Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 134

Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ

Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ

(Յայտնութիւն 21։1-5)

1. Պատկերացուր, թէ դուն եւ ես

պիտի ապրինք նոր աշխարհի մը մէջ. . .

Ի՞նչ պիտ’ զգաս, երբ որ տեսնես

թէ խաղաղութիւն կը վայելես։

Ամբարիշտը պիտի չիշխէ.

զայն պիտ’ փնտռես ու պիտ’ չգտնես։

Ատենը պիտի գայ դրախտ նոր երկրի,

եւ գովերգութիւն մեր սրտերէն պիտ’ յորդի. . .

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

«Եհո՛վա Աստուած, ինչ լաւ ըրած ես,

իշխանութիւնը Որդւոյդ տուած ես։

Բերկրանքը մեր սրտին մեր երգէն կը բխի։

Ամէն փառք ու պատիւ քեզի կը պատկանի»։

2. Ահաւասիկ. . . թէ՛ դուն, թէ՛ ես,

կը վայելենք կեանքը դրախտին մէջ։

Բան մը չկայ, որ վախցնէ

եւ դառնութեան արցունքներ բերէ։

Եահի խօսքը կատարուեցաւ.

իր վրանը հոս տարածուեցաւ։

Հիմա ննջեցեալները պիտ’ արթնցնէ,

ուրախ սրտերով միաձայն պիտի երգենք. . .

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

«Եհո՛վա Աստուած, ինչ լաւ ըրած ես,

իշխանութիւնը Որդւոյդ տուած ես։

Բերկրանքը մեր սրտին մեր երգէն կը բխի։

Ամէն փառք ու պատիւ քեզի կը պատկանի»։