ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Հիմա կը սիրե՛մ ծառայութիւնը»
ՄԵԾՑԱՅ Նոր Զելանտայի Պալքլութա գիւղաքաղաքին մէջ։ Երբ պզտիկ էի, Եհովային մօտիկ կը զգայի եւ կը սիրէի ճշմարտութեան մէջ ըլլալը։ Ժողովներու երթալը բնաւ պարտականութիւն չէի նկատեր, եւ ժողովքին մէջ ապահով եւ ուրախ կը զգայի։ Թէեւ ամչկոտ էի, բայց կը սիրէի ամէն շաբաթ ծառայութեան ելլել։ Չէի քաշուեր դասընկերներուս եւ ուրիշներու քարոզելու։ Հպարտ էի, որ Եհովայի վկայ էի եւ 11 տարեկանիս կեանքս Աստուծոյ նուիրեցի։
ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆՍ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՄ
Ցաւօք սրտի, երբ շուրջ 13 տարեկան էի, Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւնս սկսաւ տկարանալ։ Կը թուէր, թէ դասընկերներս անսահման ազատութիւն ունէին, եւ ես ալ ուզեցի այդ ազատութիւնը ունենալ։ Կը զգայի, թէ ծնողներուս կանոնները եւ քրիստոնէական չափանիշները շատ խիստ էին եւ կը խորհէի, որ Եհովան պաշտելը մեծ ջանքեր կը պահանջէր։ Ես միշտ կը հաւատայի որ Եհովան գոյութիւն ունի, բայց այլեւս իրեն մօտիկ չէի զգար։
Որպէսզի անգործունեայ հրատարակիչ մը չըլլայի, Եհովային կը ծառայէի նուազագոյն կերպով։ Եթէ ալ ծառայութեան ելլէի, պատրաստուած չէի ըլլար, անոր համար խօսակցութիւն սկսիլը կամ շարունակելը դժուար կ’ըլլար։ Այդ պատճառով վերայցելութիւններ կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ չունէի եւ ուրախ չէի ծառայութեան մէջ։ Ասիկա ձգեց որ ծառայութիւնը ա՛լ աւելի չսիրեմ։ Ես ինծի կը հարցնէի. ‘Ինչպէ՞ս մէկը կրնայ շաբաթէ շաբաթ, ամիսէ ամիս ասով զբաղիլ’։
17 տարեկանիս ուզեցի անկախ ըլլալ։ Ուստի պայուսակներս հաւաքեցի, տունը ձգեցի եւ փոխադրուեցայ
Աւստրալիա։ Ծնողներս տխուր էին որ իրենցմէ կը հեռանայի։ Անոնք մտահոգ էին, բայց կը խորհէին թէ պիտի շարունակէի Եհովային ծառայել։Աւստրալիոյ մէջ հոգեւորութիւնս ա՛լ աւելի ետեւ գնաց։ Սկսայ ժողովներ փախցնել։ Բարեկամացայ երիտասարդներու հետ, որոնք ինծի պէս, օր մը ժողովի կ’երթային, օր մըն ալ նայթքլապներ կ’երթային խմելու եւ պարելու համար։ Ետեւ նայելով, կ’անդրադառնամ որ մէկ ոտքս ճշմարտութեան մէջ էր, իսկ միւս ոտքս աշխարհին մէջ։ Բայց երկուքին մէջ ալ հանգիստ չէի զգար։
ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԲԱՅՑ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՍ ՄԸ
Շուրջ երկու տարի ետք, կարճ ժամանակ անցուցի քրոջ մը հետ, որ առանց գիտնալու զիս մղեց որ մտածեմ, թէ ի՛նչ տեսակ կեանք կը վարեմ։ Չորս ամուրի քոյրերու հետ կ’ապրէի, եւ շրջանային տեսուչն ու իր կինը՝ Թամարան, հրաւիրեցինք որ այցելութեան շաբաթը մեր տունը մնային։ Մինչ իր ամուսինը ժողովքային գործերով զբաղած էր, Թամարան մեզի հետ ժամանակ անցուց եւ բաւական խնդացինք։ Սիրեցի ատիկա։ Ան շատ տրամաբանող էր եւ մարդամօտ էր։ Ինծի համար զարմանալի էր, որ այսքա՛ն հոգեւոր անձի մը հետ կարելի էր այսքա՛ն ուրախ ժամանակ անցընել։
