ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Թաղամասին մէջ բոլորին վկայել
ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Զաքարիան մարգարէացաւ, որ բոլոր լեզուներէն մարդիկ բարի լուրին ականջ պիտի տան (Զաք. 8։23)։ Բայց ո՞վ պիտի սորվեցնէ անոնց (Հռով. 10։13-15)։ Մենք թէ՛ առանձնաշնորհում եւ թէ պատասխանատուութիւն ունինք, որ բարի լուրը վկայենք մեր թաղամասի բոլոր մարդոց (od էջ 84 պարբ. 10-11)։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ԲՈԼՈՐԻՆ ՎԿԱՅԵԼ։
-
Նախապատրաստուէ։ Օտարախօս մարդոց կը հանդիպի՞ս։ Կրնաս JW Language էփ–ի օգնութեամբ պարզ ներկայացում մը սորվիլ։ Կամ կրնաս հեռախօսիկդ գործածելով անհատի մը ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ jw.org կայքին վրայ իր լեզուով աւելի տեղեկութիւններ գտնել։
-
Ուշադիր եղիր։ Եթէ տունէ տուն կը ծառայես, վկայելու որեւէ առիթ մի՛ փախցներ։ Այսինքն, խօսէ անցորդներուն կամ ինքնաշարժներու մէջ եղողներուն հետ։ Եթէ հանրային ծառայութեան կը մասնակցիս, կեդրոնացած մնա՛ նպատակակէտիդ վրայ, որն է՝ վկայութիւն տալ։
-
Ժրաջան եղիր։ Նորէն գնա այն մարդոց քով, որոնք տունը չգտար։ Ջանք թափէ որ ամէն մէկ տունէն գոնէ անձի մը հետ խօսիս. թերեւս փորձես նորէն հանդիպիլ օրուան ուրիշ մէկ ժամուն կամ շաբթուան մէջ ուրիշ օր մը։ Թերեւս տանտէրներ կան, որոնց նամակ պէտք է գրես, հեռաձայնով պէտք է խօսիս կամ հանրապէս վկայես։
-
Հետաքրքրութիւնը մշակէ։ Հետաքրքրուած անհատին քով շուտ գնա՛։ Եթէ ան տարբեր լեզու կը խօսի, փորձէ գտնել հրատարակիչ մը, որ կրնայ իրեն օգնել իր լեզուով։ Պէտք է շարունակես այցելել անհատին մինչեւ որ իր լեզուն խօսող հրատարակիչներ իրեն այցելեն (od էջ 94 պարբ. 39-40)։
ԴԻՏԷ ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆՔ ՄԻՆՉԵՒ «ԵՐԿՐԻՆ ԾԱՅՐԵՐԸ» ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ։
-
Եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս պատրաստուեցան հեռաւոր թաղամասի մէջ մարդոց վկայելու (Ա. Կոր. 9։22, 23)։
-
Անոնք ի՞նչ արգելքներու հետ գլուխ պէտք էր ելլէին։
-
Անոնք ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեցին։
-
Ի՞նչ ջանքեր կրնաս թափել, որ թաղամասիդ մէջ աւելի մարդոց վկայես։