Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Զանոնք մարզէ որ շարունակեն Եհովային ծառայել

Զանոնք մարզէ որ շարունակեն Եհովային ծառայել

Նկատած ենք որ երբ նոր հրատարակիչներ սկիզբէն մարզուին որ կանոնաւորաբար եւ նախանձախնդրօրէն ծառայութեան մասնակցին, ազդու հրատարակիչներ կը դառնան (Առ. 22։6. Փլպ. 3։16)։ Տեսնենք որ ինչպէ՛ս կրնաս աշակերտիդ օգնել որ լաւ քարոզիչ ըլլայ։

  • Հազիւ աշակերտդ հրատարակիչ ըլլայ, սկսէ զինք մարզել (թծ 8/15 էջ 1)։ Իրեն ցոյց տուր թէ որքա՛ն կարեւոր է որ ծառայութիւնը իր շաբաթական յայտագրին մէկ մասը դարձնէ (Փլպ. 1։10)։ Երբ թաղամասին մասին կը խօսիս, դրական եղիր (Փլպ. 4։8)։ Զինք քաջալերէ որ խումբի տեսուչին եւ ուրիշ հրատարակիչներու հետ ծառայէ, որ անոնց փորձառութենէն օգտուի (Առ. 1։5. թծ 10/12 էջ 6 պարբ. 3

  • Աշակերտիդ մկրտութենէն ետք, շարունակէ զինք քաջալերել եւ մարզել ծառայութեան մէջ, մանաւանդ եթէ դեռ «Աստուծոյ սէրը» գիրքը չէ ամբողջացուցած (թծ 12/13 էջ 7

  • Երբ նոր հրատարակիչի մը հետ կը ծառայես, պարզ ներկայացում մը գործածէ։ Իր ներկայացումը մտիկ ընելէ ետք, զինք գովէ։ Եւ թելադրութիւններ տուր, որոնք իրեն պիտի օգնեն որ աւելի ազդու քարոզիչ ըլլայ (թծ 5/10 էջ 7