Երգ 11
Եհովայի սիրտը ուրախացնենք
1. Եհո՛վա, քեզի խոստացանք,
որ ծառայենք իմաստութեամբ։
Գիտենք, թէ քեզ պիտ’ գոհացնենք
եւ սիրտդ շատ ուրախացնենք։
2. Ծառադ՝ իմաստուն տնտեսդ,
կը հռչակէ մեծութիւնդ։
Ատենին կը սնուցանէ,
կ’օգնէ որ կամքդ կատարենք։
3. Ով Տէր, սուրբ հոգիդ շնորհէ,
որ հաւատարմութեամբ քալենք,
քեզ գործերով փառաբանենք
եւ սիրտդ միշտ ուրախացնենք։
(Տե՛ս նաեւ Մատ. 24։45-47. Ղուկ. 11։13. 22։42)