Երգ 45
Օ՛ն յառաջ
1. Օ՛ն յառաջ, օ՛ն յառաջ, օ՛ն հասունութեան.
Եհովան կը կամի որ ըլլանք միշտ որակեալ։
Դուն ջանա՛ ծառայութեան մէջ հմտանալ,
որ Աստուած ջանքդ օրհնէ։
Քարոզենք ու խօսինք բոլորին,
ծառայենք, նմանինք Յիսուսին։
Դուն հաստատ կեցիր ու վստահէ Եահին,
եւ արդարութեամբ վարուէ։
2. Օ՛ն յառաջ, օ՛ն յառաջ, քաջաբար խօսէ,
աւետիսը յաւերժ՝ բոլորին ծանուցանէ։
Ցնծութեամբ մեր Աստուածը փառաբանէ՝
տունէ տուն քարոզելով։
Չարերը կ’ուզեն մեզ վախցնել.
մի՛ քաշուիր, թող բոլորը լսեն։
«Արքայութիւնը մօտ է» ջանա՛ պատմել՝
շարունակ վկայելով։
3. Օ՛ն յառաջ, օ՛ն յառաջ, օ՛ն յառաջ գնա՛,
մշակէ ձիրքերդ. Եահի գործին մէջ տոկա՛։
Թող Աստուած միշտ իր սուրբ հոգին քեզի տայ,
ցնծութեամբ հոգիդ լեցնէ։
Սիրէ մարդիկը, գնահատէ,
ու կրկին այցելէ, սերմանէ.
եւ օգնէ որ սորվին ու յառաջդիմեն,
որ Սուրբ Խօսքը լոյս սփռէ։
(Տե՛ս նաեւ Փլպ. 1։27. 3։16. Եբ. 10։39)