Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

Օդը բնականէն աւելի տաք է ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Օդը բնականէն աւելի տաք է ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

 Յուլիս 2022–ին, խիստ բարձր տաքի ալիքներ եղան ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ.

  •   «Այս ամիս, երկրորդ անգամ ըլլալով, Չինաստանը ժողովուրդը կը զգուշացնէ, որ գրեթէ 70 քաղաքներու մէջ օդը վտանգաւոր կերպով տաք պիտի ըլլայ» (25 յուլիս 2022, CNN Wire Service)։

  •   «Եւրոպայի տարածքին, անտառային հրդեհները կը կատղին, քանի որ օդը բնականէն շատ աւելի տաք է» (17 յուլիս 2022, The Guardian

  •   «Մինչ ամառնային տաքի ալիք մը կը տարածուէր Միացեալ նահանգներու արեւելեան ծովափին, ինչպէս նաեւ հարաւի եւ Կեդրոնական–Արեւմուտքի կարգ մը շրջաններու մէջ, կիրակի օրը՝ Միացեալ նահանգներու տարածքին շատ մը քաղաքներու մէջ, որեւէ ժամանակէ աւելի տաք ըրաւ» (24 յուլիս 2022, The New York Times

 Այս բոլորը ի՞նչ ցոյց կու տան։ Արդեօք վերջ ի վերջոյ անկարելի պիտի դառնա՞յ Երկիր մոլորակին վրայ ապրիլ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։

Աստուածաշունչը մարգարէացա՞ծ էր տաքի ալիքներու մասին

 Այո՛։ Ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած տաքի ալիքները մաս կը կազմեն այն դէպքերուն, որոնց մասին Աստուածաշունչը մարգարէացաւ, որ տեղի պիտի ունենային մեր օրերուն։ Օրինակի համար, Յիսուս մարգարէացաւ որ «սոսկալի բաներ», այսինքն՝ վախնալիք դէպքեր, տեղի պիտի ունենային (Ղուկաս 21։11)։ Շատեր, տեսնելով տաք օդի բարձր ջերմաստիճանները, կը վախնան որ օր մը, մարդ արարածին պատճառով, Երկիր մոլորակին վրայ ապրիլը անկարելի պիտի ըլլայ։

Երկիր մոլորակին վրայ ապրիլը անկարելի պիտի դառնա՞յ

 Ո՛չ։ Աստուած երկիրը ստեղծեց, որ մարդկութեան մնայուն տունը ըլլայ (Սաղմոս 115։16. Ժողովող 1։4)։ Փոխանակ թոյլ տալու մարդոց որ Երկիրը կործանեն, Աստուած ‘կորուստի պիտի մատնէ անոնք՝ որոնք երկիրը կ’ապականեն’, ինչպէս որ խոստացած է (Յայտնութիւն 11։18, ՆԹ

 Նկատի առ միայն երկու մարգարէութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, որ Աստուած ուրիշ ի՛նչ խոստացած է.

  •   «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի» (Եսայի 35։1)։ Աստուած պիտի չձգէ որ երկիրը անբնակելի անապատ դառնայ, հապա բոլո՜ր վնասուած շրջանները պիտի նորոգէ։

  •   «Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես, շատ կը հարստացնես զանիկա» (Սաղմոս 65։9)։ Աստուծոյ օրհնութեամբ, երկիրը դրախտ պիտի դառնայ։

 Տեսնելու համար թէ կլիմայի փոփոխութիւնը ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարում է, կարդա՛ «Կլիմայի փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր ապագային. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ» յօդուածը։

 Երկրին նորոգուած մթնոլորտին նկատմամբ Աստուածաշունչի խոստումին մասին աւելի՛ն գիտնալու համար, կարդա՛ «Ո՞վ պիտի ազատէ Երկիր մոլորակը» յօդուածը։