Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նոյեմբեր 18-24

ՍԱՂՄՈՍ 107-108

Նոյեմբեր 18-24

Երգ 23 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է»

(10 վրկ.)

Ինչպէս որ Եհովան իսրայէլացիները ազատեց Բաբելոնէն, նոյնպէս մեզ ազատած է Սատանային աշխարհէն (Սաղ. 107։1, 2. Կող. 1։13, 14)

Եհովային շնորհակալ ըլլալը մեզ կը մղէ, որ ժողովքին մէջ զինք փառաբանենք (Սաղ. 107։31, 32. դ07 5/1 8 ¶2)

Երբ մտածենք բոլոր այն բաներուն մասին, որոնք Եհովան մեզի համար ըրած է, իրեն աւելի՛ երախտապարտ կ’ըլլանք (Սաղ. 107։43. դ15 1/15 9 ¶4)

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 108։9. Մովաբը ինչո՞ւ նմանցուած է Աստուծոյ «լուացուելու աման»ին (խա-2-ԱՐ «Մովաբ»

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ (մսա դաս 1 կէտ 4

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Անձին խօսէ Սուրբ Գիրքի դասընթացքին մասին եւ Սուրբ Գիրքը սերտելու քարտը տուր իրեն (մսա դաս 9 կէտ 3

6. Դասախօսութիւն

(5 վրկ.) կպհ-ԱՐ 90։ Նիւթ՝ Ի՞նչ կրնամ ընել, որ ժխտական կերպով չմտածեմ (կս դաս 14

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 2

7. Կ’երգենք՝ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու համար

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Երբ Եհովան Կարմիր ծովին մօտ վախի մէջ եղող իսրայէլացիները ազատեց եգիպտական զօրաւոր բանակէն, իր երախտապարտ ժողովուրդը մղուեցաւ իրեն երգելու (Ել. 15։1-19)։ Նա՛խ տղամարդիկը սկսան այդ երգը երգել (Ել. 15։21)։ Յիսուսը եւ առաջին քրիստոնեաներն ալ Աստուած փառաբանեցին երգելով (Մատ. 26։30. Կող. 3։16)։ Ներկայիս, մենք ալ Եհովային հանդէպ մեր գնահատանքը կ’արտայայտենք՝ երգելով ժողովներուն եւ համաժողովներուն ընթացքին։ Օրինակ, քիչ առաջ մեր երգած երգը՝ «Շնորհակալ ենք, Տէ՛ր Եհովա» մեր ժողովներուն մէջ երգուած է 1966–էն ի վեր։

Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, թերեւս տղամարդիկ կ’ամչնան բոլորին առջեւ երգելու։ Ուրիշներ թերեւս չեն երգեր, քանի որ կը զգան որ իրենց ձայնը լաւ չէ։ Բայց յիշենք որ ժողովներուն մէջ երգելը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է։ Եհովայի կազմակերպութիւնը շատ ջանք կը թափէ, որ գեղեցիկ երգեր պատրաստէ եւ որոշէ թէ ամէն մէկ ժողովին ո՛ր երգերը պիտի երգուին։ Մեզի կ’իյնայ ընել դիւրին բանը՝ միասին երգել, մեր երկնաւոր Հօր ցոյց տալու թէ զինք որքա՜ն կը սիրենք ու կը գնահատենք։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Մեր պատմութիւնը՝ անցեալէն ներկայ. Մեր երգերը նուէր են (մաս 2)։ Ետքը հարցուր.

  • Ի՞նչ պատահեցաւ 1944–ին։

  • Սիպերիոյ մէջ մեր եղբայրները ինչպէ՞ս ցոյց տուին որ կը սիրեն Թագաւորութեան երգեր երգել։

  • Եհովայի վկաներուն համար երգելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 136 եւ աղօթք