Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս իսկապէս ի՞նչ տեսք ունէր

Յիսուս իսկապէս ի՞նչ տեսք ունէր

Չկայ մէկը որ Յիսուսին նկարը ունի։ Իր օրերուն, մէկը գալով իր դէմքը չգծեց կամ իր արձանը չշինեց։ Բայց դարերու ընթացքին, շատ մը արուեստագէտներ իր նկարը գծած են կամ արձանը շինած են։

Անշուշտ, այդ արուեստագէտները չէին գիտեր թէ Յիսուսին տեսքը ճիշդ ինչպէս էր։ Անոնք ընդհանրապէս Յիսուսը ներկայացուցին ճիշդ ինչպէս որ իրենց ապսպրուած էր որ ներկայացնեն, կամ ազդուելով իրենց մշակոյթէն եւ կրօնական հաւատալիքներէն։ Հակառակ ասոր, անոնց գծագրութիւններն ու արձանները կը ձգեն որ մարդիկ Յիսուսին եւ իր սորվեցուցածներուն մասին որոշ գաղափար մը կազմեն, որ նոյնիսկ կրնայ սխալ ըլլալ։

Կարգ մը արուեստագէտներ Յիսուսը ներկայացուցած են որպէս նազիկ ու տկար անձ մը, երկար մազերով եւ թեթեւ մօրուքով, կամ որպէս տրտում ու տխուր անձ մը։ Ուրիշներ զինք ներկայացուցած են որպէս գերբնական անձ մը, գլխուն շուրջ լուսապսակով կամ իր շուրջը եղողներէն հեռու կեցած։ Ասոնք Յիսուսին մասին ճիշդ պատկերը կը դնե՞ն մեր մտքին մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ։ Գիտնալու համար կրնանք նկատի առնել Սուրբ Գիրքին կարգ մը խօսքերը, որոնք կրնան մեզի օգնել որ երեւակայենք թէ Յիսուս ինչպիսի տեսքով անձ մը ըլլալու էր։ Ատոնք նաեւ մեզի կ’օգնեն որ ճիշդ գաղափար կազմենք Յիսուսին մասին։

«ԻՆԾԻ ՄԱՐՄԻՆ ՄԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՑԻՐ»

Ըստ երեւոյթին, Յիսուս այս խօսքը ըսաւ երբ իր մկրտութեան ատեն աղօթեց (Եբրայեցիս 10։5. Մատթէոս 3։13-17)։ Այդ մարմինը ինչպէ՞ս էր։ Շուրջ 30 տարի առաջ, Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամին ըսած էր. «Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս. . . Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի» (Ղուկաս 1։31, 35)։ Ուրեմն, Յիսուս կատարեալ մարդ էր, ճիշդ ինչպէս որ Ադամ կատարեալ էր երբ ստեղծուեցաւ (Ղուկաս 3։38. Ա. Կորնթացիս 15։45)։ Ան վստահաբար գեղեցիկ երեւոյթ ունէր, եւ հաւանաբար գիծեր առած էր իր հրեայ մօրմէն՝ Մարիամէն։

Հրեաներուն սովորութեան համաձայն, Յիսուս մօրուք ունէր, մինչ անդին հռոմայեցիները չունէին։ Մօրուքը արժանապատուութիւն կու տար անձին եւ յարգանքի կ’արժանացնէր զինք։ Մօրուքը կ’ըլլար կարճ ու կոկիկ։ Անկասկած, Յիսուս իր մօրուքը եւ մազերը կը կտրէր ու կը շտկէր։ Միայն ուխտաւորները չէին կտրեր իրենց մազը, ինչպէս՝ Սամփսոն (Թուոց 6։5. Դատաւորաց 13։5

Յիսուս իր կեանքին մեծ մասը ատաղձագործ էր, եւ առանց հիմակուան գործիքներուն օգնութեան կ’աշխատէր (Մարկոս 6։3)։ Ուրեմն, իր մարմինը զօրաւոր ըլլալու էր։ Իր ծառայութեան սկիզբը, ան առանձին «ամէնքը տաճարէն դուրս հանեց, ոչխարներն ալ ու արջառներն ալ։ Ստակ փոխողներուն պղինձները ցիրուցան ըրաւ ու սեղանները կործանեց» (Յովհաննէս 2։14-17)։ Ան զօրաւոր եւ ուժով ըլլալու էր, որ կրցաւ այս բաները ընել։ Յիսուս Աստուծոյ իրեն տուած մարմինը գործածեց, որպէսզի իր նշանակումը կատարէր. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկաս 4։44)։ Ան չափէ դուրս ոյժ ունենալով է որ Պաղեստինին չորս կողմը քալելով գնաց այս պատգամը քարոզելու։

«ԵԿԷ՛Ք ԻՆԾԻ. . . ԵՒ ԵՍ ՁԵԶ ՊԻՏԻ ՀԱՆԳՉԵՑՆԵՄ»

