Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ի՞նչ յատկութիւններ ունի

Աստուած ի՞նչ յատկութիւններ ունի

Մէկու մը յատկութիւնները որքա՛ն աւելի գիտնանք, այնքա՛ն աւելի զինք կը ճանչնանք, եւ այսպէս մտերիմ բարեկամներ կը դառնանք։ Նոյնպէս, Եհովայի յատկութիւնները որքա՛ն աւելի գիտնանք, այնքա՛ն աւելի կը գիտնանք թէ ինչպիսի՛ Անձ մըն է եւ մտերիմ բարեկամներ կը դառնանք։ Ան ունի շատ մը հիանալի յատկութիւններ, բայց անոնցմէ չորսը աչքառու են. զօրութիւն, իմաստութիւն, արդարութիւն եւ սէր։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԶՕՐԱՒՈՐ Է

«Տէ՛ր Եհովա, ահա դուն քու մեծ զօրութիւնովդ. . . երկինքն ու երկիրը ստեղծեցիր» (ԵՐԵՄԻԱ 32։17

Աստուծոյ զօրութիւնը կը տեսնենք ստեղծագործութեան մէջ։ Օրինակ, եթէ ամառնային պայծառ օրով մը դուրս ելլես, մորթիդ վրայ կը զգաս արեւուն ջերմութիւնը, ինչ որ Եհովայի զօրութեան արդիւնքն է։ Արեւը որքա՞ն զօրաւոր է։ Մտածէ՛. ջուրը կ’եռայ երբ անոր ջերմութիւնը 100 աստիճանի հասնի, իսկ արեւուն կորիզին ջերմութիւնը ատկէ մօտ 150,000 անգամ աւելի է։ Ամէն մէկ երկվայրկեան, արեւը կ’արձակէ ուժանիւթ, որ հարիւր միլիոնաւոր կորիզային ռումբերու պայթումին հաւասար է։

Բայց մեր արեւը պզտիկ է, տիեզերքի միլիառաւոր աստղերու հետ բաղդատած։ Գիտնականները կ’ենթադրեն, որ UY Scutti աստղը այնքա՛ն մեծ է, որ եթէ արեւուն տեղը կենայ, իր մէջ կ’առնէ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր եւ Հրատ մոլորակները, ինչպէս նաեւ Լուսնթագ մոլորակին ուղեծիրը։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ աւելի լաւ հասկնանք Երեմիա մարգարէին ըսածը, թէ Եհովա Աստուած իր մեծ զօրութեամբ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը,– այսինքն տիեզերքը։

Աստուծոյ զօրութենէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Մեր կեանքը կախեալ է Աստուծոյ ֆիզիքական ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս՝ արեւը եւ երկրի վրայ գտնուող բոլոր հիանալի միջոցները։ Ասկէ զատ, Աստուած իր զօրութիւնը կը գործածէ, որպէսզի մեզմէ ամէն մէկուն օգնէ։ Ինչպէ՞ս։ Առաջին դարուն, ան Յիսուսին զօրութիւն տուաւ, որ հրաշալի գործեր ընէ։ Կը կարդանք. «Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն» (Մատթէոս 11։5)։ Իսկ ներկայիս Աստուած ի՞նչ կ’ընէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը» եւ թէ «Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի» (Եսայի 40։29, 31)։ Աստուած կրնայ մեզի «անսահման զօրութիւն» տալ, որպէսզի կարենանք կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել (Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԹ)։ Մօտ չե՞ս զգար Աստուծոյ, որ մեզ այնքա՛ն կը սիրէ որ իր անսահման ուժը կը գործածէ մեզ զօրացնելու, երբ խնդիրներէ անցնինք։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՄԱՍՏՈՒՆ Է

«Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր» (ՍԱՂՄՈՍ 104։24

Աստուծոյ ստեղծած բաներուն մասին որքա՛ն աւելի գիտնանք, այնքա՛ն աւելի իր իմաստութեան վրայ ապշած կը մնանք։ Կայ կենսընդօրինակութիւն (biomimetics) կոչուած մարզը, ուր գիտնականներ Եհովա Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը կ’ուսումնասիրեն եւ որոշ ծրագիրներ կ’ընդօրինակեն, որպէսզի իրենց ծրագրած բաները բարելաւեն։ Օրինակ, անոնք սորված են ինչպէ՛ս շինել քամերայի ոսպնեակը եւ օդանաւը։

