Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնանք մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել

Ինչպէ՞ս կրնանք մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել

ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ կրնայ մեզ շատ ճնշել (Առ. 12։25)։ Արդեօք զգացա՞ծ ես, որ մտահոգութեան պատճառով կը խեղդուիս։ Ատեններ կը զգա՞ս որ այլեւս պիտի ճայթիս։ Եթէ այո, առանձին չես։ Մեզմէ շատեր հիւանդի մը հոգ կը տանին, սիրելի մը կորսնցուցած են, բնական աղէտէ մը տուժած են կամ ուրիշ նեղացուցիչ պարագայէ մը անցած են։ Այդպիսի պարագաներ մեզ ֆիզիքապէս, մտային գետնի վրայ եւ զգացականօրէն կը սպառեն։ Լաւ, ի՞նչը մեզի կրնայ օգնել, որ մտահոգութեան դիմանանք *։

Մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու նկատմամբ շատ բան կրնանք սորվիլ, նկատի առնելով Դաւիթ թագաւորին օրինակը։ Ան շատ դժուար պարագաներ ունեցաւ եւ ատեններ նոյնիսկ իր կեանքը վտանգի տակ էր (Ա. Թագ. 17։34, 35. 18։10, 11)։ Ան ինչպէ՞ս կրցաւ մտահոգութեան դիմանալ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

ԴԱՒԻԹ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՑԱՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

Դաւիթ միեւնոյն ժամանակ քանի մը խնդիրներ կ’ունենար։ Օրինակ, նկատի առ թէ իրեն հետ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Սաւուղ թագաւոր զինք կը հալածէր։ Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը զինուորական արշաւէ մը Սիկելակ վերադարձան, անակնկալի եկան՝ տեսնելով որ թշնամիները իրենց ստացուածքները գողցած էին, իրենց տուները այրած էին եւ իրենց ընտանիքները գերի տարած էին։ Դաւիթ ինչպէ՞ս հակազդեց։ «Դաւիթ ու իրեն հետ եղող ժողովուրդը ձայներնին վերցուցին ու այնքան լացին, մինչեւ որ իրենց վրայ ոյժ չմնաց»։ Ատիկա չէր բաւեր, իր վստահելի մարդիկը մտածեցին զինք քարկոծել (Ա. Թագ. 30։1-6)։ Դաւիթ երեք լուրջ խնդիրներու առջեւ էր. իր ընտանիքը վտանգի մէջ էր, իր մարդիկը կը մտածէին զինք մեռցնել եւ Սաւուղ թագաւոր զինք կը հալածէր մեռցնելու նպատակով։ Երեւակայէ թէ Դաւիթ որքա՜ն մտահոգուած էր։

Ետքը Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ։ Ան անմիջապէս «իր Տէր Աստուծմով զօրացաւ»։ Թերեւս ի՞նչը իրեն օգնեց։ Անոր սովորութիւնն էր՝ աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրել եւ մտածել այն անցեալի դէպքերուն մասին, երբ Եհովան իրեն օգնեց (Ա. Թագ. 17։37. Սաղ. 18։2, 6)։ Գիտնալով որ Եհովայի ուղղութեան պէտք ունի, ան Եհովային հարցուց թէ ի՛նչ պէտք է ընէ։ Եհովայի ուղղութիւնը ստանալէ ետք, ան անմիջապէս գործի անցաւ։ Եւ ան եւ իր մարդիկը Եհովայի կողմէ օրհնուեցան ու կրցան իրենց ընտանիքներն ու ստացուածքները վերադարձնել (Ա. Թագ. 30։7-9, 18, 19)։ Նկատեցի՞ր թէ Դաւիթ ի՛նչ երեք քայլեր առաւ։ Ան աղօթեց Եհովայի օգնութեան համար, խոկաց թէ անցեալին Եհովան իրեն համար ի՛նչ ըրած էր եւ Եհովայի ուղղութեան հետեւելով գործի անցաւ։ Ինչպէ՞ս կրնանք Դաւիթը ընդօրինակել։ Նկատի առնենք երեք կերպեր։

ԴԱՒԻԹԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ ԵՐԲ ԿԸ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՍ

