ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ինչպէ՞ս կրնաս նամակ գրել
-
Հասցէդ գործածէ։ Եթէ կը զգաս որ իմաստութիւն չէ հասցէդ տալ, կրնաս Թագաւորութեան սրահի հասցէն գործածել, եթէ երէցները արտօնեն։ Բայց, ԲՆԱ՛Ւ պէտք չէ մասնաճիւղին հասցէն գործածես։
-
Անհատին անունը գործածէ եթէ գիտես, որպէսզի այն տպաւորութիւնը չտաս որ նամակը ծանուցում մըն է։
-
Ուղղագրութեան, քերականութեան եւ կէտադրութեան ուշադրութիւն ըրէ։ Նամակը պէտք է կոկիկ երեւի, իսկ եթէ ձեռագիր է՝ դիւրին պէտք է կարդացուի։ Չափէ դուրս անպաշտօն բառեր մի՛ գործածեր, ոչ ալ չափէ դուրս պաշտօնական ոճ գործածէ։
Այս էջին վրայի նամակի նմոյշը կը յստակացնէ վերը նշուած կէտերը։ Ատիկա չէ գրուած, որ բառ առ բառ ընդօրինակես ամէն անգամ որ թաղամասին մէջ մէկու մը նամակ պիտի գրես։ Նամակդ այնպէս մը գրէ, որ յարմարի նպատակիդ, պարագաներուն եւ տեղական սովորութիւններուն։