ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 15
ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս
«Աստուծոյ մօտենալը» լաւ է մեզի
«Աստուծոյ մօտենալս բարի է [«լաւ է», ՆԱ] ինծի» (ՍԱՂ. 73։28)։
ՆԻՒԹ
Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային մօտենալ եւ ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք եթէ մօտենանք։
1-2. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք որ մէկու մը մօտիկ ըլլանք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
ՄՕՏԻԿ բարեկամ մը ունի՞ս։ Ի՞նչ ըրիր որ իրարու մօտիկ ըլլաք։ Հաւանաբար իրեն հետ ժամանակ անցուցիր եւ գիտցար թէ ի՛նչ դժուարութիւններէ անցած է եւ ի՛նչ բաներ կը սիրէ կամ չի սիրեր։ Նաեւ տեսար որ ան ի՛նչ աղուոր յատկութիւններ ունի, որոնք կրնաս դուն ալ ունենալ։ Այս բոլորը ձգեցին որ սիրես բարեկամդ։
2 Մէկու մը մօտիկ ըլլալը ժամանակ եւ ջանք կ’ուզէ։ Եհովա Աստուծո՛յ մօտիկ ըլլալն ալ ժամանակ ու ջանք կ’ուզէ։ Այս յօդուածին մէջ նախ պիտի տեսնենք որ ինչո՛ւ լաւ է որ մեր ամենամտերիմ բարեկամին՝ Եհովային՝ մօտենանք։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ Աստուծոյ մօտենալը ի՛նչ օգուտներ ունի եւ ինչպէ՛ս կրնանք իրեն մօտենալ։
3. Ինչո՞ւ պէտք է խոկանք Եհովային մօտենալու օգուտներուն վրայ. բացատրէ։
3 Կարեւոր է որ ուշադրութեամբ մտածենք, թէ Եհովային մօտենալը ինչո՛ւ լաւ է մեզի համար (Սաղ. 63։6-8) Բացատրենք։ Մենք գիտենք որ առողջապահական ճաշեր ուտելը, մարզանք ընելը, բաւարար չափով պառկիլն ու ջուր խմելը մեզի համար լաւ եւ օգտակար են։ Բայց շատեր ասոնց ուշադրութիւն չեն ըներ եւ ատոր համար շատ առողջ չեն։ Բայց ասոնց մասին ո՛րքան աւելի մտածենք, ա՛յնքան հաւանական է որ ասոնք ընենք։ Նոյնպէս, մենք գիտենք որ Եհովային մօտենալը լաւ է, բայց երբ ասոր օգուտներուն մասին ուշադրութեամբ մտածենք, պիտի ուզենք շարունակել իրեն մօտենալ (Սաղ. 119։27-30)։
4. Սաղմոս 73։28–ը գրողը ի՞նչ ըսաւ։
4 Կարդա՛ Սաղմոս 73։28։ Սաղմոս 73–ը գրողը Եհովային տաճարին մէջ ծառայող ղեւտացի երաժիշտ մըն էր։ Հաւանաբար, ան երկար տարիներ հաւատարմօրէն Եհովան պաշտած էր։ Բայց նոյն ատեն, ան գիտէր թէ կարեւոր էր որ ինքն իրեն եւ ուրիշներուն յիշեցնէր, թէ Աստուծոյ մօտենալը լաւ է թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իրենց։ Լաւ, Աստուծոյ մօտենալուն կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱԼԸ» Կ’ՈՒՐԱԽԱՑՆԷ ՄԵԶ
5. ա) Եհովային աւելի մօտենալը ինչո՞ւ կ’ուրախացնէ մեզ։ բ) Առակաց 2։6-16–ին հիման վրայ օրինակներ տուր, թէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ եղող իմաստութիւնը ինչպէ՛ս կ’օգնէ եւ կը պաշտպանէ քեզ։
5 Որքա՛ն աւելի մօտենանք Եհովային, այնքա՛ն աւելի ուրախ կ’ըլլանք (Սաղ. 65։4)։ Ինչո՞ւ։ Շատ մը պատճառներով։ Օրինակ, երբ Աստուծոյ Խօսքին ըսածները գործադրենք, իմաստուն կ’ըլլանք։ Եւ ասիկա ընելը մեզ կը պաշտպանէ վնասակար բաներէ, ինչպէս նաեւ մեզ ետ կը պահէ լուրջ մեղքեր գործելէ (կարդա՛ Առակաց 2։6-16)։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ» (Առ. 3։13)։
6. Ի՞նչը պատճառ եղաւ որ սաղմոս գրողը իր ուրախութիւնը կորսնցնէ։
