Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 15

‘Օրինակ եղիր խօսքովդ’

‘Օրինակ եղիր խօսքովդ’

«Դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով» (Ա. ՏԻՄ. 4։12

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մարդ արարածը ինչպէ՞ս խօսելու կարողութիւն ունեցաւ։

 ԽՕՍԵԼՈՒ մեր կարողութիւնը մեր սիրալիր Աստուծմէ նուէր մըն է։ Առաջին մարդը՝ Ադամ, իր ստեղծուելէն անմիջապէս ետք կրցաւ խօսիլ իր երկնաւոր Հօր հետ։ Ան նաեւ կրցաւ նոր բառեր կազմել։ Այսպէս, ան բոլոր անասուններուն անուններ տուաւ (Ծն. 2։19)։ Եւ շա՜տ ուրախ ըլլալու էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով խօսեցաւ իր գեղեցիկ կնոջ՝ Եւայի, հետ (Ծն. 2։22, 23

2. Խօսելու կարողութիւնը ինչպէ՞ս սխալ գործածուած է՝ անցեալին եւ ներկայիս։

2 Շատ չանցած, խօսելու կարողութիւնը սկսաւ սխալ գործածուիլ։ Սատանան Եւային սուտ խօսեցաւ, եւ այդ սուտին պատճառով մեղքն ու անկատարութիւնը մէջտեղ եկան (Ծն. 3։1-4)։ Ադամ իր լեզուն սխալ գործածեց, երբ իր սխալներուն համար մեղադրեց Եւան եւ նոյնիսկ Եհովան (Ծն. 3։12)։ Կայէնը Եհովային սուտ խօսեցաւ, Աբէլը մեռցնելէ ետք (Ծն. 4։9)։ Յետագային, Կայէնի սերունդէն եղող Ղամէքը բանաստեղծութիւն մը գրեց, որ ցոյց տուաւ թէ ի՜նչ վայրագ ժամանակներու մէջ կ’ապրէր (Ծն. 4։23, 24)։ Իսկ ներկայիս, կարգ մը քաղաքագէտներ մարդոց առջեւ բացէ ի բաց կը հայհոյեն։ Դժուար է գտնել ֆիլմ մը, որուն մէջ գէշ խօսքեր չկան։ Աշակերտները աղտոտ խօսքեր կը լսեն դպրոցը, իսկ մեծերը՝ գործատեղը։ Այն իրողութիւնը, որ աղտոտ լեզուն շատ սովորական դարձած է, ցոյց կու տայ թէ այս աշխարհը բարոյական գետնի վրայ ո՛ւր հասած է։

3. Ի՞նչ վտանգէ պէտք է զգուշանանք, եւ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք գէշ լեզու լսելուն այնքա՛ն վարժուիլ, որ կը սկսինք զայն գործածել։ Անշուշտ, քրիստոնեաներ ըլլալով՝ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել ու բնա՛ւ աղտոտ լեզու չգործածել։ Կ’ուզենք խօսելու պարգեւը լաւ գործածել, մեր Աստուածը փառաբանելով։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ այդ մէկը ինչպէ՛ս կրնանք ընել 1) ծառայութեան մէջ, 2) ժողովներուն մէջ, եւ 3) մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ։ Բայց նա՛խ նկատի առնենք, թէ մեր խօսակցութիւնը Եհովայի համար ինչո՛ւ կարեւոր է։

ՄԵՐ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Խօսքերդ ի՞նչ կը յայտնեն սրտիդ մէջ եղածին մասին (տե՛ս պարբ. 4-5) *

4. Մաղաքիա 3։16–ի համաձայն, մեր խօսակցութիւնը ինչո՞ւ Եհովայի համար կարեւոր է։

4 Կարդա՛ Մաղաքիա 3։16։ Քու կարծիքովդ, պատճառներէն մէկը ի՞նչ է, որուն համար Եհովան «յիշատակի գիրք»ին մէջ կը գրէ անոնց անունները, որոնց խօսակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ իրմէ կը վախնան եւ իր անուան վրայ կը մտածեն։ Մեր խօսակցութիւնը մեր սրտին մէջինը կը յայտնէ։ Յիսուս ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատ. 12։34)։ Այն նիւթը, որուն մասին կ’ընտրենք խօսիլ, ցոյց կու տայ թէ Եհովան որչա՛փ կը սիրենք։ Եւ Եհովան կ’ուզէ, որ բոլոր զինք սիրողները կեանքը վայելեն յաւիտեան՝ նոր աշխարհին մէջ։

