Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայացումի նմոյշներ

Ներկայացումի նմոյշներ

ԴԻՏԱՐԱՆ

Հարցում։ Այս հռչակաւոր խօսքերուն ծանօ՞թ էք։

Համար։ Յովհ. 3։16

Ներկայացում։ Դիտարան–ի այս թիւը կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս Յիսուսի տառապանքն ու մահը կրնան ձեզի օգտել։

ԴԻՏԱՐԱՆ (վերջին էջ)

Հարցում։ Նկատի առէք այս հարցումը եւ կարգ մը պատասխաններ։ [Կարդա՛ առաջին հարցումը եւ հաւանական պատասխանները։] Ի՞նչ կ’ըսէք։

Համար։ Մատ. 4։1-4

Ներկայացում։ Քանի՛ որ Սատանան Յիսուսին հետ խօսեցաւ եւ զինք փորձեց, ուրեմն ան պարզապէս չարութեան խորհրդանիշ մը չէ։ Աստուածաշունչը Սատանային մասին ուրիշ ի՞նչ կ’ըսէ։ Այս յօդուածը կը բացատրէ։

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻ ՀՐԱՒԷՐ

Ներկայացում։ «Մենք շատ կարեւոր առիթի մը հրաւիրագիրը կը բաժնենք։ [Հրաւիրագիրը տուր տանտիրոջ։] Մարտ 23–ին աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ պիտի հաւաքուին Յիսուս Քրիստոսի մահը յիշատակելու եւ ձրիաբար մտիկ ընելու Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը, թէ ինչպէ՛ս իր մահը մեզի կ’օգտէ։ Այս հրաւիրագրին մէջ նշուած է ժամն ու վայրը։ Եթէ կրնաք, հաճիս եկէք»։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։