Թամարան շատ խանդավառ էր։ Ճշմարտութեան եւ ծառայութեան հանդէպ իր սէրը վարակիչ էր։ Ան Եհովային իր լաւագոյնը տալով կ’ուրախանար, մինչ ես տխուր էի, քանի որ Եհովային նուազագոյնս կու տայի։ Անոր դրական կեցուածքը եւ անկեղծ ուրախութիւնը մեծ ազդեցութիւն ձգեցին կեանքիս վրայ։ Իր օրինակը միտքս բերաւ աստուածաշնչական կարեւոր ճշմարտութիւն մը. Եհովան կ’ուզէ որ բոլորս իրեն «ուրախութեամբ» եւ «ցնծութեամբ» ծառայենք (Սաղ. 100։2)։
ԿԸ ՍԿՍԻՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐԷՆ ՍԻՐԵԼ
Ուզեցի ունենալ այն նոյն ուրախութիւնը, որ Թամարան ունէր, բայց ատոր համար պէտք էր մեծ փոփոխութիւններ ընէի։ Ժամանակ առաւ, բայց ի վերջոյ սկսայ պզտիկ քայլեր նետել։ Սկսայ ծառայութեան նախապատրաստուիլ
եւ ատենը մէյ մը օժանդակ ռահվիրայութիւն ըրի։ Ասիկա օգնեց որ ջղագրգռութիւնս պակսի եւ աւելի ինքնավստահ ըլլամ։ Ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը աւելի գործածելով, ծառայութենէն աւելի հաճոյք առի։ Շատ չանցած, սկսայ ամէն ամիս օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։Սկսայ տարբեր տարիքի բարեկամներ զատել, որոնք ճշմարտութեան մէջ զօրաւոր էին եւ կը սիրէին Եհովային ծառայել։ Անոնց լաւ օրինակը ինծի օգնեց, որ մտածեմ թէ կեանքիս մէջ ի՛նչ բաներ առաջին տեղը կը դնեմ եւ սկսիմ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալ։ Այսպէս, ծառայութենէն ա՛լ աւելի հաճոյք առի եւ ժամանակի ընթացքին կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ։ Շատոնց ժողովքին մէջ այսքա՛ն ուրախ եւ հանգիստ չէի զգացած։
ՄՆԱՅՈՒՆ ՌԱՀՎԻՐԱՅ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑ ՄԸ ԿԸ ԳՏՆԵՄ
Մէկ տարի ետք ծանօթացայ Ալեքսին, որ ազնիւ ու անկեղծ անձ մըն է եւ Եհովան ու ծառայութիւնը կը սիրէ։ Ան օգնական ծառայ էր եւ արդէն վեց տարի էր, որ ռահվիրայութիւն կ’ընէր։ Ալեքս նաեւ որոշ ժամանակ մը ծառայած էր Մալաուիի մէջ, քանի որ հոն հրատարակիչներու կարիք կար։ Եւ այնտեղ ընկերակցած էր միսիոնարներու հետ, որոնք իրեն լաւ օրինակ եղած էին եւ զինք քաջալերած էին, որ շարունակէ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել իր կեանքին մէջ։
2003–ին, ես եւ Ալեքս ամուսնացանք եւ ատկէ ի վեր միասին լիաժամ ծառայութեան մէջ ենք։ Շատ մը հիանալի դասեր սորված ենք եւ Եհովան մեզ բազմաթիւ կերպերով օրհնած է։
ԵՀՈՎԱՆ Ա՛Լ ԱՒԵԼԻ ՄԵԶ Կ’ՕՐՀՆԷ
2009–ին, հրաւիրուեցանք ծառայելու որպէս միսիոնարներ Թիմոր–Լեսթէի մէջ, որ պզտիկ երկիր մըն է Ինտոնեզիական կղզեխումբին մէջ։ Շատ զարմացած ու խանդավառուած էինք եւ միեւնոյն ատեն ջիղերու վրայ էինք։ Հինգ ամիս ետք հասանք Տիլի մայրաքաղաքը։
Փոխադրուիլը պահանջեց որ մեր ապրելակերպին մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցնէինք։ Ստիպուած էինք վարժուիլ նոր մշակոյթի, լեզուի, ուտելիքի եւ կեանքի պայմաններու։ Ծառայութեան *։
