Մայիս 5-11
ԱՌԱԿԱՑ 12
Երգ 53 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Երբ ծանր աշխատիս, կը վարձատրուիս
(10 վրկ.)
Ժամանակդ մի՛ վատներ անարժէք բաներու ետեւէ ըլլալով (Առ. 12։11)
Ծանր աշխատէ եւ ժրաջան եղիր (Առ. 12։24. դ16.06 30 ¶5)
Երբ ծանր աշխատիս, պիտի վարձատրուիս (Առ. 12։14)
ԱՌԱՋԱՐԿ. Ծանր աշխատանքէդ գոհ կ’ըլլաս, երբ մտածես թէ ատիկա որքա՜ն օգտակար է ուրիշներուն (Գործք 20։35. դ15 2/1 5 ¶4-6)։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
-
Առ. 12։16. Այս համարին սկզբունքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մէկու մը, որ զօրաւոր մնայ դժուար պարագաներու տակ (կպհ-ԱՐ 95 ¶10-11)։
-
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Առ. 12։1-20 (կս դաս 5)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(2 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ (մսա դաս 1 կէտ 4)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Դաս առաջարկէ (մսա դաս 5 կէտ 4)։
6. Վերայցելել
(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Մեր կայքը ցոյց տուր մէկու մը, որ զաւակներ ունի (մսա դաս 9 կէտ 3)։
7. Հաւատալիքներդ բացատրել
(3 վրկ.) Ցուցադրութիւն։ կյհ 3։ Նիւթ՝ Կը հաւատա՞ս որ կրօնքդ միակ ճշմարիտ կրօնքն է (մսա դաս 4 կէտ 3)։
Երգ 40
8. Տնտեսական խնդիրները դիմագրաւէ Եհովային օգնութեամբ
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Արդեօք մտահո՞գ ես որ հիմա կամ ապագային գործ պիտի չգտնես, գործդ պիտի կորսնցնես կամ քու եւ տանդ ծախսերուն պիտի չհասնիս։ Այս աշխարհին տնտեսական պայմանները շատ արագ կրնան փոխուիլ։ Բայց Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, որ եթէ իր պաշտամունքը առաջին տեղը դնենք մեր կեանքին մէջ, ան միշտ մեր պէտքերը պիտի հոգայ, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը պատճառ դառնայ որ յանկարծ դրամական խնդիրներ ունենանք (Սաղ. 46։1-3. 127։2. Մատ. 6։31-33)։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Եհովան մեզ բնա՛ւ երեսէ չձգեց։ Ետքը, հարցուր.
-
Եղբայր Ալվարատոյին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։
Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։8։ Ետքը հարցուր.
-
Այս համարը ինչպէ՞ս հաւատքդ կը զօրացնէ, թէ Եհովան միշտ հոգ պիտի տանի զինք պաշտողներուն պէտքերուն։
Նկատի առ կարգ մը սկզբունքներ, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ տնտեսական խնդիրներու հետ գլուխ ելլես.
-
Կեանքդ պարզ պահէ։ Անկարեւոր պարտքեր եւ ծախսեր թեթեւցուր (Մատ. 6։22)։
-
Գործի եւ ուսումի վերաբերեալ որոշումներ այնպէս մը առ, որ կարենաս հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնել (Փլպ. 1։9-11)։
-
Խոնարհ եւ յարմարող եղիր։ Եթէ անգործ մնաս, տես թէ ուրիշ ի՛նչ գործեր, նոյնիսկ պարզ գործեր, կրնաս աշխատիլ որ ընտանիքիդ պէտքերը հոգաս (Առ. 14։23)։
-
Առատաձեռն եղիր, նոյնիսկ եթէ ուրիշներուն չես կրնար շատ բան տալ (Եբ. 13։16)։
9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) աբ դաս 8 ¶1-3 եւ դաս 9 ¶1-3։