Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 3

«Աստուած սէր է»

«Աստուած սէր է»

(Ա. Յովհաննէս 4։7, 8)

1. Աստուած սէր է, եւ կոչ կ’ընէ.

‘Ընտիր ճամբով քալեցէք,

խորունկ սէր դրսեւորեցէք

իմ եւ ընկերոջ հանդէպ’։

Կեանքի միակ ուղին այս է,

այս ճամբով պիտի քալենք։

Քրիստոսի նման մենք սիրենք

եւ այդ սէրը տարածենք։

2. Եահի սէրը մեզ կը մղէ

ջերմ սիրով լի գործերու։

Երբ ձախողինք՝ պիտի օգնէ

իր սիրոյն մէջ մնալու։

Սէրը սուրբ է, չի նախանձիր

ու բարի է, դիմացկուն։

Քոյր–եղբայրները սիրենք միշտ՝

մեր անկեղծ սիրով անհուն։

3. Բարկացկոտ ու նեղացկոտ չէ,

սէրն իր շահը չի փնտռեր։

Թող միշտ գործէ մեր կեանքին մէջ

Եահի անգին սէրը մեծ։

Աստուածային սէրն անսպառ է.

տարածենք զայն ամէնուր,

որ Եհովայի մեծ սէրը

ջերմութիւն տայ ամէնուն։