Սուրբ հոգին կը թափուի քրիստոնէական ժողովքին վրայ
Հրեաներէն շատեր, որոնք Ք.Ե. 33–ին, Պէնտէկոստէի ժամանակ Երուսաղէմի մէջ էին, ուրիշ ազգերէ եկած էին (Գործք 2։9-11)։ Հակառակ անոր որ Մովսիսական օրէնքը կը պահէին, կրնայ ըլլալ որ անոնք իրենց ամբողջ կեանքը օտար երկրի մէջ ապրած էին (Եր. 44։1)։ Այդ պատճառով, ոմանք թերեւս իրենց երկրի մարդոց երեւոյթը եւ խօսակցութիւնը ունէին, եւ ոչ թէ հրեաներուն։ Երբ այս բազմազգի ժողովուրդէն 3000 անհատներ մկրտուեցան, քրիստոնէական ժողովքը մէկ անգամէն տեսակաւոր մարդոցմով լեցուեցաւ։ Հակառակ անոնց տարբեր ենթահողերուն, անոնք «միաբանութեամբ տաճարը երթալու ետեւէ էին» (Գործք 2։46)։
Ինչպէ՞ս կրնաս անկեղծօրէն հետաքրքրուիլ. . .
-
թաղամասիդ մարդոցմով, որոնք ուրիշ երկիրներէ են։
-
ժողովքիդ եղբայրներով ու քոյրերով, որոնք ուրիշ երկիրներէ են։