«Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը» ժողովին նկատմամբ ուղղութիւններ
Բովանդակութիւն
1. Այս ուղղութիւնները պիտի օգնեն անոնց՝ որոնք «Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը» ժողովին մէջ բաժին ունին։ Առա՛ջ որ իրենց բաժինները պատրաստելու սկսին, անոնք պէտք է աչքէ անցընեն Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին եւ այս ուղղութիւնները։ Բոլոր հրատարակիչներուն պէտք է քաջալերութիւն տրուի որ բաժին տան։ Իսկ անոնք՝ որոնք միշտ ժողովքին հետ կ’ընկերակցին, կրնան մասնակցիլ եթէ Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածները կ’ընդունին եւ ատոր սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրին։ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչը պէտք է բաժին տալու պահանջքները բացատրէ անոնց՝ որոնք հրատարակիչ չեն եւ կ’ուզեն բաժին տալ։ Ասիկա պէտք է ըլլայ իրենց հետ սերտողին ներկայութեան (կամ Վկայ եղող իրենց ծնողքին ներկայութեան)։ Բաժին տալու պահանջքները եւ չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու պահանջքները նոյնն են (կկ-ԱՐ գլ. 8 պարբ. 8)։
ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԵՐ
2. Մէկ վայրկեան։ Ամէն շաբաթ, բացման երգէն եւ աղօթքէն ետք, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի ատենապետը ներկաներուն հետաքրքրութիւնը պիտի արթնցնէ ժողովին յայտագրին նկատմամբ։ Ատենապետը պէտք է կեդրոնանայ այն կէտերուն վրայ, որոնք ամէնէն շատ պիտի օգտեն ժողովքին։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
3. Դասախօսութիւն։ Տասը վայրկեան։ Նիւթը եւ ատոր մասին 2-3 գլխաւոր կէտեր նշուած են «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ին մէջ։ Այս դասախօսութիւնը պէտք է նշանակուի երէցի մը կամ որակեալ օգնական ծառայի մը։ Երբ Աստուածաշունչի նոր գիրք մը նկատի պիտի առնուի Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան մէջ, այդ գիրքին նախաբանին վիտէոն պիտի դիտուի։ Դասախօսը կրնայ նիւթը կապել վիտէոյին հետ, բայց պէտք է վստահ ըլլայ որ տետրին մէջ անցած կէտերն ալ կը ծածկէ։ Ասկէ զատ, ան պէտք է նիւթին մէջ անցած նկարին մասին ալ խօսի, որ նիւթը կ’ամբողջացնէ։ Ան կրնայ յաւելեալ բացատրութիւններ ալ տալ, այնքան ատեն որ ատոնք նիւթին կէտերը աւելի կը զարգացնեն։
4. Հոգեւոր գոհարներ։ Տասը վայրկեան։ Այս բաժինը հարց–պատասխան է, եւ բացում կամ փակման խօսքեր չունի։ Այս բաժինը պէտք է ներկայացնէ երէց մը կամ որակեալ օգնական ծառայ մը։ Դասախօսը պէտք է երկու հարցումները հարցնէ ներկաներուն։ Ասկէ զատ, ան կրնայ որոշել թէ նշուած համարները պէ՛տք է կարդացուին կամ ոչ։ Իսկ ներկաներուն պատասխանները պէտք է ըլլան 30 երկվայրկեան կամ նուազ։
5. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն։ Չորս վայրկեան։ Տղայ մը պէտք է ներկայացնէ այս աշակերտական բաժինը։ Աշակերտը պէտք է նշանակուած մասը կարդայ առանց բացում կամ եզրակացութիւն ընելու։ Ժողովին ատենապետը պէտք է մասնաւորաբար օգնէ աշակերտներուն, որ Աստուածաշունչի նշանակուած մասը կարդան ճշգրիտ կերպով, հասկնալով, սահունութեամբ, ճիշդ իմաստի շեշտով, ձայներանգով, յարմար դադարով եւ բնական ոճով։ Որովհետեւ ընթերցանութեան կարգ մը հատուածներ կարճ են, իսկ ուրիշներ երկար, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչը պէտք է աշակերտներուն կարողութիւնները հաշուի առնէ, երբ անոնց նշանակում կու տայ։
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
6. Տասնհինգ վայրկեան։ Ժողովին այս մասը այնպէս մը պատրաստուած է, որ բոլորը առիթ ունենան որ ծառայութեան համար փորձեր ընեն եւ բարելաւեն իրենց խօսակցելու, քարոզելու եւ սորվեցնելու իրենց կարողութիւնը։ Եթէ պէտք ըլլայ, կարելի է երէցներուն ալ աշակերտական բաժիններ նշանակել։ Ամէն մէկ աշակերտ պէտք է աշխատի՝ բաժինին քով փակագիծին մէջ անցած կէտին վրայ։ Այդ կէտը առնուած պիտի ըլլայ կա՛մ Կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկէն կամ ալ Մարդիկը սիրէ գրքոյկէն։ Ատեններ յայտագիրին մէջ պիտի ըլլայ քննարկութիւն, որ պէտք է ներկայացնէ երէց մը կամ որակեալ օգնական ծառայ մը (Քննարկութիւն ունեցող մասերը ինչպէ՛ս վարելու նկատմամբ ուղղութիւններ առնելու համար, տե՛ս պարբերութիւն 15)։
7. Խօսակցութիւն սկսիլ։ Այս աշակերտական բաժինը տղայ մը կամ աղջիկ մը կրնայ տալ։ Օգնականը պէտք է նոյն սեռին պատկանի կամ ալ ընտանիքի անդամ ըլլայ։ Աշակերտն ու օգնականը կրնան նստիլ կամ ոտքի կայնիլ։ Այս նշանակումին նկատմամբ ուղղութիւններ առնելու համար, տե՛ս պարբերութիւններ 12 եւ 13։
8. Վերայցելել։ Այս աշակերտական բաժինը տղայ մը կամ աղջիկ մը կրնայ տալ։ Օգնականը պէտք է նոյն սեռին պատկանի (թծ 5/97 էջ 2)։ Աշակերտն ու օգնականը կրնան նստիլ կամ ոտքի կայնիլ։ Աշակերտը պէտք է ներկայացնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք վերայցելել անձի մը, որ նախապէս հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էր։ Այս նշանակումին նկատմամբ ուղղութիւններ առնելու համար, տե՛ս պարբերութիւններ 12 եւ 13։
9. Աշակերտել։ Այս աշակերտական բաժինը տղայ մը կամ աղջիկ մը կրնայ տալ։ Օգնականը պէտք է նոյն սեռին պատկանի (թծ 5/97 էջ 2)։ Աշակերտն ու օգնականը կրնան նստիլ կամ ոտքի կայնիլ։ Աշակերտը պէտք է ներկայացնէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը, որ արդէն իսկ տեղի կ’ունենայ։ Աշակերտը պէտք չունի բացում մը ընելու կամ եզրակացութիւն մը տալու, բացի եթէ ան այս մասնայատուկ կէտերուն վրայ կ’աշխատի։ Պէտք չկայ նշանակուած ամբողջ հատուածը բարձրաձայն կարդալու, թէեւ այս մէկը կարելի է ընել։
10. Հաւատալիքներդ բացատրել։ Եթէ այս բաժինը դասախօսութիւն է, տղայ մը պէտք է ատիկա ներկայացնէ։ Իսկ եթէ բաժինը ցուցադրութիւն է, տղայ մը կամ աղջիկ մը կրնայ ներկայացնել։ Օգնականը պէտք է նոյն սեռին պատկանի կամ ալ ընտանիքի անդամ ըլլայ։ Աշակերտը պէտք է գլխաւոր հարցումին յստակ պատասխան մը տայ, աղբիւրին մէջի տեղեկութիւնները գործածելով։ Աշակերտը կ’որոշէ եթէ նշուած հրատարակութիւնը պիտի գործածէ կամ ոչ իր բաժինին մէջ։
