Աստուածաշունչը ճշմարտութեան վստահելի աղբիւր է
Պատմութեան ընթացքին, տարբեր ենթահողեր ունեցող շատ մը մարդիկ, Աստուածաշունչը ճշմարտութեան վստահելի աղբիւր նկատած են։ Ներկայիս, միլիոնաւորներ անոր ուսուցումներուն կը հետեւին։ Մինչդեռ ուրիշներու կարծիքով, անիկա հնադարեան կամ առասպելախառն գիրք մըն է։ Քու կարծիքդ ի՞նչ է։ Կրնա՞ս Աստուածաշունչին մէջ ճշմարտութիւն գտնել։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ԿՐՆԱՍ ՎՍՏԱՀԻԼ
Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ Աստուածաշունչը վստահութեանդ արժանի է։ Օրինակով մը բացատրենք. եթէ բարեկամ մը տարիներու ընթացքին միշտ ճշմարտութիւնը ըսած է քեզի, շատ հաւանաբար զինք վստահելի պիտի նկատես։ Արդեօք Աստուածաշունչը յարատեւ ճշմարտութիւնը ըսա՞ծ է, վստահելի բարեկամի մը նման։ Նկատի առ օրինակներ։
Ճշմարտախօս գրողներ
Աստուածաշունչի գրողները շատ անկեղծ էին. անոնք յաճախ իրենց սխալներուն եւ տկարութիւններուն մասին գրեցին։ Օրինակ, Յովնան մարգարէն իր անհնազանդութեան մասին գրեց (Յովնան 1։1-3)։ Իրականութեան մէջ, ան իր գիրքը եզրափակեց, նշելով թէ Աստուած ինչպէ՛ս զինք սրբագրեց, բայց իր անձին վրայ ուշադրութիւն չհրաւիրեց՝ գրելով թէ ինչպէ՛ս իր կեցուածքը ճշդեց (Յովնան 4։1, 4, 10, 11)։ Աստուածաշունչի բոլոր գրողներուն անկեղծութիւնը ցոյց կու տայ, որ ճշմարտութիւնը իրենց համար իրապէս կարեւոր էր։
Գործնական ճշմարտութիւն
Աստուածաշունչը գործնական հարցերու շուրջ միշտ օգտակար խրատներ կու տա՞յ։ Անշո՛ւշտ։ Օրինակ, տե՛ս թէ լաւ փոխյարաբերութիւններ պահպանելու շուրջ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Մատթէոս 7։12)։ «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ» (Առակաց 15։1)։ Այո, Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնները ներկայիս նոյնքան գործնական են, որքան այն օրը որ գրուեցան։
Պատմական ճշմարտութիւն
Տարիներու ընթացքին, շատ մը հնագիտական յայտնաբերումներ ցոյց կու տան Աստուածաշունչին մէջ նշուած ժողովուրդներու եւ վայրերու գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ դէպքերուն ճշգրտութիւնը։ Օրինակ, նկատի առ որոշ մանրամասնութեան մը ապացոյցը։ Աստուածաշունչի գրող՝ Նէեմիան, որ Ք.Ա. հինգերորդ դարուն ապրեցաւ, նշեց թէ տիւրացիները (Տիւրոսէն եղող փիւնիկեցիներ), որոնք Երուսաղէմի մէջ կ’ապրէին, «ձուկ ու ամէն տեսակ ապրանք կը տանէին» Երուսաղէմ (Նէեմիա 13։16)։
Ապացոյց մը կա՞յ, որ այս համարին ճշգրիտ ըլլալը կը յայտնէ։ Այո՛։ Հնագէտները փիւնիկական ապրանքներ յայտնաբերած են Իսրայէլի մէջ, ինչ որ կը թելադրէ, որ փիւնիկեցիներն ու իսրայէլացիները իրարու հետ առեւտուր կ’ընէին։ Ասկէ զատ, Երուսաղէմի մէջ Միջերկրական ծովու ձուկի բեկորներ յայտնաբերուած են։ Հնագէտները կը հաւատան, որ առեւտրականներու կողմէ ձուկերը բերուած են հեռաւոր ծովեզերքէն։ Ապացոյցները վերլուծելէ ետք, Աստուածաշունչի ուսումնական մը եզրակացուց. «Նէեմիա 13։16–ի խօսքը, որ տիւրացիները Երուսաղէմի մէջ ձուկ կը ծախէին, արժանահաւատ է»։
