տարիքի են եւ տարբեր կարողութիւններ ունին։