6 Անշուշտ, նոյնիսկ Եհովային բարեկամները երբեմն տխուր կ’ըլլան։ Սաղմոս 73–ը գրողը իր ուրախութիւնը կորսնցուց, երբ սկսաւ իր շուրջը տեսած անարդարութիւններուն մասին մտածել։ Ան սկսաւ նեղանալ եւ նախանձիլ այն գէշ մարդոցմէ, որոնք թէեւ Աստուծոյ չէին հնազանդեր, բայց հանգիստ կեանք մը կ’ապրէին։ Ան կարծեց որ վայրագ եւ հպարտ մարդիկը իրենց ուզածնին կ’ունենան, աւելի առողջ են եւ նոյնիսկ չարչարանք չեն քաշեր (Սաղ. 73։3-7, 12)։ Ան ա՛յնքան նեղացաւ, որ տեղ մը հասաւ որ զգաց թէ Եհովային ծառայելը պարապ է։ Ան նեղութեան մէջ ըսաւ. «Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի» (Սաղ. 73։13)։
7. Երբ տխուր զգանք, ի՞նչ կրնանք ընել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
7 Սաղմոս գրողը չձգեց որ իր տխրութիւնը իր ձեռքը–ոտքը կապէ։ Ան քայլ մը առաւ։ Ան ‘Աստուծոյ սրբարանը մտաւ’, ուր Եհովան իր մտածելակերպը սրբագրեց (Սաղ. 73։17-19)։ Նոյնպէս, երբ տխուր զգանք, մեր ամենամտերիմ բարեկամը՝ Եհովան, գիտէ մեր զգացումները։ Եթէ իրմէ ուղղութիւն խնդրենք եւ ընդունինք իր Խօսքին մէջի խրատները, նաեւ եղբայրներուն ու քոյրերուն տուած օգնութիւնը, ոյժ պիտի ունենանք որ շարունակենք Եհովային ծառայել, նոյնիսկ երբ տխուր ենք։ Ուրեմն, Եհովան կրնա՛յ մեզ մխիթարել եւ հանդարտեցնել նոյնիսկ երբ մտահոգութիւններու մէջ ընկղմած ենք (Սաղ. 94։19) a։
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱԼԸ» ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԵՒ ՄԵԶԻ՝ ՅՈՅՍ
8. Աստուծոյ մօտենալը ուրիշ ո՞ր երկու կարեւոր կերպերով լաւ է մեզի։
8 Աստուծոյ մօտենալը ուրիշ երկու կարեւոր կերպերով ալ լաւ է մեզի։ Առաջին, ատիկա մեր կեանքին նպատակ կու տայ։ Երկրորդ, ատիկա ապագային նկատմամբ մեզի յոյս կու տայ (Եր. 29։11)։ Հիմա այս երկու օգուտները նկատի առնենք։
9. Աստուծոյ մօտենալը ինչպէ՞ս նպատակ կու տայ մեր կեանքին։
9 Աստուծոյ մօտենալը նպատակ կու տայ մեր կեանքին։ Այսօր, շատեր չեն հաւատար որ Աստուած կայ եւ կը կարծեն որ կեանքը իմաստ մը չունի եւ թէ մարդկային ցեղը ի վերջոյ պիտի բնաջնջուի։ Բայց մենք Սուրբ Գիրքը սերտելով համոզուած ենք, որ «Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբ. 11։6)։ Ոչ միայն ապագային, հապա նոյնիսկ հիմա՛ աւելի ուրախ կ’ապրինք, եթէ մեր երկնաւոր Հօրը ծառայենք, քանի որ մենք ստեղծուած ենք իրեն ծառայելու համար (Բ. Օր. 10։12, 13)։
10. Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ անոնց, որոնք իրեն կը վստահին (Սաղմոս 37։29)։
10 Շատեր իսկական յոյս մը չունին ապագային համար։ Անոնց համար կեանքը այս է. աշխատիլ, ընտանիք կազմել եւ դրամ մէկ կողմ դնել ծերութեան համար։ Անոնք գաղափար իսկ չունին, որ Աստուած ի՛նչ խոստացած է ապագային համար։ Բայց անդին, մենք մեր յոյսը իր վրայ կը դնենք (Սաղ. 25։3-5. Ա. Տիմ. 6։17)։ Մենք կը վստահինք մեր Աստուծոյն, որ մեր Բարեկամն է, եւ գիտենք որ ան իր խոստումները պիտի կատարէ։ Մենք ապագային շատ մը լաւ բաներ պիտի վայելենք, բայց ամենակարեւորը՝ յաւիտեան Եհովան պիտի պաշտենք Դրախտին մէջ (կարդա՛ Սաղմոս 37։29)։
11. Աստուծոյ մօտենալը ինչպէ՞ս կ’ազդէ թէ՛ մեզի եւ թէ՛ իրեն։