Մարդուն աչքը հիանալի ստեղծագործութիւն մըն է

Աստուծոյ իմաստութեան ամէնէն հիանալի օրինակն է մարդու մարմինը։ Օրինակ, նկատի առ թէ մանուկ մը իր մօր արգանդին մէջ ինչպէ՛ս կը զարգանայ։ Ամէն ինչ կը սկսի մէկ բեղմնաւորուած բջիջով, որ պէտք եղած բոլոր ժառանգական տեղեկութիւնները կը կրէ։ Այդ բջիջը կը բաժնուի շատ մը բջիջներու, որոնք սկիզբը իրարու կը նմանին, բայց ճիշդ ժամանակին կը սկսին տարբեր կերպով կազմուիլ, մէջտեղ բերելով մօտ 200 տարբեր տեսակի բջիջներ, ինչպէս՝ արեան բջիջներ, ջղաբջիջներ եւ ոսկորի բջիջներ։ Ետքը ներքին անդամները կը կազմուին եւ կը սկսին աշխատիլ։ Միայն ինը ամսուան մէջ, մէկ բջիջէ կը կազմուի միլիառաւոր բջիջներ ունեցող մանուկ մը։ Այսքա՛ն իմաստութիւն տեսնելով, շատեր կը համաձայնին սաղմոսերգուին խօսքերուն. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ» (Սաղմոս 139։14

Աստուծոյ իմաստութենէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Մեր Ստեղծիչը գիտէ թէ ուրախ ըլլալու համար ինչի՛ պէտք ունինք։ Ան իր ընդարձակ գիտութիւնը եւ հասկացողութիւնը գործածելով՝ իմաստուն խրատներ գրել տուած է իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ որ ‘իրարու ներենք’ (Կողոսացիս 3։13)։ Ասիկա իրապէս իմաստուն խրատ է, քանի որ բժիշկները մէջտեղ հանած են, որ ներող ըլլալը կրնայ անհատին քունը բարելաւել, արեան գերճնշումը նուազեցնել եւ ընկճուածութիւն կամ ուրիշ առողջապահական խնդիրներ ունենալու հաւանականութիւնը պակսեցնել։ Աստուած իմաստուն եւ հոգածու բարեկամի մը պէս է, որ մեզի միշտ օգտակար եւ գործնական խրատներ կու տայ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Չե՞ս ուզեր այսպիսի բարեկամ ունենալ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՐԴԱՐ Է

«Տէրը կը սիրէ իրաւունքը» (ՍԱՂՄՈՍ 37։28

Աստուած միշտ ճիշդ կերպով կը վարուի։ «Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ» (Յոբ 34։10)։ Ան արդարութեամբ կը դատէ, ինչպէս որ Երեմիա մարգարէն յայտնեց, երբ ըսաւ որ Աստուած «արդար Դատաւոր» է (Երեմիա 11։20)։ Որովհետեւ Եհովան «սրտին կը նայի», մարդոց կեղծաւորութենէն չի խաբուիր, հապա միշտ կրնայ իրականութիւնը տեսնել եւ ճիշդ կերպով դատել (Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Ասկէ զատ, ան գիտէ՛ թէ աշխարհի վրայ ի՜նչ անարդարութիւններ եւ փտածութիւն կ’ըլլան, եւ խոստացած է, որ շուտով «ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին» (Առակաց 2։22

Սակայն Աստուած խիստ դատաւոր մը չէ, որ կը ցանկայ պատժել։ Ան տեղին կ’ողորմի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «բարեգութ ու ողորմած է Տէրը», նոյնիսկ չարերուն հանդէպ, եթէ անկեղծօրէն զղջան։ Իսկական արդարութիւնը ասիկա չէ՞ (Սաղմոս 103։8. Բ. Պետրոս 3։9

Աստուծոյ արդարութենէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Մենք Աստուծոյ արդարութենէն կ’օգտուինք, քանի որ բնա՛ւ կողմ չի բռներ կամ մարդոց միջեւ զատողութիւն չի դներ։ Ան մեզ կ’ընդունի եւ կրնանք զինք պաշտել ի՛նչ ցեղի կամ ազգի ալ պատկանինք, ի՛նչ կրթութիւն կամ ընկերային դիրք ալ ունենանք։

