ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Դրամական խնդիրներուն կրնա՛ս տոկալ
Այս վերջին օրերուն մէջ կեանքը դժուարութիւններով լեցուն է, եւ ժամանակի ընթացքին ատոնք ա՛լ աւելի պիտի շատնան։ Կրնայ ըլլալ որ ատեններ մեր կարգ մը պէտքերը ապահովուած չըլլան (Ամբ. 3։16-18)։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ չմտահոգուինք։ Պէտք է շարունակենք մեր Աստուծոյն՝ Եհովային վստահիլ։ Ան խոստացած է որ իր ծառաներուն հոգ տանի, եւ ինք կրնա՛յ մեր պէտքերը հոգալ ամէն բանի մէջ (Սաղ. 37։18, 19. Եբ. 13։5, 6)։
Ի՞նչ կրնաս ընել
-
Եհովայէն ուղղութիւն, իմաստութիւն եւ օգնութիւն խնդրէ (Սաղ. 62։8)։
-
Պատրաստ եղիր աշխատելու բան մը, որ ասկէ առաջ չես աշխատած (g 1/10 8-9, շրջանակներ)։
-
Հոգեւոր ռութինդ պահէ. ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդայ, ժողովներուն ներկայ եղիր եւ ծառայութեան ել։
ԴԻՏԷ ՀԱՍՏԱՏ ՀԻՄ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՈՒՆ ՄԸ ՇԻՆԵՑԷՔ. «ԲԱՒԱԿԱՆ ՍԵՊԵՑԷՔ ՈՐՉԱՓ ԲԱՆ ՈՐ ՁԵՌՔԵՐՆԻԴ ԿԱՅ» ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Կարգ մը ընտանիքներ ի՞նչ դժուարութիւններէ անցած են։
-
Կեանքի մէջ ամէնէն կարեւոր բանը ի՞նչ է։
-
Ինչպէ՞ս կրնաս օգնել դրամական նեղութիւն քաշողներուն։