5. ա) Մեր պաշտամունքը ինչպէ՞ս կապ ունի մեր խօսածին հետ։ բ) Ինչպէս որ նկարը ցոյց կու տայ, մեր խօսելակերպին նկատմամբ, ի՞նչ բանի պէտք է գիտակից ըլլանք։

5 Մեր խօսելակերպը կրնայ որոշել, թէ Եհովան մեր պաշտամունքը պիտի ընդունի՛ կամ ոչ (Յակ. 1։26)։ Աստուած չսիրողներէն ոմանք բարկութեամբ, կոշտութեամբ եւ հպարտութեամբ կը խօսին (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Վստահաբար, մենք չենք ուզեր անոնց պէս ըլլալ, հապա կ’ուզենք մեր խօսելակերպով Եհովան հաճեցնել։ Բայց ան մեզի պիտի հաճի՞, եթէ ժողովներուն մէջ կամ ծառայութեան ընթացքին ազնուօրէն խօսինք, իսկ ընտանիքի անդամներուն հետ կոշտօրէն ու վիրաւորական կերպով խօսինք, երբ ուրիշներ մեզ չեն տեսներ ու մեզ չեն լսեր (Ա. Պետ. 3։7

6. Քիմպըրլիի լաւ խօսելակերպը ի՞նչ արդիւնք տուաւ։

6 Երբ մեր խօսելու կարողութիւնը լաւ կերպով կը գործածենք, ուրիշներուն ցոյց կու տանք, որ Եհովայի ծառաներն ենք։ Այդպէս ընելով, անոնց կ’օգնենք որ յստակօրէն տեսնեն «Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը» (Մաղ. 3։18)։ Նկատի առ Քիմպըրլի անունով քրոջ մը փորձառութիւնը *։ Անոր ըսուեցաւ, որ դասընկերուհիի մը հետ դպրոցական պարտականութիւն մը կատարէ։ Երբ միասին աշխատեցան, դասընկերուհին նկատեց որ Քիմպըրլին միւս աշակերտներէն տարբեր էր։ Ան ուրիշները չէր քննադատեր, լաւ բաներու մասին կը խօսէր եւ չէր հայհոյեր։ Դասընկերուհին ասով տպաւորուեցաւ, եւ ետքը ընդունեց Աստուածաշունչը սերտել։ Եհովան կ’ուրախանայ երբ կը խօսինք կերպով մը, որ կը ձգէ որ մարդիկ ուզեն իր մասին սորվիլ։

7. Ինչպէ՞ս կ’ուզես գործածել Աստուծոյ տուած խօսելու նուէրը։

7 Բոլորս կ’ուզենք, որ մեր խօսելակերպը Եհովային փառք բերէ եւ մեզ աւելի մօտեցնէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Այժմ նկատի առնենք կարգ մը գործնական կերպեր, որոնցմով կրնանք շարունակել ‘օրինակ ըլլալ խօսքով’։

ՕՐԻՆԱԿ ԵՂԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Եհովան կ’ուրախանայ, երբ ծառայութեան մէջ ազնուութեամբ կը խօսինք (տե՛ս պարբ. 8-9)

8. Յիսուս ինչպիսի՞ օրինակ ձգեց մեզի։

8 Խօսէ ազնուութեամբ եւ յարգանքով, երբ մէկը քեզ ջղայնացնէ։ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին, իր մասին ըսին որ գինեմոլ է, շատակեր է, Սատանայի ուժով դեւեր կը հանէ, Շաբաթի օրէնքը կը կտրէ եւ նոյնիսկ Աստուծոյ կը հայհոյէ (Մատ. 11։19. 26։65. Ղուկ. 11։15. Յովհ. 9։16)։ Բայց Յիսուս բարկանալով չպատասխանեց։ Իրեն պէս, բնա՛ւ բարկանալով չպատասխանենք, երբ մեզի հետ կոշտութեամբ կը խօսին (Ա. Պետ. 2։21-23)։ Անշուշտ, այսպիսի ինքնազսպում ցոյց տալը դիւրին չէ (Յակ. 3։2)։ Ի՞նչը կրնայ օգնել։

9. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ, որ մեր լեզուն զսպենք ծառայութեան մէջ։

