Համեստ տղամարդիկը կը մարզեն եւ պատասխանատուութիւններ կը յանձնեն
Երբ փորձառու եղբայրները երիտասարդները կը մարզեն եւ ետքը պատասխանատուութիւններ կու տան անոնց, ցոյց կու տան որ համեստ, սիրալիր եւ խորագէտ են։ Լաւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան պատասխանատուութիւններ յանձնել անոնց։
-
Ընտրէ անհատներ, որոնք կրնան աւելի պատասխանատուութիւններ շալկել։
-
Յստակօրէն անոնց բացատրէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն որ իրենց տրուած գործը ամբողջացնեն։
-
Մատչելի դարձուր ամէն ինչ որ պէտք է, որ մարզուող եղբայրը գործը ամբողջացնէ։
-
Ստուգէ թէ գործը ինչպէ՛ս կ’ընթանայ, եւ եղբօր արտայայտէ, որ վստահ ես որ ինք պիտի կարենայ գործը ամբողջացնել։
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ի՞նչ պատասխանատուութիւններ կրնամ յանձնել ուրիշներուն’։