11. Դասախօսութիւն։ Այս աշակերտական բաժինը պէտք է տրուի տղու մը կողմէ։ Երբ դասախօսութիւնը հիմնուած ըլլայ Մարդիկը սիրէ գրքոյկին յաւելեալ մաս 1–ին վրայ, աշակերտը պէտք է շեշտէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք համար(ներ)ը գործածել ծառայութեան մէջ։ Օրինակ, ան կրնայ բացատրել համարին իմաստը, կամ թէ ե՛րբ կարելի է ատիկա գործածել կամ ալ ինչպէ՛ս կրնանք այդ համարով անձի մը հետ տրամաբանել։ Երբ դասախօսութիւնը հիմնուած ըլլայ Մարդիկը սիրէ գրքոյկին դասերէն առնուած կէտի մը վրայ, աշակերտը պէտք է կեդրոնանայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ կէտը գործադրել ծառայութեան մէջ։ Ան կրնայ շեշտել կա՛մ դասին առաջին կէտին տակ անցած օրինակը կա՛մ ալ դասին յաւելեալ համարներէն մէկը, եթէ տեղին ըլլայ։
12. Բաժինի բովանդակութիւն։ Այս եւ յաջորդ պարբերութիւններուն մէջ անցած տեղեկութիւնները «Խօսակցութիւն սկսիլ» եւ «Վերայցելել» բաժիններուն համար են։ Եթէ բաժինին մէջ որոշ ուղղութիւն չէ տրուած, աշակերտին գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ իր քարոզած անձին յարմարող պարզ ճշմարտութեան մը մասին խօսիլ եւ խօսակցութիւնը վերայցելութեան առաջնորդել։ Աշակերտը պէտք է մարդիկը հետաքրքրող նիւթի մը մասին խօսի։ Ան կրնայ որոշել եթէ Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն հրատարակութիւն մը կամ վիտէօ մը կ’ուզէ առաջարկել կամ ոչ։ Փոխանակ գոց սորված ներկայացում մը ցուցադրելու, ան պէտք է աշխատի խօսակցելու ձիրքերու վրայ,– օրինակ՝ անձով հետաքրքրուելու եւ բնական կերպով խօսելու վրայ։
13. Ներկայացնելու կերպ։ Աշակերտը պէտք է ներկայացնելու իր կերպը տեղական պարագաներուն յարմարցնէ։ Օրինակ.
(1) Տունէ տուն։ Այս ներկայացնելու կերպը կը պարփակէ տունէ տուն քարոզել,– ըլլա՛յ ատիկա երես–երեսի, հեռաձայնով կամ նամակի միջոցաւ,– եւ խօսակցութիւնը շարունակել անձի մը հետ, որու նախապէս քարոզած ենք տունէ տուն ծառայութեան մէջ։
(2) Անպաշտօն վկայութիւն։ Այս ներկայացնելու կերպով, առիթը կրնանք օգտագործել, որ պարզ խօսակցութիւն մը վկայութեան առաջնորդենք։ Կրնանք խօսակցութեան մէջ համար մը անցընել, մինչ օրուան ընթացքին մարդոց հետ կը խօսինք գործատեղը, դպրոցը, մեր ապրած շրջանին մէջ, հանրային փոխադրամիջոցին մէջ եւ այլն։
(3) Հանրային վկայութիւն։ Այս ներկայացնելու կերպը կը պարփակէ սայլակով վկայել, առեւտրական շրջաններու մէջ քարոզել, փողոցի վկայութիւն կամ վկայութիւն հանրային պարտէզներու եւ կառատուներու մէջ, կամ ալ՝ ո՛ւր որ մարդիկ գտնուին։
14. Վիտէօներու եւ հրատարակութիւններու գործածութիւն։ Աշակերտ մը կրնայ որոշել եթէ վիտէօ մը կամ հրատարակութիւն մը կ’ուզէ գործածել կամ ոչ։ Եթէ բաժինը կը պահանջէ վիտէօ մը գործածել կամ ալ եթէ աշակերտը ի՛նքը որոշէ վիտէօ մը գործածել, ան պէտք է վիտէոն ներկայացնէ եւ քննարկէ, բայց դիտել չտայ։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