Աստուած մարդոց միջեւ զատողութիւն չի դներ, եւ ասկէ կ’օգտուինք ի՛նչ ցեղի կամ դասակարգի ալ պատկանինք

Աստուած կ’ուզէ որ իր արդարութիւնը ըմբռնենք եւ անկէ օգտուինք. անոր համար մեզի խիղճ տուած է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ խիղճը ‘մեր սրտին մէջ գրուած’ օրէնք մըն է, որ ‘կը վկայէ’ թէ մեր ըրած մէկ բանը ճի՛շդ է, թէ ոչ՝ սխալ (Հռովմայեցիս 2։15)։ Խիղճը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ։ Եթէ մեր խիղճը ճիշդ կերպով մարզենք, կրնայ մեզ ուղղել որ վնասակար կամ անարդար արարքներէ հեռու մնանք։ Իսկ եթէ սխալ մը ընենք, խիղճը կրնայ մեզ մղել որ զղջանք եւ մեր ընթացքը սրբագրենք։ Իրապէս, երբ Աստուծոյ արդարութիւնը հասկնանք, պիտի օգտուինք եւ իրեն պիտի մօտենանք։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ Է

«Աստուած սէր է» (Ա. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 4։8

Աստուած զօրութիւն, իմաստութիւն եւ արդարութիւն կը ցուցաբերէ, բայց Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ ան զօրութիւն, իմաստութիւն կամ արդարութիւն է, հապա կ’ըսէ որ սէր է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ զօրութիւնը զինք կարող կը դարձնէ որ գործէ, իսկ իր արդարութիւնն ու իմաստութիւնը իր գործելու կերպը կ’ուղղեն, բայց իր սէրն է որ զինք կը մղէ գործի անցնելու։ Ան ամէն ինչ որ կ’ընէ, սէրէ մղուած կ’ընէ։

Թէեւ Եհովան բանի՛ մը պակասը չունէր, բայց իր սէրը զինք մղեց որ թէ՛ երկինքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ մտացի արարածներ ստեղծէ, որոնք կրնան իր սէրէն եւ հոգատարութենէն օգտուիլ։ Ան երկիրը պատրաստեց, որպէսզի մարդոց համար իտէալական տուն մը ըլլայ։ Եւ կը շարունակէ սէր յայտնել բոլոր մարդոց հանդէպ, այն իմաստով որ «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մատթէոս 5։45

Ասկէ զատ, Եհովա Աստուած «բազմագութ ու ողորմած է» (Յակոբոս 5։11)։ Ան գութ եւ գուրգուրանք ցոյց կու տայ անոնց հանդէպ՝ որոնք անկեղծօրէն քայլեր կ’առնեն, որ զինք ճանչնան եւ իրեն մօտենան։ Ան այսպիսի անձեր անհատապէս կը նկատէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Եհովան «ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7

Աստուծոյ սէրէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Արեւամուտը դիտելէն հաճոյք կ’առնենք։ Երբ մանուկ մը խնդայ, կ’ուրախանանք։ Ընտանիքի անդամին սէրը շատ կ’արժեւորենք։ Թէեւ առանց ասոնց կարելի է ապրիլ, բայց մեր կեանքը շատ կը ճոխացնեն։

Աստուած ուրիշ կերպով մըն ալ իր սէրը արտայայտած է. մեզի առիթ տուած է որ իրեն աղօթենք։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ»։ Սիրալիր հօր մը պէս, ան կ’ուզէ որ մեր բոլոր մտահոգութիւնները իրեն պատմենք եւ խնդրենք որ մեզի օգնէ։ Ան կը խոստանայ որ սիրով մեզի պիտի տայ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7

Հիմա որ կարճ ակնարկ մը նետեցինք Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւններուն վրայ,– իր զօրութիւնը, իմաստութիւնը, արդարութիւնը եւ սէրը,– Աստուծոյ մասին աւելի յստակ պատկեր չո՞ւնեցար։ Որպէսզի Աստուած ա՛լ աւելի գնահատես, լաւ կ’ըլլայ որ գիտնաս թէ ի՛նչ ըրած է եւ ի՛նչ պիտի ընէ քու օգտիդ համար։

ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻ։ Աստուած ոեւէ անձէ աւելի զօրաւոր, իմաստուն եւ արդար է։ Բայց ամէնէն շատ իր սէ՛րը մեզ կը քաշէ իրեն