Այս խօսքը «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ուն ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալու էր, քանի որ Յիսուս ջերմ երես եւ գրաւիչ վարուելակերպ ունէր (Մատթէոս 11։28-30)։ Անոնք որոնք կ’ուզէին իրմէ սորվիլ, իր քաղցրութիւնն ու ազնուութիւնը տեսնելով վստահ եղան որ իրապէս պիտի հանգչին։ Նոյնիսկ պզտիկները կ’ուզէին Յիսուսին մօտիկ ըլլալ, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքին այս խօսքէն յայտնի է. «[Պզտիկները] գիրկը առաւ» (Մարկոս 10։13-16

Ճիշդ է որ Յիսուս տանջուեցաւ իր մահուընէ առաջ, բայց ան տրտում ու տխուր անձ մը չէր։ Օրինակ, ան Կանայի մէջ հարսանիքի մը ընթացքին ջուրը գինիի վերածելով բոլոր ներկաները ուրախացուց (Յովհաննէս 2։1-11)։ Ան ուրիշ հաւաքոյթներու ալ գնաց եւ չմոռցուելիք դասեր սորվեցուց (Մատթէոս 9։9-13. Յովհաննէս 12։1-8

Նաեւ, Յիսուս իր քարոզչութեամբ յաւիտենական կեանքի ուրախ յոյսը դրաւ իրեն մտիկ ընողներուն առջեւ (Յովհաննէս 11։25, 26. 17։3)։ Երբ 70 աշակերտներ պատմեցին թէ իրենց ինչ պատահեցաւ քարոզչութեան ատեն, Յիսուս շատ «ուրախացաւ» եւ ըսաւ. «Ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են» (Ղուկաս 10։20, 21

«ԴՈՒՔ ԱՅՆՊԷՍ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼԼԱՔ»

Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները կերպեր կը գտնէին, որ մարդոց ուշադրութիւնը իրենց վրայ հրաւիրեն եւ ցուցնեն թէ հեղինակութիւն ունին (Թուոց 15։38-40. Մատթէոս 23։5-7)։ Բայց Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ որ ուրիշներուն ‘չտիրեն’ (Ղուկաս 22։25, 26)։ Ան նոյնիսկ ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը փնտռեն» (Մարկոս 12։38

Անդին, Յիսուս ժողովուրդին հետ կը խառնուէր եւ շատ անգամներ մարդիկ զինք չէին ճանչնար (Յովհաննէս 7։10, 11)։ Ան նոյնիսկ իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն մէջ ֆիզիքապէս տարբեր չէր երեւեր։ Ասոր համար, մատնիչ Յուդան «նշան մը» գործածեց՝ Յիսուսը համբուրել, որպէսզի յայտնի ընէ թէ ո՛ր մէկն է Յիսուսը (Մարկոս 14։44, 45

Ճիշդ է որ շատ մանրամասնութիւններ չենք գիտեր Յիսուսին տեսքին մասին, բայց յստակ է որ ան չունէր այն տեսքը, որ ընդհանրապէս մարդիկ ներկայացուցած են։ Սակայն աւելի կարեւոր է գիտնալ թէ ան հի՛մա ինչ վիճակի մէջ է։

«ՔԻՉ ՄԸ ԱՏԵՆԷՆ Ա՛Լ ԱՇԽԱՐՀ ԶԻՍ ՊԻՏԻ ՉՏԵՍՆԷ»

Յիսուս այս խօսքը ըսած օրը մեռաւ եւ թաղուեցաւ (Յովհաննէս 14։19)։ Ան իր կեանքը «շատերու համար փրկանք» տուաւ (Մատթէոս 20։28)։ Երրորդ օրը, Աստուած «հոգիով» յարութիւն տուաւ անոր եւ «յայտնի ըրաւ զանիկա» կարգ մը աշակերտներու (Ա. Պետրոս 3։18. Գործք 10։40)։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ, ի՞նչ տեսք ունէր։ Ըստ երեւոյթին, ան բաւական տարբեր տեսք ունէր, քանի որ նոյնիսկ իր ամէնէն մօտիկ աշակերտները զինք չճանչցան։ Մարիամ Մագդաղենացին զինք պարտիզպան կարծեց, իսկ Էմմաւուսի ճամբուն վրայ՝ երկու աշակերտները զինք օտար կարծեցին (Ղուկաս 24։13-18. Յովհաննէս 20։1, 14, 15

Յիսուս հի՛մա ի՞նչ վիճակի մէջ է։ Իր մահուընէ աւելի քան 60 տարի ետք, իր սիրելի առաքեալը՝ Յովհաննէս տեսիլքներով զինք տեսաւ։ Յովհաննէսին տեսածը՝ խաչի վրայ մեռնող անձ մը չէր։ Ան տեսաւ «Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տերանց», որ մօտ ատենէն պիտի յաղթէ Աստուծոյ հոգեղէն եւ մարդկային թշնամիներուն, եւ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի բերէ մարդկութեան (Յայտնութիւն 19։16. 21։3, 4