Մեր օգնութեան աշխատանքները
Քրիստոնեաները երկու մասէ բաղկացած ծառայութիւն ունին։ Առաջինը «հաշտութեան պաշտօնն» է, այսինքն՝ քարոզելու եւ ուսուցանելու մեր գործը, իսկ երկրորդը՝ մեր հաւատակիցներուն ի նպաստ ծառայութիւն մըն է, այսինքն՝ «սուրբերուն համար եղած օգնութիւն» (Բ. Կոր. 5։18-20. 8։4)։ Ուրեմն, աղէտներէ ետք կարիքաւոր հաւատակիցներուն օգնելը մեր սուրբ ծառայութեան մէկ մասն է։ Երբ այս տեսակ ծառայութեան մասնակցինք՝
-
մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն պէտքերը կ’ապահովենք (Բ. Կոր. 9։12ա)։
-
մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կ’օգնենք, որ իրենց հոգեւոր ռութինին վերադառնան, ինչպէս՝ նախանձախնդրօրէն քարոզել, ինչ որ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու մէկ կերպ է (Բ. Կոր. 9։12բ)։
-
Եհովային փառք կը բերենք (Բ. Կոր. 9։13)։ Երբ աղէտներէ ետք մեր հաւատակիցներուն օգնենք, լաւ վկայութիւն կու տանք բոլորին, մէջը ըլլալով անոնց, որոնք ժխտական կարծիք ունին Եհովայի վկաներուն մասին։