Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ինչպէ՞ս կրնաս գործնական կէտեր նկատի առնել դաշտի ծառայութեան ժողովներուն

Ինչպէ՞ս կրնաս գործնական կէտեր նկատի առնել դաշտի ծառայութեան ժողովներուն

Դաշտի ծառայութեան ժողովները, ինչպէս բոլոր ժողովները, Եհովային կողմէ կարգադրութիւն մըն են, որոնց միջոցաւ կրնանք սիրոյ եւ բարեգործութեան մղել իրար (Եբ. 10։24, 25)։ Ատոնք պէտք է հինգէն եօթը վայրկեան ըլլան, որուն մէջ հաշուուած են՝ խումբերը կազմակերպել, թաղամաս նշանակել եւ աղօթել (եթէ հաւաքավայրը տեղի կ’ունենայ ժողովէ մը ետք, ատիկա ա՛լ աւելի կարճ պէտք է ըլլայ)։ Վարողը պէտք է պատրաստէ նիւթ մը, որ այդ օրը ծառայողներուն համար գործնական պիտի ըլլայ։ Օրինակ, եթէ հաւաքավայրը շաբաթ օրն է, թերեւս ներկաներէն շատերուն համար մէկ շաբաթ եղած է որ ծառայութեան չեն ելած։ Անոր համար թերեւս գործնական է, որ նկատի առնուի թէ տանտէրին ի՛նչ կրնանք ըսել։ Ուրիշ ի՞նչ նիւթեր կրնան օգտակար ըլլալ։

  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր–էն բացում մը

  • Ինչպէ՞ս կրնանք նոր պատահած դէպք մը կամ լուր մը օգտագործել, որ մէկու մը հետ սկսինք խօսիլ

  • Ինչպէ՞ս կրնանք առարկութեան մը պատասխանել

  • Ինչպէ՞ս կրնանք պատասխանել Աստուծոյ չհաւատացող մէկու մը, բարեշրջութեան հաւատացող մէկու մը, ուրիշ լեզու խօսող մէկու մը կամ թաղամասին մէջ ծանօթ չեղող կրօնքի մը պատկանող մէկու մը

  • Ինչպէ՞ս կրնանք գործածել jw.org կայքը, JW Library® էփը կամ Սուրբ Գիրքը

  • Ինչպէ՞ս կրնանք Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն գործիք մը գործածել

  • Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան որոշ տեսակի մը մասնակցիլ. օրինակ՝ հեռաձայնով վկայել, նամակ գրել, հանրային վկայութիւն, վերայցելութիւններ կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ

  • Յիշեցումներ հետեւեալներուն մասին. ապահովութիւն, պարագաներուն յարմարիլ, լաւ վարք ունենալ, լաւատես ըլլալ կամ ասոնց նման բաներ

  • Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկէն դաս մը կամ վիտէօ մը

  • Ինչպէ՞ս կրնաս հետդ ծառայողը քաջալերել եւ իրեն օգնել

  • Ծառայութեան հետ կապ ունեցող համար մը կամ ալ քաջալերական փորձառութիւն մը