1. Աղօթէ։ Որեւէ ատեն երբ կը սկսինք մտահոգուիլ, կրնանք աղօթքով Եհովայէն խնդրել օգնութիւն եւ իմաստութիւն։ Կրնանք հանգստանալ՝ երկար աղօթելով եւ մեր սիրտը իրեն բանալով։ Կամ ըստ պարագային, կրնանք մեր մտքէն կարճ աղօթք մը ընել։ Ամէն անգամ որ Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրենք, ցոյց կու տանք որ Դաւիթին վստահութիւնը ունինք, որ ըսաւ. «Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ» (Սաղ. 18։2Աղօթքը իրապէս կ’օգնէ՞։ Քալիա անունով ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Աղօթելէ ետք, վրաս խաղաղութիւն կու գայ։ Աղօթքը ինծի կ’օգնէ որ Եհովային պէս մտածեմ ու իրեն աւելի վստահիմ»։ Իսկապէս աղօթքը Եհովային կողմէ նուէր մըն է, որ մեզի կ’օգնէ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու։

2. Խոկա՛։ Կեանքդ աչքէ անցընելով, կրնա՞ս յիշել դժուարութիւններ, որոնց կրցար տոկալ միայն Եհովայի օգնութեամբ։ Երբ կը խոկանք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի եւ իր անցեալի ծառաներուն օգնած է, աւելի խաղաղութիւն կ’ունենանք եւ իրեն աւելի կը վստահինք (Սաղ. 18։17-19)։ Ճոշուա անունով երէց մը կ’ըսէ. «Պատասխանուած աղօթքներուս ցանկ մը ունիմ։ Ատիկա ինծի օգնած է, որ յիշեմ այն դէպքերը, երբ Եհովայէն մասնայատուկ բան մը խնդրեցի, եւ ան ինծի տուաւ ճիշդ այն ինչ որ պէտք ունէի»։ Այո, երբ կը մտածենք թէ Եհովան անցեալին որքա՛ն յաճախ մեզի օգնած է, պէտք եղած զօրութիւնը կը գտնենք մտահոգութեան դէմ պայքարելու։

3. Գործի անցիր։ Գիտնալու համար թէ պարագայի մը մէջ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք, կրնանք Աստուծոյ Խօսքին դիմել՝ ամէնէն վստահելի առաջնորդութիւնը ստանալու համար (Սաղ. 19։7, 11)։ Շատեր տեսած են որ երբ համարի մը շուրջ փնտռտուք ընեն, աւելի լաւ կը հասկնան թէ այդ համարը ինչպէ՛ս կրնայ կապ ունենալ իրենց հետ։ Ճէռըտ անունով երէց մը կը բացատրէ. «Փնտռտուք ընելը ինծի կ’օգնէ, որ համար մը տարբեր անկիւններէ դիտեմ եւ հասկնամ, թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ ինծի ըսել։ Ասիկա սրտիս կը դպչի եւ կը մղուիմ իր առաջնորդութեան հետեւելու»։ Երբ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ Եհովայի ուղղութիւնը կը փնտռենք եւ այդ ուղղութեան կը հետեւինք, մեզի համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել։

ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ՏՈԿԱԼՈՒ

Դաւիթ հասկցաւ որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու համար, Եհովայի օգնութեան պէտք ունէր։ Ան Եհովայի օգնութիւնը այնքա՛ն գնահատեց, որ մղուեցաւ ըսելու. «Իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ։ Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ» (Սաղ. 18։29, 32)։ Մեր խնդիրները թերեւս պարիսպի մը պէս ըլլան մեր առջեւ։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ կրնանք անոնց վրայէն ցատկել։ Այո, երբ օգնութեան համար Եհովային կ’աղօթենք, մեզի համար իր բոլոր ըրածներուն վրայ կը խոկանք եւ իր տուած ուղղութեան համաձայն գործի կ’անցնինք, կրնա՛նք վստահ ըլլալ, որ մեզի պէտք եղած զօրութիւնը եւ իմաստութիւնը պիտի տայ, որպէսզի մեր մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլենք։

^ պարբ. 2 Այն անհատը, որ լուրջ մտահոգութիւն ունի, թերեւս բժիշկի օգնութեան պէտք ունենայ։