Եհովան կ’ազատէ Յովսէփը
Յովսէփ շուրջ 13 տարի չարչարուեցաւ որպէս ստրուկ եւ բանտարկեալ, մինչեւ որ Եհովան զինք ազատեց։ Բայց ան կեանքէն չգանեցաւ, հապա՝ ձգեց որ այս փորձառութիւնը աւելի լաւ մէկը դարձնէ զինք (Սաղ. 105։17-19)։ Ան գիտէր որ Եհովան բնա՛ւ երեսի վրայ չձգեց զինք։ Լաւ, Յովսէփ ինչպէ՞ս իր ձեռքէն եկածը ըրաւ։
-
Ան աշխատասէր եւ վստահելի էր, եւ այսպիսով Եհովային առիթ տուաւ որ զինք օրհնէ (Ծն. 39։21, 22)։
-
Ան ուրիշներով հետաքրքրուեցաւ, փոխանակ ծրագրելու վրէժ առնել իրեն հետ գէշ վարուողներէն (Ծն. 40։5-7)։
Յովսէփին փորձառութիւնը ինծի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ խնդիրներուս տոկամ։
Ինչպէ՞ս կրնամ իմ ձեռքէս եկածը ընել, մինչեւ որ Եհովան զիս ազատէ Արմագեդոնին։