Կրնաս սիրալիր Աստուծոյ կողմէ յաւիտենական օրհնութիւններ վայելել
Կը փափաքի՞ս ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր պատերազմ, վայրագութիւն եւ խռովութիւն չկան։
Կը ցանկա՞ս որ այլեւս հիւանդութիւն, տառապանք ու մահ չըլլան։
Կ’ուզե՞ս մտահոգութիւն չունենալ։
Կը փափաքի՞ս ապրիլ շրջանի մը մէջ, որ բնական աղէտներէ պիտի չհարուածուի։
Մեր հոգատար Աստուածը՝ մեր գեղեցիկ մոլորակին Ստեղծիչը, խոստացած է մարդկութիւնը օրհնել, տալով յաւիտենական կեանք՝ խաղաղ ու երջանիկ պայմաններու մէջ։ Ասիկա երազ մը չէ։
Յաջորդ յօդուածներուն մէջ, հաճիս նկատի առ թէ՝
Մեր Ստեղծիչը մարդկութեան հանդէպ ի՛նչ կը զգայ
Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը մեզի ի՛նչ կը յայտնէ
Աստուծոյ մարգարէները իր խոստացած օրհնութիւններուն մասին ի՛նչ ըսին
Ի՛նչ կրնանք ընել, որ հիմա երջանիկ ըլլանք եւ Աստուծոյ որոշած ժամանակին յաւիտենական օրհնութիւններ վայելենք
Նախ քննենք Աստուծոյ տուած բաներէն ոմանք, որոնք ցոյց կու տան որ մեզ կը սիրէ։