15. Այս մասը կը սկսի երգով մը։ Ետքը, առաջին 15 վայրկեանուան մէջ նկատի պիտի առնուի մէկ կամ երկու բաժիններ, որոնք ներկաներուն կ’օգնեն որ Աստուծոյ Խօսքը գործադրեն։ Եթէ ուղղութիւն մը չէ տրուած, այս բաժինները կրնան նշանակուիլ երէցներու կամ որակեալ օգնական ծառաներու, բացի տեղական կարիքի բաժինէն, որ պէտք է նշանակուի երէցի մը։ Եթէ նիւթը քննարկութիւն մըն է, եղբայրը կրնայ յաւելեալ հարցումներ ալ հարցնել, նիւթը քննարկած ժամանակ։ Ան իր բացման խօսքերը պէտք է կարճ պահէ, որ բաւարար ժամանակ ունենայ ծածկելու գլխաւոր կէտերը եւ ներկաներուն առիթ տայ մասնակցելու։ Եթէ բաժինին մէջ հարցազրոյց ըլլայ, նախընտրելի է որ անիկա բեմէն ներկայացուի։
16. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն։ Երեսուն վայրկեան։ Այս բաժինը պէտք է նշանակուի որակեալ երէցի մը (եթէ երէցներուն թիւը սահմանափակ է, որակեալ օգնական ծառաներ կրնան նշանակուիլ)։ Երէցներու մարմինը պէտք է որոշէ թէ ո՛վ որակեալ է Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը վարելու։ Անոնք որոնք կը նշանակուին, պէտք է կարող ըլլան լաւ կերպով վարելու, որպէսզի ուսումնասիրութիւնը ճիշդ ժամանակին վերջացնեն, գլխաւոր համարները շեշտեն եւ բոլորին օգնեն ըմբռնելու, թէ նկատի առնուած կէտերը ի՛նչ գործնական արժէք ունին։ Անոնք պիտի օգտուին աչքէ անցընելով այն ուղղութիւնները, որոնք կապ ունին հարց–պատասխան բաժինները ինչպէ՛ս վարելու հետ (դ23 .04 էջ 24, շրջանակ)։ Շաբթուան նիւթը լաւ մը նկատի առնուելէ ետք, պէտք չկայ ուսումնասիրութիւնը երկարելու։ Եթէ կարելիութիւնը կայ, տարբեր վարիչներ եւ ընթերցողներ պէտք է ըլլան ամէն շաբաթ։ Եթէ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի ատենապետը վարիչէն խնդրէ, որ ուսումնասիրութիւնը կարճ կապէ, վարիչը պէտք է որոշէ ինչպէ՛ս ընել ասիկա։ Թերեւս ան որոշէ որ կարգ մը պարբերութիւններ չկարդացուին։
ՓԱԿՄԱՆ ԽՕՍՔԵՐ
17. Երեք վայրկեան։ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի ատենապետը վերաքաղ պիտի ընէ ժողովին մէջ նկատի առնուած կարգ մը օգտակար կէտեր։ Ան նաեւ պէտք է յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ մը ընէ։ Ան կրնայ յաջորդ շաբաթ բաժին ունեցող աշակերտներուն անունները յայտարարել, եթէ ժամանակը ներէ։ Ատենապետը այս բաժինին մէջ պէտք է նշէ կարեւոր յայտարարութիւններ եւ կարդայ կարեւոր նամակներ, բացի եթէ տարբեր ուղղութիւն մը տրուած է։ Սովորական տեղեկութիւնները, ինչպէս՝ դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները եւ մաքրութեան յայտագիրները, պէտք չէ բեմէն յայտարարուին, հապա պէտք է տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ դրուին։ Եթէ այս բաժինին յատկացուած ժամանակը չի բաւեր յայտարարութիւններ ընելու կամ նամակները կարդալու, ատենապետը պէտք է «Քրիստոնէավայել ապրելակերպ» մասին մէջ բաժին ունեցող եղբայրներէն խնդրէ, որ իրենց բաժինները կարճ կապեն (տե՛ս պարբերութիւններ 16 եւ 19)։ Ժողովը պիտի վերջանայ երգով մը եւ աղօթքով մը։
ԳՈՎԱՍԱՆՔ ՈՒ ԽՐԱՏ
