Երգ 118
Ընդունեցէ՛ք զիրար
1. Ընդունեցէք զանոնք, որ հոս կու գան
սորվելու ճշմարտութեան ճամբան։
Աստուած իր Խօսքը մեզի տուած է.
երախտագիտութեամբ մեր սիրտը լեցուած է։
2. Երախտապարտ ենք Հայր Եհովային,
որ տուաւ ջերմ եղբայրներ, անգին։
Այդպիսիներուն հետ սիրով վարուինք
եւ շատ ուրախութեամբ նորեկներն ընդունինք։
3. Այս հրաւէրը տուած է Աստուած
անոնց, որ զինք կը փնտռեն սրտանց։
Տէր Եհովան մեզ իրեն քաշած է։
Լայն բացուած սրտերով մէկզմէկ ողջունենք։
(Տե՛ս նաեւ Յովհ. 6։44. Փլպ. 2։29. Յայտ. 22։17)