9 Փորձէ չկեդրոնանալ տանտէրին ժխտական խօսքերուն վրայ։ Սէմ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Կը ջանամ մտածել, թէ անհատը որքա՜ն պէտք ունի, որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը լսէ, եւ ի մտի կ’ունենամ թէ ան կրնա՛յ փոխուիլ»։ Երբեմն տանտէրը կը բարկանայ, պարզապէս քանի որ անյարմար ժամանակին եկանք։ Այսպիսի պարագաներու, կրնանք ընել ի՛նչ որ Լուսիա անունով քոյր մը կ’ընէ. կարճ աղօթքով կրնանք Եհովայէն խնդրել, որ մեզի օգնէ որ հանդարտ մնանք ու որեւէ անյարգալից բան չըսենք։

10. Ա. Տիմոթէոս 4։13–ի համաձայն, ի՞նչ նպատակակէտ պէտք է ունենանք։

10 Աւելի լաւ ուսուցիչ եղիր։ Տիմոթէոս փորձառու քարոզիչ մըն էր, բայց նոյնիսկ ինք պէտք ունէր որ շարունակէր սորվեցնելու իր կերպը բարելաւել (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։13)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան մէջ վարպետ ուսուցիչներ ըլլալ։ Պէտք է լաւ նախապատրաստուինք։ Մենք շատ գործիքներ ունինք, որոնք կրնան մեզի օգնել։ Օգտակար տեղեկութիւններ կրնաս գտնել Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկին մէջ եւ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր–ի «Դաշտի ծառայութեան մէջ ժրաջան եղիր» բաժինին մէջ։ Ջանք կը թափե՞ս որ ատոնցմէ օգտուիս։ Երբ լաւ կը նախապատրաստուինք, նուազ ջղագրգիռ կ’ըլլանք եւ աւելի վստահութեամբ կը խօսինք։

11. Ոմանք ինչպէ՞ս աւելի լաւ ուսուցիչներ եղած են։

11 Կրնանք նաեւ աւելի լաւ ուսուցիչներ ըլլալ՝ ժողովքին մէջ ուրիշներէ սորվելով։ Նախապէս յիշուած Սէմը նկատի կ’առնէ, թէ ինչո՛ւ կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր լաւ սորվեցնողներ են։ Ան անոնց մեթոտները կը սերտէ, եւ ետքը կը փորձէ զանոնք ընդօրինակել։ Իսկ Թալիա անունով քոյր մը կը կեդրոնանայ այն կերպին վրայ, որով փորձառու դասախօսները իրենց դասախօսութիւնները կը ներկայացնեն։ Այդպէս ընելով, ան սորված է ինչպէ՛ս խօսիլ այն նիւթերուն մասին, որոնք ծառայութեան մէջ յաճախ կը բացուին։

ՕՐԻՆԱԿ ԵՂԻՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ժողովներուն մէջ սրտանց երգելով Եհովան կը փառաբանենք (տե՛ս պարբ. 12-13)

12. Ոմանց համար ի՞նչ բան դժուար է։

12 Բոլորս կրնանք ժողովներուն մասնակցիլ, միասնաբար երգելով եւ լաւ պատրաստուած պատասխաններ տալով (Սաղ. 22։22)։ Ոմանց համար դժուար է մարդոց առջեւ երգել կամ պատասխան տալ։ Եթէ պարագադ այդպէս է, վստահաբար պիտի օգտուիս, գիտնալով թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս իրենց վախերը յաղթահարած են։

13. Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ սրտանց երգես ժողովներուն մէջ։

13 Սրտանց երգէ։ Ժողովի ընթացքին երգելու մեր գլխաւոր պատճառը այն է, որ կ’ուզենք Եհովան փառաբանել։ Սառա անունով քոյր մը կը սեպէ, որ ինք լաւ երգող մը չէ։ Ասով հանդերձ, ան կ’ուզէ երգերով Եհովան փառաբանել։ Այս նպատակով, ան երգերը կը պատրաստէ, ինչպէս որ ժողովներուն նիւթերը կը պատրաստէ։ Ան երգերը փորձ կ’ընէ, եւ կը ջանայ գիտնալ թէ ինչպէ՛ս երգին բառերը կապ ունին ժողովի նիւթերուն հետ։ Ան կ’ըսէ. «Ասիկա ինծի կ’օգնէ, որ կեդրոնանամ բառերուն վրայ եւ ոչ թէ երգելու կարողութեանս վրայ»։

