Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Ծառայութեանդ մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Պարբերաթերթի անձնական ներկայացում պատրաստել

Ծառայութեանդ մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Պարբերաթերթի անձնական ներկայացում պատրաստել

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Թէեւ ժողովի տետրին ներկայացումի նմոյշները օգտակար գաղափարներ կու տան, բայց անոնք պարզապէս ուրուագիծեր են։ Պէտք է ներկայացումդ բառերովդ ընես։ Թերեւս տարբեր մօտեցում նախընտրես կամ զգաս թէ թաղամասիդ մէջ ուրիշ նիւթի մը մասին խօսիլը աւելի յարմար պիտի ըլլար։ Այդ պարագային, պարբերաթերթը կարդալէ, ներկայացումի նմոյշները նկատի առնելէ եւ տեսաերիզի ցուցադրութիւնները տեսնելէ ետք, կրնաս հետեւեալ առաջարկներէն մէկը գործածել՝ անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ։

Դուն քեզի հարցուր. ‘Ներկայացումներու նմոյշներէն մէկը պիտի գործածե՞մ’։

ԱՅՈ

  • Բացման խօսքերդ պատրաստէ։ Բարեւելէ ետք, այցելութեանդ նպատակը ըսէ (Օրինակ. «Եկած եմ քանի որ. . . »)։

  • Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս պիտի անցնիս հարցումին, համարին եւ ներկայացումին (Օրինակ. համար մը ներկայացնելու համար, կրնաս ըսել. «Հոս այդ հարցումին մէկ պատասխանը կրնանք գտնել»)։

ՈՉ

  • Պարբերաթերթէն ընտրէ նիւթ մը որ քեզ կը հետաքրքրէ եւ թաղամասիդ կը յարմարի։

  • Պատրաստէ միտք գրգռող հարցում մը, որ տանտէրը խօսակցութեան կը մղէ, բայց զինք նեղ կացութեան չի մատներ (Օրինակ. պարբերաթերթերուն էջ 2–ի հարցումը)։

  • Ընտրէ համար մը որ տանտիրոջ պիտի կարդաս (Եթէ Զարթի՛ր–ը կը ներկայացնես, համար մը կարդալը ընտրողական է, քանի որ այս պարբերաթերթը պատրաստուած է անոնց համար՝ որոնք Աստուածաշունչին մասին շատ քիչ գիտութիւն ունին եւ թերեւս նոյնիսկ կրօնքին չեն վստահիր)։

  • Պատրաստէ մէկ կամ երկու նախադասութիւն, որ կը բացատրէ թէ տանտէրը ինչպէ՛ս պիտի օգտուի յօդուածը կարդալով։

ԱՄԷՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻ,

  • Վերայցելութեան ճամբայ հարթող հարցում մը պատրաստէ։

  • Նոթեր ըրէ, յիշելու համար թէ գալ անգամ ինչ պիտի ըսես։