Յուլիս 17-23
ԵԶԵԿԻԷԼ 18–20
Երգ 21 եւ աղօթք
Բացման խօսքեր (3 վրկ. կամ նուազ)
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«Երբ Եհովան ներէ, արդեօք կը մոռնա՞յ» (10 վրկ.)
Եզեկ. 18։19, 20. Եհովան ամէն մէկը պատասխանատու կը սեպէ իր ըրածներուն համար (w12 7/1 էջ 18 պարբ. 2)
Եզեկ. 18։21, 22. Եհովան պատրաստ է զղջացողներուն ներելու եւ բնաւ անոնց մեղքերուն համար իրենցմէ հաշիւ պիտի չպահանջէ (w12 7/1 էջ 18 պարբ. 2)
Եզեկ. 18։23, 32. Եհովան անզեղջ չարերը կը բնաջնջէ միայն որպէս վերջին լուծում (դ08 5/1 էջ 7 պարբ. 1. դ06 12/1 էջ 28 պարբ. 11)
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել (8 վրկ.)
Եզեկ. 18։29. Իսրայէլացիները ինչո՞ւ Եհովային մասին սխալ տեսակէտ ունէին, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք նոյն սխալին մէջ չիյնալ (դ13 8/15 էջ 11 պարբ. 9)։
Եզեկ. 20։49. Մարդիկ ինչո՞ւ կարծեցին որ Եզեկիէլ ‘այլաբանութիւններով կը խօսէր’, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ զգուշացում կու տայ (դ07 7/1 էջ 20 պարբ. 3)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը քեզի ի՞նչ սորվեցուց Եհովային մասին։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մէջ ուրիշ ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ գտար։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Եզեկիէլ 20։1-12 (4 վրկ. կամ նուազ)
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Առաջին հանդիպում (2 վրկ. կամ նուազ). Ա. Յովհ. 5։19։ Ճշմարտութիւնը սորվեցուր։ Վերայցելութեան ճամբայ հարթէ։
Վերայցելութիւն (4 վրկ. կամ նուազ). Ծն. 3։2-5։ Ճշմարտութիւնը սորվեցուր։ Յաջորդ այցելութեան ճամբայ հարթէ (տե՛ս ժտ16.08 էջ 8, պարբ. 2)։
Դասախօսութիւն (6 վրկ. կամ նուազ). դ16.05 էջ 32։ Նիւթ՝ «Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ իր ուրախութիւնը արտայայտել, երբ յայտարարուի որ անհատ մը վերահաստատուած է»։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Դուն քեզի կը ներե՞ս» (10 վրկ.). Քննարկութիւն։ Նիւթը սկսէ Եհովային դատաստանները հաւատարմօրէն վեր բռնեցէք. Ներող եղէք վիտէոն դիտել տալով։
Ինչպէ՞ս կրնամ իմ սխալներս սրբագրել (5 վրկ.). Քննարկէ «Ինչպէ՞ս կրնամ իմ սխալներս սրբագրել» նիւթը՝ Պատանիները հետաքրքող 10 հարցումներ գրքոյկէն։ Նիւթը սկսէ «Դուն ինչ կ’ընէիր» մասը կարդալ տալով։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն (30 վրկ.). Թագաւորութիւնը կ’իշխէ գլ. 15 պարբ. 9-17։
Վերաքաղ եւ յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ (3 վրկ.)
Երգ 38 եւ աղօթք