18. Ամէն մէկ աշակերտական բաժինէն ետք, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի ատենապետը գրեթէ մէկ վայրկեան ունի, որ գովէ եւ խրատ տայ աշակերտին նշանակուած կէտէն։ Երբ ատենապետը բեմ հրաւիրէ աշակերտը, անոր աշխատելիք կէտը պիտի չյիշէ։ Բայց բաժինը ներկայացուելէն եւ կարգ մը գովասանքի խօսքեր ըսելէ ետք, ատենապետը կրնայ աշխատելիք կէտը նշել եւ ըսել, որ աշակերտը ինչպէ՛ս գործադրեց այդ կէտը, կամ կրնայ ազնուօրէն բացատրել թէ ան ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս պէտք է աւելի աշխատի այդ կէտին վրայ։ Ատենապետը նաեւ կրնայ բաժինին նկատմամբ ուրիշ կէտեր յիշել, եթէ զգայ որ աշակերտը կամ ներկաները պիտի օգտուին ատոնցմէ։ Ժողովէն ետք կամ ուրիշ ատեն, ատենապետը կրնայ ուրիշ խրատներ ալ տալ աշակերտին՝ Մարդիկը սիրէ գրքոյկէն, Կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկէն կամ Ծառայութեան դպրոց գիրքէն։ Այդ խրատը կրնայ ըլլալ աշխատելիք կէտին մասին կամ ուրիշ կէտի մը մասին («Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի ատենապետին եւ օժանդակ խրատատուին դերերուն մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս պարբերութիւններ 19, 24 եւ 25)։
ԺԱՄԱՆԱԿ
19. Բաժինները եւ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի ատենապետին ըսելիքները պէտք չէ որոշուած ժամանակէն երկար տեւեն։ Թէեւ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետրը կը նշէ ամէն մէկ բաժինին ժամանակը, բայց եթէ նիւթը լաւ կերպով կը ներկայացուի աւելի քիչ ժամանակ առնելով, պէտք չկայ աւելորդ տեղեկութիւններ յիշելու՝ լման ժամանակը գործածելու համար։ Երբ բաժինները որոշուած ժամանակէն երկար տեւեն, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի ատենապետը կամ օժանդակ խրատատուն պէտք է առանձնաբար խրատ տայ բաժին ունեցողներուն (տե՛ս պարբերութիւններ 24 եւ 25)։ Ամբողջ ժողովը, երգերով եւ աղօթքներով միասին, պէտք է մէկ ժամ եւ 45 վայրկեան տեւէ։
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՏԵՍՈՒՉԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
20. Երբ շրջանային տեսուչը այցելէ ժողովքին, յայտագիրը պէտք է ընթանայ ինչպէս որ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ին մէջ յիշուած է, հետեւեալ բացառութիւններով. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան տեղ՝ 30 վայրկեան տեւող ծառայութեան դասախօսութիւն մը պիտի տրուի շրջանային տեսուչին կողմէ։ Ծառայութեան դասախօսութենէն առաջ, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի ատենապետը վերաքաղ պիտի ընէ ժողովը, յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ մը պիտի ընէ, եթէ կարեւոր յայտարարութիւն կայ պիտի յայտարարէ, եթէ որեւէ կարեւոր նամակ կայ պիտի կարդայ եւ ետքը բեմ պիտի հրաւիրէ շրջանային տեսուչը։ Ծառայութեան դասախօսութենէն ետք, շրջանային տեսուչը իր զատած երգով պիտի փակէ ժողովը։ Ան կրնայ ուրիշ եղբօրմէ մը խնդրել փակման աղօթքը ընել։ Շրջանային տեսուչին այցելութեան ատեն, ժողովքի լեզուով եղող յաւելեալ դասարաններ տեղի պիտի չունենան։ Եթէ ժողովքը ունի օտարախօս խումբ մը, ատիկա կրնայ իր ժողովը ունենալ, նոյնիսկ երբ շրջանային տեսուչը կ’այցելէ հիւրընկալ ժողովքին։ Բայց խումբը պէտք է միանայ հիւրընկալ ժողովքին, երբ շրջանային տեսուչը ծառայութեան դասախօսութիւնը պիտի տայ։
