ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Եհովան մաքուր անձերը կը սիրէ
«Ձեռքերդ լուա՛։ Սենեակդ մաքրէ՛։ Գետինը սրբէ՛։ Աղբը թափէ՛»։ Ընդհանրապէս, ծնողները իրենց պզտիկներուն կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս ֆիզիքապէս մաքուր մնալ։ Մաքրութեան սկզբունքը մեր սուրբ Աստուծմէ կու գայ (Ել. 30։18-20. Բ. Օր. 23։14. Բ. Կոր. 7։1)։ Երբ մեր մարմինը եւ ունեցածները մաքուր պահենք՝ Եհովան կը պատուենք (Ա. Պետ. 1։14-16)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել մեր տան եւ շրջապատին մասին։ Քրիստոնեաները աղբ չեն թափեր ճամբաները կամ զբօսավայրերը, ինչպէս կարգ մը մարդիկ սովորութիւն ունին։ Մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ մաքուր պահենք երկիր մոլորակը՝ մեր բնակարանը (Սաղ. 115։16. Յայտ. 11։18)։ Նոյնիսկ պզտիկ բաներու մէջ կրնանք ցոյց տալ, թէ մաքրութիւնը որքա՛ն կարեւոր է մեզի համար։ Օրինակ՝ ո՞ւր կը թափենք ծամոնը, շոքոլայի թուղթը կամ զովացուցիչի թիթեղը։ Մենք ամէն բանի մէջ կ’ուզենք ‘մեր անձը ընծայել՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս’ (Բ. Կոր. 6։3, 4)։
ԴԻՏԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՔՈՒՐ ԱՆՁԵՐԸ ԿԸ ՍԻՐԷ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Կարգ մը մարդիկ ի՞նչ պատրուակներ կ’ընեն որ իրենց ունեցածները մաքուր չպահեն։
-
Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս ցուցուց, որ Եհովային համար մաքրութիւնը որքա՛ն կարեւոր է։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք փառք բերել Եհովային, նոյնիսկ առանց բառ մը ըսելու։