ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Եհովայէն սորվեցանք ինչպէ՛ս մեր զաւակները մեծցնել
Ամուսնացած զոյգերը ի՞նչ կրնան սորվիլ իրենց երկնաւոր Հօրմէն՝ Եհովայէն, որ իրենց պիտի օգնէ որ յաջողութեամբ զաւակ մեծցնեն։ Դիտէ Եհովայէն սորվեցանք ինչպէ՛ս մեր զաւակները մեծցնել վիտէոն եւ յետոյ պատասխանէ այս հարցումներուն, որոնք Ապիլիու եւ Ուլլա Ամորիմներուն մասին է.
-
Որքանո՞վ իրենց մանկութիւնը օգնեց իրենց որ զաւակներ մեծցնեն։
-
Իրենց զաւակները ի՞նչ անուշ յիշատակներ ունին իրենց մանկութենէն։
-
Ապիլիուն եւ Ուլլան ինչպէ՞ս փորձեցին Բ. Օրինաց 6։6, 7–ն գործադրել։
-
Անոնք ինչո՞ւ պարզապէս օրէնքներ չտուին իրենց զաւակներուն։
-
Անոնք ինչպէ՞ս իրենց զաւակներուն օգնեցին, որ իրենց ապագան կերտեն։
-
Ո՞ր զոհողութիւնով հանդերձ անոնք միշտ քաջալերեցին իրենց զաւակները, որ լիաժամ ծառայութեան ձգտին (bt 178 ¶19)։