ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Զգոյշ եղիր որ սխալ տեղեկութիւններ չփոխանցես
Ներկայիս, տեղեկութիւնները շատ արագ կրնան փոխանցուիլ, ըլլա՛յ տպուած կերպով, ռատիոյով, հեռատեսիլով կամ համացանցով։ Անոնք որոնք ‘ճշմարտութեան Աստուածը’ կը պաշտեն, չեն ուզեր սխալ տեղեկութիւններ փոխանցել, նոյնիսկ եթէ ատիկա դիտմամբ չըլլայ (Սաղ. 31։5. Ել. 23։1)։ Ուրիշներուն փոխանցուած սխալ տեղեկութիւնները կրնան մեծ վնաս հասցնել։ Որպէսզի գիտնաս թէ տեղեկութիւն մը ճի՛շդ է կամ ոչ, դուն քեզի հարցուր.
-
‘Տեղեկութեան աղբիւրը վստահելի՞ է’։ Կրնայ ըլլալ որ պատմութիւնը պատմողը լման մանրամասնութիւնները չի գիտեր։ Երբ պատմութիւնները բերնէ–բերան կ’անցնին, ի վերջոյ կը փոխուին։ Մանաւանդ ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններ ունեցողները պէտք է զգոյշ ըլլան, որ չփաստուած տեղեկութիւններ չփոխանցեն, քանի որ անոնք տեղեկութիւններու վստահելի աղբիւր կը սեպուին։
-
‘Տեղեկութիւնը զրպարտութի՞ւն է’։ Եթէ ատիկա մէկու մը կամ որոշ խումբի մը անունը կ’աւրէ, աւելի լաւ է որ զայն ուրիշներու չփոխանցենք (Առ. 18։8. Փլպ. 4։8)։
-
‘Տեղեկութիւնը տրամաբանակա՞ն է’։ Զգոյշ եղիր երբ խենթանալիք պատմութիւններ կամ փորձառութիւններ կը լսես։
ԴԻՏԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻՆ ՎԵՐՋ ԴՆԵԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Ըստ Առակաց 12։18–ին, խօսքերը ի՞նչ վնաս կրնան հասցնել։
-
Փիլիպպեցիս 2։4–ը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, որ գիտնանք ի՛նչ պէտք է խօսինք եւ ի՛նչ պէտք չէ խօսինք։
-
Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ մարդիկ սկսին ծաղր ընել ուրիշները կամ ժխտական բաներ խօսիլ անոնց մասին։
-
Ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք մենք մեզի, առաջ որ սկսինք ուրիշներու մասին խօսելու։