14. Եթէ ամչկոտ ես, ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ ժողովներուն մէջ պատասխան տաս։

14 Ժողովներուն մէջ կանոնաւորաբար պատասխան տուր։ Ոմանց համար ասիկա շատ դժուար է։ Նախապէս յիշուած Թալիան կ’ըսէ. «Շատ կը վախնամ, երբ մարդոց առջեւ պէտք է խօսիմ, թէեւ մէկը ատիկա չի նկատեր, քանի որ ձայնս զիս չի մատներ»։ Հակառակ իր դժուար վիճակին, ան ետ չի կենար պատասխան տալէ։ Երբ ժողովի նիւթերը կը պատրաստէ, իր միտքը կը պահէ, որ հարցումի մը առաջին պատասխանը պէտք է ըլլայ կարճ եւ ուղղակի։ Ան կ’ըսէ. «Կը հասկնամ, որ խնդիր չէ եթէ պատասխանս կարճ, պարզ եւ ուղղակի ըլլայ, քանի որ վարողը արդէն այդպիսի պատասխան կ’ակնկալէ»։

15. Ժողովին մէջ պատասխաններ տալու նկատմամբ, ի՞նչ պէտք է յիշենք։

15 Նոյնիսկ անոնք որոնք ամչկոտ չեն, ատեններ ետ կը կենան պատասխաններ տալէ։ Ինչո՞ւ։ Ժիւլիէթ անունով քոյր մը կը բացատրէ. «Երբեմն պատասխան չեմ տար, քանի որ կը վախնամ որ ըսելիքս շատ պարզ է ու պէտք եղածին պէս լաւ չէ»։ Սակայն, յիշէ որ Եհովան կ’ուզէ, որ մեր կարողութեան համաձայն մեր լաւագոյն պատասխանը տանք *։ Ան մեծապէս կը գնահատէ, երբ կը վճռենք զինք փառաբանել ժողովներուն մէջ, հակառակ անոր որ երբեմն ջղագրգիռ կ’ըլլանք։

ՕՐԻՆԱԿ ԵՂԻՐ ԱՌՕՐԵԱՅ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

16. Ի՞նչ տեսակ խօսելակերպէ պէտք է զգուշանանք։

16 Վիրաւորական խօսքեր մի՛ ըսեր (Եփ. 4։31)։ Ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, քրիստոնեային բերնէն հայհոյանք պէտք չէ ելլէ։ Բայց կան վիրաւորական խօսքեր ըսելու աննկատ կերպեր, որոնցմէ պէտք է զգուշանանք։ Օրինակ, պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ անարգական բաներ չըսենք ուրիշ մշակոյթի մը, ցեղի մը կամ ազգութեան մը մասին։ Նաեւ չենք ուզեր կծու խօսքերով ուրիշները ցաւցնել։ Եղբայր մը կը խոստովանի. «Ատեններ կ’ըսէի բաներ, որ կը կարծէի թէ խնդալիք ու անմեղ էին, բայց իրականութեան մէջ ուրիշներու զգացումները կը վիրաւորէին։ Բայց տարիներու ընթացքին, կինս բաւական ինծի օգնած է, երբ առանձին եղած ատեն ուշադրութեանս յանձնած է անհամ եւ վիրաւորական խօսքերս, որոնք զինք եւ ուրիշները նեղացուցած են»։

17. Եփեսացիս 4։29–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները քաջալերել։

17 Խօսելակերպովդ ուրիշները քաջալերէ։ Արագ եղիր գովելու մէջ եւ ոչ թէ քննադատելու կամ գանգատելու մէջ (կարդա՛ Եփեսացիս 4։29)։ Իսրայէլացիները շնորհակալ ըլլալու շատ պատճառներ ունէին, բայց յաճախ գանգատեցան։ Միշտ գանգատիլը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ուրիշներն ալ սկսին գանգատիլ։ Միտքդ բեր, թէ ինչպէ՛ս տասը լրտեսներուն ժխտական խօսքերուն պատճառաւ, «իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ» (Թւ. 13։31–14։4)։ Միւս կողմէ, գովելը կրնայ ուրիշները ուրախացնել։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յեփթայէի աղջիկը մեծապէս քաջալերուեցաւ որ իր նշանակումին մէջ մնար, քանի որ իր ընկերուհիները զինք կը գովէին (Դատ. 11։40, ՆԱ)։ Նախապէս յիշուած Սառան կ’ըսէ. «Երբ կը գովենք, ուրիշներուն կը զգացնենք, որ Եհովայի կողմէ սիրուած են եւ իր կազմակերպութեան մէջ տեղ ունին»։ Ուրեմն, առիթներ փնտռէ, որպէսզի անկեղծօրէն գովես եղբայրներդ ու քոյրերդ։

