Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Հոգեւորապէս արթուն եւ գործունեայ մնա՛ երբ պարագաներդ փոխուին

Հոգեւորապէս արթուն եւ գործունեայ մնա՛ երբ պարագաներդ փոխուին

Կեանքի մէջ միշտ փոփոխութիւններ կան, մանաւանդ՝ այս վերջին օրերուն (Ա. Կոր. 7։31)։ Փոփոխութիւնները, ըլլան անոնք ակնկալուած կամ անակնկալ, լաւ կամ գէշ, կրնան մեր պաշտամունքին արգելք ըլլալ եւ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը վտանգել։ Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ հոգեւորապէս արթուն եւ գործունեայ մնանք այս փոփոխութիւններով լեցուն ժամանակներուն մէջ։ Դիտէ Փոխադրութեան ժամանակ հոգեւորապէս հաստատ մնալ վիտէոն եւ յետոյ այս հարցումներուն պատասխանէ։

  • Տան գլուխը ի՞նչ խրատ ստացաւ եղբօրմէ մը։

  • Մատթէոս 7։25–ի սկզբունքը ինչպէ՞ս կը կիրարկուէր ընտանիքին պարագային։

  • Ընտանիքը ինչպէ՞ս սկիզբէն պատրաստուեցաւ տեղափոխուելու եւ ասիկա իրենց ինչպէ՞ս օգնեց։

  • Ի՞նչը ընտանիքին օգնեց որ փոփոխութիւններուն վարժուի՝ թէ՛ ժողովքին եւ թէ թաղամասին մէջ։

Վերջերս ի՞նչ մեծ փոփոխութիւններ եղան կեանքիս մէջ։

Ինչպէ՞ս կրնամ կիրարկել այն սկզբունքները, որոնք այս վիտէոյին մէջ անցան։