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԿԱՄ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՇԱԲԱԹ
21. Շրջանային կամ տարեկան համաժողովին շաբաթը ժողովներ տեղի չեն ունենար։ Ժողովքին պէտք է յիշեցում տրուի, որ այդ շաբաթներուն ժողովի յայտագիրները նկատի առնուին կա՛մ անհատապէս կամ ալ ընտանեօք։
ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻ ՇԱԲԱԹ
22. Եթէ Յիշատակատօնը շաբթուան մէջ գայ, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովին համար յայտագիր պիտի չըլլայ։
«ԿԵԱՆՔ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ» ԺՈՂՈՎԻ ՏԵՍՈՒՉ
23. Երէցներու մարմինը կ’ընտրէ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչը։ Անոր պատասխանատուութիւնն է՝ ժողովը կազմակերպուած պահել եւ վստահ ըլլալ որ այս ուղղութիւններուն համաձայն կ’ընթանայ։ Ան պէտք է լաւ հաղորդակցութիւն ունենայ օժանդակ խրատատուին հետ։ Հազիւ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ը լոյս տեսնէ, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչը երկու ամսուան միջշաբաթային ժողովներու բոլոր բաժինները պիտի նշանակէ։ Ասոնց մէջ կ’իյնան աշակերտական բաժինները, ոչ–աշակերտական բաժինները եւ ատենապետի դերը։ Երէցներու մարմինը կ’ընտրէ երէցներ, որոնք կրնան ատենապետ ըլլալ (տե՛ս պարբերութիւններ 3-16 եւ 24)։ Երբ աշակերտներուն բաժիններ կը նշանակէ, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչը պէտք է հաշուի առնէ աշակերտին տարիքը, փորձառութիւնը եւ քննարկուած նիւթին նկատմամբ անոր խօսքի ազատութիւնը։ Ան նոյն դատողութիւնը պէտք է գործածէ, երբ ժողովի միւս բաժիններն ալ կը նշանակէ։ Բոլոր բաժինները պէտք է տրուելիք թուականէն առնուազն երեք շաբաթ առաջ բաժնուին։ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը ժողովի նշանակում (S-89) թերթիկը պէտք է գործածուի՝ աշակերտներուն նշանակումներուն համար։ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչը պէտք է վստահ ըլլայ որ ժողովի նշանակումներու յայտագիրէն օրինակ մը դրուած է ցուցատախտակին վրայ։ Երէցներու մարմինը կրնայ ընտրել երէց մը կամ օգնական ծառայ մը, որ իրեն օգնէ։ Բայց միայն երէցներ պէտք է ոչ–աշակերտական բաժինները նշանակեն։
«ԿԵԱՆՔ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ» ԺՈՂՈՎԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ
24. Ամէն շաբաթ երէց մը պիտի ըլլայ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովին ատենապետը (եթէ երէցներուն թիւը քիչ է, որակեալ օգնական ծառաներ կրնան ատենապետ ըլլալ)։ Ատենապետը կը պատրաստէ բացման եւ փակման խօսքերը։ Ան նաեւ ժողովին բոլոր բաժիններուն բացումը կ’ընէ եւ ժողովին ընթացքին ուրիշ բաժիններ ալ կու տայ, մանաւանդ ատոնք՝ որոնք առանց քննարկութեան վիտէօ ցուցադրել են։ Անշուշտ ասիկա կախեալ է երէցներուն թիւէն։ Բաժիններուն միջեւ տրուած մեկնաբանութիւնները կարճ պէտք է ըլլան։ Երէցներու մարմինը կ’որոշէ թէ ո՛ր երէցները