18. Սաղմոս 15։1, 2–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է ճշմարտութիւնը խօսինք, եւ ինչպէ՞ս։

18 Ճշմարտութիւնը խօսէ։ Չենք կրնար Եհովան հաճեցնել, եթէ ճշմարտութիւնը չենք խօսիր, քանի որ ան ամէն տեսակ ստութիւն կ’ատէ (Առ. 6։16, 17)։ Թէեւ այսօր սուտը մարդոց բերնէն բնականաբար կ’ելլէ, բայց մենք կ’ուզենք այս հարցին շուրջ Եհովայի տեսակէտին հետեւիլ (կարդա՛ Սաղմոս 15։1, 2)։ Անշուշտ, ուղղակի սուտեր չենք ըսեր, բայց նաեւ զգոյշ կ’ըլլանք, որ դիտմամբ չձգենք որ ուրիշներ սխալ տպաւորութիւն առնեն մեր ըսածէն։

Երբ բամբասանքը փոխենք դրական խօսակցութեան, Եհովայի հաճութիւնը կը շահինք (տե՛ս պարբ. 19)

19. Ուրիշ ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։

19 Մի՛ բամբասեր (Առ. 25։23. Բ. Թես. 3։11)։ Նախապէս յիշուած Ժիւլիէթը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս բամբասանքը իրեն կ’ազդէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ բամբասանքին ականջ կու տամ, կ’ընկճուիմ, եւ պատճառ կ’ըլլայ որ բամբասողին հանդէպ վստահութիւնս կորսնցնեմ։ Եթէ ան ուրիշի մասին կը բամբասէ ինծի, կրնայ ետքը իմ մասիս բամբասել ուրիշին»։ Եթէ նկատես, թէ խօսակցութիւն մը սկսաւ բամբասանքի վերածուիլ, ջանք ըրէ որ նիւթը փոխես եւ խօսիս շինիչ բանի մը մասին (Կող. 4։6

20. Ինչպէ՞ս կ’ուզես խօսելու կարողութիւնդ գործածել։

20 Որովհետեւ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր անվայել խօսելակերպը տարածուած է, պէտք է շատ ջանք թափենք, որ մեր խօսելակերպը միշտ Եհովային հաճելի ըլլայ։ Յիշէ որ խօսելու կարողութիւնը Եհովայի կողմէ նուէր է եւ իրեն համար կարեւոր է, թէ զայն ինչպէ՛ս կը գործածենք։ Ան պիտի օրհնէ մեր ջանքերը, որ մեր լեզուն լաւ կերպով գործածենք՝ ծառայութեան մէջ, ժողովներուն մէջ եւ մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ։ Երբ Եհովան այս չար աշխարհը մէջտեղէն վերցնէ, շա՜տ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ մեր խօսելակերպով Եհովան պատուել (Յդ. 15)։ Մինչ այդ, վճռէ Եհովան հաճեցնել ‘բերնիդ խօսքերով’ (Սաղ. 19։14

ԵՐԳ 83 Պէտք է ժուժկալ ըլլանք

^ պարբ. 5 Եհովան մեզի հիանալի նուէր մը տուած է՝ խօսելու կարողութիւնը։ Ցաւօք սրտի, շատեր այդ կարողութիւնը Եհովայի ուզած կերպով չեն գործածեր։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ այս չար աշխարհին մէջ մեր խօսակցութիւնը շինիչ ըլլայ եւ Եհովան հաճեցնէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր խօսելակերպով Եհովան հաճեցնել, երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, երբ ժողովներուն ներկայ ենք եւ երբ ուրիշներու հետ կը խօսակցինք։ Յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

^ պարբ. 6 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 15 Ժողովին մէջ պատասխաններ տալու մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս «Ժողովքին մէջ Եհովան գովէ» յօդուածը, Դիտարան–ի յունուար 2019 թիւին մէջ։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը կոշտօրէն կը պատասխանէ բարկացած տանտէրի մը. եղբայր մը ժողովին մէջ երգեցողութեան չի մասնակցիր. եւ քոյր մը կը բամբասէ։