Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 115

Մեր ճամբան յաջողցնենք

Մեր ճամբան յաջողցնենք

(Յեսու 1։8)

1. Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր

հաճոյքով ընթերցենք,

միշտ անոր յորդորին անսանք,

խոկանք, խորհրդածենք։

Թող որ մեր քայլերը ուղղէ,

որ ճիշդ ճամբով քալենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Միշտ կարդանք ու խոկանք, լսենք,

որ Աստուած մեզ օրհնէ։

Ամէն օր իրեն հետ քալենք,

յաջողութիւն գտնենք։

2. Թագաւորներն Իսրայէլի

սա պատուէրն ստացան.

‘Արտագրեցէք Օրէնքը, երբ

իշխէք ազգին վրայ։

Զայն պէտք է ամէն օր կարդաք,

որ մեղք մը չգործէք’։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Միշտ կարդանք ու խոկանք, լսենք,

որ Աստուած մեզ օրհնէ։

Ամէն օր իրեն հետ քալենք,

յաջողութիւն գտնենք։

3. Եահի Խօսքը ճաշակելով

յոյս եւ ոյժ կը ստանանք,

մեր սրտերը կը հանդարտին,

մեծ հաւատք կ’ունենանք։

Խօսքն իրապէս ընդունելով

մենք կը յառաջդիմենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Միշտ կարդանք ու խոկանք, լսենք,

որ Աստուած մեզ օրհնէ։

Ամէն օր իրեն հետ քալենք,

յաջողութիւն գտնենք։