որակեալ են ատենապետ ըլլալու։ Որակեալ երէցները կարգով կը նշանակուին որպէս ատենապետ։ Պարագաներէն կախեալ ըլլալով, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչը կրնայ միւս որակեալ երէցներէն աւելի ատենապետ ըլլալ։ Եթէ երէց մը որակեալ է Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը վարելու, շատ հաւանաբար որակեալ է ատենապետ ըլլալու։ Բայց, ի մտի ունեցէք որ ատենապետէն պահանջուած է, որ սիրալիր կերպով գովէ եւ, եթէ պէտք ըլլայ, օգտակար խրատ տայ աշակերտական բաժին ունեցողներուն։ Ասկէ զատ, ատենապետին պատասխանատուութիւնն է վստահ ըլլալ, որ ժողովը որոշուած ժամանակին կը վերջանայ (տե՛ս պարբերութիւններ 17 եւ 19)։ Եթէ ատենապետը ուզէ եւ եթէ բեմին վրայ տեղ կայ, յաւելեալ միքրոֆոն մը կրնայ դրուիլ բեմին վրայ, որպէսզի ան կարենայ ամէն մէկ բաժինին բացումը ընել, մինչ բաժին ունեցող եղբայրը կը պատրաստուի իր բաժինը տալու։ Ասկէ զատ, ատենապետը կրնայ բեմին վրայ գտնուող աթոռի մը վրայ նստիլ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ընթացքին եւ «Դաշտի ծառայութեան մէջ ժրաջան եղիր» բաժինին ընթացքին, որպէսզի ժամանակ շահի։
ՕԺԱՆԴԱԿ ԽՐԱՏԱՏՈՒ
25. Երբ որ կարելիութիւնը կայ, լաւ կ’ըլլայ որ այս նշանակումին համար ընտրուի երէց մը, որ փորձառու դասախօս է։ Օժանդակ խրատատուն երէցներուն եւ օգնական ծառաներուն անձնական խրատ կու տայ իրենց նշանակումներուն նկատմամբ, ըլլան ատոնք՝ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի բաժիններ, հանրային դասախօսութիւններ, Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կամ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը վարել կամ անոնց ընթացքին կարդալ (տե՛ս պարբերութիւն 19)։ Եթէ ժողովքին մէջ մէկէ աւելի երէցներ կան, որոնք կարող դասախօսներ եւ ուսուցանողներ են, այդ պարագային ամէն տարի տարբեր որակեալ երէց մը կրնայ օժանդակ խրատատուն ըլլալ։ Պայման չէ որ օժանդակ խրատատուն ամէն բաժինէ ետք խրատ տայ։
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐ
26. Աշակերտներուն թիւը կ’որոշէ, եթէ ժողովքը աշակերտական բաժիններուն համար յաւելեալ դասարաններու պէտք ունի կամ ոչ։ Ամէն մէկ յաւելեալ դասարան պէտք է որակեալ խրատատու մը ունենայ, եւ նախընտրելի է որ ատիկա երէց մը ըլլայ։ Եթէ պէտք կայ, որակեալ օգնական ծառայ մը կրնայ նշանակուիլ։ Երէցներու մարմինը պէտք է որոշէ, թէ որո՛նք կրնան խրատատու ըլլալ եւ թէ արդեօք պէ՞տք է ամէն անգամ տարբեր մէկը խրատատու ըլլայ։ Խրատատուն պէտք է 18–րդ պարբերութեան ուղղութիւններուն հետեւի։ Եթէ յաւելեալ դասարան մը տեղի կ’ունենայ, աշակերտներէն պէտք է խնդրուի որ «Աստուծոյ Խօսքէն գանձեր» մասին «Հոգեւոր գոհարներ» բաժինէն ետք անցնին յաւելեալ դասարանը։ Անոնք պէտք է ետ ժողովքին միանան աշակերտական վերջին բաժինէն ետք։
ՎԻՏԷՕՆԵՐ
27. Այս ժողովին ընթացքին որոշ վիտէօներ պիտի դիտուին։ Ատոնք կարելի է գտնել JW Library® էփին մէջ եւ կրնան դիտուիլ շատ մը ելեկտրոնային գործիքներով։
© 2023 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
S-38-R 11/23