Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 21-22

«Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»

«Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»

21։8-14

Պօղոս զգաց որ սուրբ հոգին զինք կ’առաջնորդէր Երուսաղէմ, ուր խնդիրներու առջեւ պիտի գտնուէր (Գործք 20։22, 23)։ Անոր համար, երբ լաւ նպատակ ունեցող քրիստոնեաներ իրեն աղաչեցին որ չերթայ, ան ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ընէք, ինչո՞ւ կու լաք ու իմ սիրտս կը ճմլէք» (Գործք 21։13)։ Երբ տեսնենք ուրիշներ որոշած են անձնազոհ կեանք վարել Եհովային ծառայութեան մէջ, բնաւ չենք ուզեր անոնց սիրտը ճմլել կամ ուրիշ խօսքով անոնց վճռականութիւնը տկարացնել։