Մեր սիրառատ Ստեղծիչը մեզ կը հոգայ
1. ՄԵՐ ՍՏԵՂԾԻՉԸ ԱՐԵՒԸ ԿԸ ԾԱԳԵՑՆԷ
Կրնա՞ս երեւակայել երկրի վրայ կեանքը առանց արեւալոյսին։ Արեւը ծառերուն ուժանիւթ կու տայ, որպէսզի տերեւներ, ծաղիկներ, պտուղներ, պիստակեղէն եւ հունտեր արտադրեն։ Անիկա նաեւ պատճառ կ’ըլլայ, որ ծառերը իրենց արմատներուն միջոցաւ հողէն ջուր քաշեն, զայն տերեւներուն հասցնեն եւ ապա արձակեն որպէս շոգի։
2. ՄԵՐ ՍՏԵՂԾԻՉԸ ԱՆՁՐԵՒ ԿԸ ՏԵՂԱՑՆԷ
Անձրեւը Աստուծոյ կողմէ թանկագին նուէր է, որ կարելի կը դարձնէ որ երկիրը մեզի համար ուտելիք արտադրէ։ Աստուած երկինքէն անձրեւ կը տեղացնէ ու պտղաբեր եղանակներ կու տայ, մեզ կշտացնելով եւ մեր սրտերը ուրախութեամբ լեցնելով։
3. ՄԵՐ ՍՏԵՂԾԻՉԸ ՄԵԶԻ ՈՒՏԵԼԻՔ ՈՒ ՀԱԳՈՒԵԼԻՔ ԿԸ ՀԱՅԹԱՅԹԷ
Բազմաթիւ հայրեր մտահոգ են իրենց ընտանիքներուն բաւարար ուտելիք ու հագուելիք ապահովելով։ Նկատէ թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն. «Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք» (Մատթէոս 6։25, 26)։
«Նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ . . . Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն [թագաւոր] ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ Ուստի եթէ դաշտի խոտը. . . Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ» (Մատթէոս 6։28-30)։
Որովհետեւ Աստուած կրնայ մեզի ուտելիք ու հագուելիք հայթայթել, վստահաբար նաեւ կրնայ մեզի օգնել, որ կեանքի միւս անհրաժեշտ պէտքերը ապահովենք։ Եթէ կը ջանանք Աստուծոյ կամքը ընել, ան կրնայ օրհնել ուտելիք մշակելու մեր ջանքերը կամ մեզի օգնել գործ գտնելու, որպէսզի կարենանք պէտք եղածը գնել (Մատթէոս 6։32, 33)։
Իրապէս, արեւուն, անձրեւին, թռչուններուն ու ծաղիկներուն մասին մտածելը լաւ պատճառներ կու տայ Աստուած սիրելու։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ մեր Ստեղծիչը ինչպէ՛ս մարդկութեան հետ հաղորդակցած է։