11 Աստուծոյ մօտենալը մեզի համար լաւ է ուրիշ շատ մը կերպերով։ Օրինակ, Եհովան կը խոստանայ մեր մեղքերը ներել, երբ զղջանք (Եսա. 1։18)։ Ասոր համար, պէտք չունինք միշտ մտահոգ ըլլալու անցեալին գործած մեր մեղքերուն համար (Սաղ. 32։1-5)։ Ասկէ զատ, երբ Աստուծոյ մօտենանք՝ ասիկա զինք կ’ուրախացնէ (Առ. 23։15)։ Անշուշտ, Եհովային մօտենալով շա՜տ մը ուրիշ օգուտներ ալ կրնանք վայելել։ Բայց, արդեօք ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել Աստուծոյ մօտենալ։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱԼ»
12. Աստուծոյ աւելի մօտենալու համար ի՞նչ բաներ ըրած ես։
12 Եթէ մկրտուած քրիստոնեայ մըն ես, դուն արդէն բաւական մօտեցած ես Եհովային։ Արդէն շատ ճշմարտութիւններ սորված ես Եհովային ու Յիսուսին մասին, մեղքերուդ համար զղջացած ես, Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ցոյց տուած ես եւ լաւագոյնդ ըրած ես որ իրեն հնազանդիս։ Բայց, որպէսզի աւելի մօտենաս Աստուծոյ, պէտք է շարունակես այս բաները ընել (Կող. 2։6)։
13. Ի՞նչ երեք բաներ կրնան մեզի օգնել, որ շարունակենք Եհովային մօտենալ։
13 Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն որ շարունակենք Աստուծոյ մօտենալ։ 1) Պէտք է շարունակենք Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ սերտել։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, մեր նպատակը միայն պէտք չէ ըլլայ Աստուծոյ մասին բաներ մը սորվիլ։ Հապա, պէտք է փորձենք Աստուծոյ մտածելակերպը հասկնալ եւ թէ ան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք եւ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ ապրինք (Եփ. 5։15-17)։ 2) Պէտք է մեր հաւատքը զօրացնենք, խոկալով թէ ան ի՛նչ շատ մը կերպերով մեզի հանդէպ սէր ցոյց կու տայ։ 3) Պէտք է շարունակենք ատել Եհովային ատած չար բաները, եւ հեռու կենալ այն անձերէն որ այդպիսի բաներ կ’ընեն (Սաղ. 1։1. 101։3)։
14. Ամէն օր ի՞նչ բաներ կրնանք ընել Եհովան ուրախացնելու համար (Ա. Կորնթացիս 10։31) (տե՛ս նաեւ նկարները)։
14 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։31։ Կարեւոր է որ ընենք այն բաները որոնք Եհովան կ’ուրախացնեն։ Բայց քարոզելէն եւ ժողովներու երթալէն աւելին պէտք է ընենք։ Մեր ըրած առօրեայ բաները պէտք է Եհովան ուրախացնեն։ Օրինակ, երբ ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլանք եւ ուրիշներուն հանդէպ առատաձեռնութեամբ վարուինք, Եհովան կ’ուրախացնենք (Բ. Կոր. 8։21. 9։7)։ Աստուած նաեւ կ’ուզէ որ ցոյց տանք, թէ մենք շատ կը գնահատենք մեզի տուած իր նուէրը՝ կեանքը։ Մեզի կեանք Տուողին աւելի կը մօտենանք, երբ չափաւոր կերպով կ’ուտենք ու կը խմենք եւ շատ մը ուրիշ կերպերով մեր առողջութեան հոգ կը տանինք։ Երբ Եհովան կը տեսնէ որ մենք կը փորձենք ամէն պզտիկ բանի մէջ ուրախացնել զինք, ան մեզ ա՛լ աւելի կը սիրէ (Ղուկ. 16։10)։
15. Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ուրիշներուն հետ ինչպէ՞ս վարուինք։
