Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՏԻՏՈՍ 1–ՓԻԼԻՄՈՆ

‘Երէցներ կարգէ’

‘Երէցներ կարգէ’

Տիտ. 1։5-9

Պօղոս Տիտոսին ըսաւ որ ‘ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգէ’։ Ներկայիս, Եհովային ժողովուրդը այս օրինակին է որ կը հետեւի, երբ շրջանային տեսուչնե՛րը երէցներ եւ օգնական ծառաներ կը նշանակեն ժողովքներուն մէջ։

ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

Առաջին դարու օրինակին հետեւելով, Կառավարիչ մարմինը շրջանային տեսուչներուն կը վստահի՝ երէցներ եւ օգնական ծառաներ նշանակելու լուրջ պատասխանատուութիւնը։

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՏԵՍՈՒՉՆԵՐ

Ամէն մէկ շրջանային տեսուչ պէտք է ուշադրութեամբ նկատի առնէ երէցներուն ըրած յանձնարարութիւնները ու ատոնց մասին աղօթէ, եւ ետքը որակեալ տղամարդիկը նշանակէ։

ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԵՐԷՑՆԵՐ

Անոնք որոնք որպէս երէց կը նշանակուին պէտք է շարունակեն Աստուածաշունչին որակումները գոհացնել իրենց նշանակումէն ետք։