Երգ 95
‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք, թէ Եհովան բարի է’
1. Մեր անգին ծառայութիւնը՝
քարոզելը՝ կ’արժեւորենք։
Միշտ ծախու կ’առնենք մենք ժամանակը
եւ բոլորին կը վկայենք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ.
‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէ՛ք.
տեսէք թէ Եահը ի՜նչ բարի է’։
Զինք պաշտելը մեծ շահ է։
2. Լիաժամ ծառայողները
ճոխ օրհնութիւններ կը ստանան։
Եահին կը յանձնեն իրենց հոգերը
եւ պարզ կեանքով կը գոհանան։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ.
‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէ՛ք.
տեսէք թէ Եահը ի՜նչ բարի է’։
Զինք պաշտելը մեծ շահ է։
(Տե՛ս նաեւ Մար. 14։8. Ղուկ. 21։2. Ա. Տիմ. 1։12. 6։6)