15 Եհովան ազնուութեամբ կը վարուի թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն հետ (Մատ. 5։45)։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ նոյն կերպով վարուինք։ Օրինակ, պէտք է որ ‘մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընենք, կռուարար չըլլանք, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնենք’ (Տիտ. 3։2)։ Ուրեմն, նոյնիսկ երբ մարդիկ Եհովային չեն հաւատար, ցած աչքով չենք նայիր անոնց (Բ. Տիմ. 2։23-25)։ Երբ ուրիշներուն հետ միշտ ազնուութեամբ կը վարուինք, ա՛լ աւելի կը մօտենանք Եհովային։
ԿՐՆԱ՛ՆՔ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱԼ» ՆՈՅՆԻՍԿ ԵՐԲ ՍԽԱԼԻՆՔ
16. Ժամանակ մը ետք, 73–րդ սաղմոսը գրողը ի՞նչ զգաց։
16 Լաւ, ի՞նչ կրնաս ընել եթէ ատեններ կը զգաս որ արժանի չես որ Եհովան քեզ սիրէ։ Ինչպէս որ տեսանք, 73–րդ սաղմոսը գրողն ալ այսպիսի զգացումներ ունեցաւ։ Ան ըսաւ. «Քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին» (Սաղ. 73։2)։ Ան ինքն իր մասին խոստովանեցաւ որ «յիմար» էր եւ «անասուններու պէս» առանց մտածելու կը վարուէր (Սաղ. 73։21, 22)։ Բայց արդեօք ան զգա՞ց որ իրմէ յոյս չկայ եւ ինք արժանի չէ որ Եհովան զինք սիրէ։
17. ա) Նոյնիսկ երբ սաղմոսը գրողին հոգեկանը գետինն էր, ան ի՞նչ ըրաւ։ բ) Իր փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք (տե՛ս նաեւ նկարները)։
17 Նոյնիսկ եթէ այս սաղմոսը գրողը զգաց որ Եհովան այլեւս իր երեսին պիտի չնայի, ասիկա ժամանակաւոր էր։ Այնպէս կ’երեւի թէ, երբ իր հոգեկանը գետինն էր, ան պէտքը զգաց որ Եհովային աւելի մօտենայ, ինչպէս որ իր խօսքերը յստակ կը դարձնեն. «Սակայն ես միշտ քեզի հետ եմ [Եհովա], դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։ Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս» (Սաղ. 73։23, 24)։ Երբ մենք ալ զգանք որ հոգեւորապէս տկար ենք եւ մեր սխալներուն ծանրութեան տակ թաղուած ենք, պէտք է Եհովայէն զօրութիւն խնդրենք (Սաղ. 73։26. 94։18)։ Նոյնիսկ եթէ ժամանակաւորապէս սխալ ճամբայ գացած ըլլանք, կրնա՛նք Եհովային վերադառնալ՝ վստահ ըլլալով որ ան պատրաստ է ներելու (Սաղ. 86։5)։ Մենք պէտք է շարունակենք Եհովային աւելի մօտենալ, մանաւանդ երբ մեր հոգեկանը գետինը ըլլայ (Սաղ. 103։13, 14)։
ՅԱՒԻՏԵԱՆ «ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԵՆԱԼ»
18. Ինչո՞ւ կրնանք յաւիտեան մօտենալ Եհովային։
18 Որքա՛ն ալ Եհովան ճանչնանք, տակաւին կրնանք ա՛լ աւելի զինք ճանչնալ եւ ա՛լ աւելի իրեն մօտենալ։ Ինչո՞ւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Եհովային ճամբաները, իմաստութիւնը եւ գիտութիւնը «անզննելի» են (Հռով. 11։33)։
19. 73–րդ սաղմոսը ի՞նչ կ’ըսէ ապագային մասին։
19 Սաղմոս 79։13–ը կ’ըսէ. «Մենք քու ժողովուրդդ ու քու արօտիդ ոչխարները, յաւիտեան քեզ պիտի գովենք ու քու փառքդ պիտի պատմենք սերունդէ սերունդ»։ Մինչ կը շարունակես Եհովային աւելի մօտենալ, դո՛ւն ալ կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան յաւիտեան պիտի օրհնէ քեզ, եւ կրնաս համոզումով ըսել. «Աստուած իմ սրտիս զօրութիւնը ու իմ բաժինս է յաւիտեան» (Սաղ. 73։26)։
ԵՐԳ 27 Եհովայի կողմը դիրք բռնէ
a Եթէ մէկը երկար ժամանակէ ի վեր մտահոգ եւ տխուր կը զգայ, թերեւս պէտք ունի մասնագէտ բժիշկ մը տեսնելու։ Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս Դիտարան 2023–ի թիւ 1–ը (արաբ.)։