մէջ շատ անգամ կը հանդիպէինք անհատներու, որոնք աղքատ էին, դպրոց չէին գացած եւ ճնշուած էին։ Եւ տեսանք շատ մը մարդիկ, որոնք ֆիզիքական եւ զգացական խնդիրներ ունէին պատերազմի եւ բռնութեան պատճառովԾառայութիւնը հոյակապ էր։ Օրինակ, օր մը ծանօթացայ 13 տարեկան աղջկայ մը, որ տխուր էր։ Իր մայրը քանի մը տարի առաջ մեռած էր, իսկ հայրը շատ քիչ կը տեսնէր, քանի որ միասին չէին ապրեր։ Իր տարիքի ուրիշ պատանիներու պէս, աղջիկը իր կեանքին մէջ նպատակ մը չունէր։ Կը յիշեմ օր մը, երբ լալով իր սիրտը բացաւ ինծի։ Սակայն իր ըսածները չհասկցայ, քանի որ իր լեզուն տակաւին լաւ չէի գիտեր։ Աղօթքով Եհովայէն խնդրեցի, որ ինծի օգնէ զինք քաջալերելու. եւ ետքը, մխիթարական համարներ կարդացի իրեն։ Յաջորդ տարիներուն տեսայ թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը զինք ուրախ անձ մը դարձուց եւ փոխեց անոր հագուելակերպն ու ապրելակերպը։ Ան մկրտուեցաւ եւ հիմա ունի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։ Ներկայիս, ան մեծ հոգեւոր ընտանիք մը ունի եւ սիրուած կը զգայ։
Եհովան Թիմոր–Լեսթէի մէջ քարոզչութիւնը կ’օրհնէ։ Թէեւ հրատարակիչներուն մեծամասնութիւնը վերջին տասը տարիներուն ընթացքին մկրտուած է, շատեր կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ, օգնական ծառաներ կամ երէցներ։ Ուրիշներ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակին մէջ կ’աշխատին եւ կ’օգնեն տեղական լեզուներով հոգեւոր սնունդը պատրաստելու։ Շատ կ’ուրախանայի ժողովներուն մէջ անոնց երգեցողութիւնը լսելով, անոնց դէմքերուն վրայ ժպիտ տեսնելով եւ անոնց հոգեւոր աճումը նկատելով։
ԱՍԿԷ ԱՒԵԼԻ ՈՒՐԱԽ ԿԵԱՆՔ ՉԷՐ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ
Թիմոր–Լեսթէի մէջ մեր կեանքը շատ տարբեր էր Աւստրալիոյ մէջ մեր կեանքէն, բայց մենք շա՜տ ուրախ էինք։ Երբեմն, պզտիկ պասի մը մէջ կը թխմուէինք ուրիշներու հետ, որոնք իրենց հետ ունէին շուկայէն գնուած չորցած ձուկեր ու բանջարեղէններ։ Օրեր կային, երբ Աստուածաշունչի դաս մը կը վարէինք տաք ու խոնաւ պզտիկ տունի մը մէջ, որ հողոտ գետին ունէր եւ հոս–հոն հաւեր կը վազվզէին։ Բայց հակառակ դժուարութիւններուն, յաճախ կը մտածէի. ‘Այս կեանքը հոյակա՜պ է’։
Ետեւ նայելով, շնորհակալ եմ որ ծնողքս իրենց լաւագոյնը ըրին, որ ինծի սորվեցնեն Եհովայի ճամբաները եւ ինծի օգնեցին նոյնիսկ, երբ Եհովայի ծառայութեան մէջ շատ քիչ բան կ’ընէի։ Իմ պարագայիս Առակաց 22։6–ի խօսքը կը կիրարկուի։ Հայրս ու մայրս մեզմով հպարտ են եւ ուրախ են տեսնելով, որ Եհովան մեզ կը գործածէ։ 2016–էն ի վեր, Աւստրալասիայի մասնաճիւղին թաղամասին մէջ շրջանային գործին կը մասնակցինք։
Չեմ կրնար հաւատալ, որ ատեն մը քարոզելը պարտականութիւն կը նկատէի։ Հիմա կը սիրե՛մ ծառայութիւնը։ Ըմբռնած եմ, որ կեանքին մէջ ի՛նչ որ ալ պատահի, իսկական ուրախութիւնը կու գայ միայն Աստուծոյ ամբողջ սրտով ծառայելէ։ Կրնամ ըսել որ վերջին 18 տարիները, որ Ալեքսին հետ Եհովային ծառայած եմ, կեանքիս ամէնէն ուրախ տարիները եղած են։ Հիմա կը հասկնամ, թէ որքա՜ն ճիշդ են Եհովային ուղղուած՝ սաղմոսերգու Դաւիթին խօսքերը. «Բոլոր քեզի յուսացողները թող ուրախ ըլլան. յաւիտեան թող ցնծան. . . եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան» (Սաղ. 5։11)։
^ պարբ. 21 1975–էն սկսեալ, աւելի քան քսան տարի Թիմոր–Լեսթէի մէջ պատերազմ կար՝ անկախութիւն ձեռք ձգելու համար։