Գիտական ճշմարտութիւն
Աստուածաշունչը գլխաւորաբար կրօնական եւ պատմական գիրք է։ Բայց երբ գիտական նիւթեր կը նշէ, իր ըսածը գիտականօրէն ճշգրիտ է։ Օրինակ մը նկատի առ։
Շուրջ 3500 տարի առաջ, Աստուածաշունչը նշեց, որ երկիրը ‘ոչնչին վրայ կախուած է’ (Յոբ 26։7)։ Այս բացատրութիւնը շա՜տ տարբեր էր այն առասպելներէն, որոնց համաձայն երկիրը ջուրի վրայ կը ծփայ կամ հսկայ կրիայ մը զայն շալկած է։ Յոբ գիրքը գրուելէն շուրջ 1100 տարի ետք, մարդիկ տակաւին կը հաւատային, որ երկիրը չի կրնար ոչնչի վրայ կենալ, հապա բան մը պէտք է զայն շալկած ըլլայ։ Միայն երեք հարիւր տարի առաջ, 1687–ին, Այզըք Նիութըն ձգողութեան ուժի վերաբերեալ իր աշխատասիրութիւնը հրատարակեց եւ բացատրեց, որ անտեսանելի ոյժ մը երկիրը իր ծիրին մէջ կը պահէ։ Գիտական այս կարեւոր իրադարձութիւնը հաստատեց աւելի քան 3000 տարի առաջ Աստուածաշունչին ըսածը։
Մարգարէական ճշմարտութիւն
Աստուածաշունչի բազմաթիւ մարգարէութիւնները որքա՞ն ճշգրիտ են։ Որպէս օրինակ, նկատի առ Բաբելոնի անկումին մասին Եսայիի մարգարէութիւնը։
Մարգարէութիւնը. Ք.Ա. ութերորդ դարուն, Աստուածաշունչի գրող Եսային ըսաւ որ Բաբելոնը,– որ յետագային հզօր կայսրութեան մը մայրաքաղաքը պիտի դառնար,– պիտի կործանէր եւ ի վերջոյ անբնակ պիտի դառնար (Եսայի 13։17-20)։ Եսային նոյնիսկ տուաւ այն մարդուն անունը, որուն առաջնորդութեամբ այս կործանումը պիտի կատարուէր. Կիւրոս։ Ան նաեւ նկարագրեց, թէ Կիւրոս ի՛նչ ռազմավարութիւն պիտի գործածէր. գետերը ‘պիտի ցամքէին’։ Եսային նաեւ նշեց, որ քաղաքին դռները բաց պիտի մնային (Եսայի 44։27–45։1)։
Կատարումը. Եսայիի մարգարէութենէն շուրջ 200 տարի ետք, պարսիկ թագաւոր մը Բաբելոնի վրայ յարձակեցաւ։ Անոր անունը ի՞նչ էր։ Կիւրոս։ Որովհետեւ Բաբելոնը շատ լաւ ամրացուած էր, Կիւրոս իր ուշադրութիւնը դարձուց Եփրատ գետին, որ քաղաքին շուրջը եւ մէջէն կ’անցնէր։ Կիւրոսի զինուորները ջրանցք մը փորեցին՝ գետին ջուրերուն ուրիշ ուղղութիւն մը տալու համար։ Ջուրերը այնքա՛ն նուազեցան, որ Կիւրոսի բանակը կրցաւ գետին մէջ քալելով պարիսպներուն մօտենալ։ Շատ զարմանալի է որ բաբելոնացիները քաղաքին դռները բաց ձգած էին։ Բանակը բաց դռներէն մտնելով Բաբելոնը նուաճեց։
Սակայն մէկ մանրամասնութիւն մնաց. Բաբելոնը անբնակ դարձա՞ւ։ Մարդիկ քանի մը դար շարունակեցին հոն ապրիլ։ Բայց ներկայիս Իրաքի մէջ, Պաղտատի մօտակայքը գտնուող Բաբելոնի աւերակները ապացոյց են, որ մարգարէութիւնը ամբողջովին կատարուեցաւ։ Այո, Աստուածաշունչը վստահելի է, նոյնիսկ երբ ապագայ դէպքեր կը քննարկէ։