Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 20-21

«Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ»

«Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ»

20։28

Հպարտ դպիրներն ու փարիսեցիները կը սիրէին շուկային մէջ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել եւ բարեւ ստանալ

Հպարտ դպիրներն ու փարիսեցիները ուզեցին ուրիշները տպաւորել եւ փառքի արժանանալ (Մատ. 23։5-7)։ Յիսուս անոնցմէ տարբեր էր։ «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու» (Մատ. 20։28)։ Գալով մեզի, արդեօք մեր պաշտամունքին մէջ կ’ուզե՞նք երեւելի ըլլալ կամ գովասանքի արժանանալ։ Եթէ կ’ուզենք Եհովայի՛ն կողմէ գովելի ըլլալ, պիտի փորձենք Յիսուսին պէս ուրիշներուն ծառայել։ Այսպէս, վարագոյրին ետեւէն տարած մեր աշխատանքը Եհովան կը տեսնէ (Մատ. 6։1-4)։ Խոնարհ ծառան. . .

  • կը մասնակցի Թագաւորութեան սրահի մաքրութեան եւ նորոգման։

  • նախաքայլը կ’առնէ տարեցներուն եւ ուրիշներուն օգնելու։

  • նուիրատուութիւն կ’ընէ՝ Թագաւորութեան շահերուն թիկունք կանգնելու համար։