Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս

Ստեղծիչը կ’ուզէ մեզ առաջնորդել, պաշտպանել եւ օրհնել։

Նախաբան

Աստուած մեզի կը սորվեցնէ ապրելու լաւագոյն կերպը, քանի որ մարդկութիւնը կը սիրէ։

Ինչպէ՞ս Աստուծոյ մտիկ կ’ընենք

Պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք եւ թէ ո՛վ կրնայ մեզի օգնել։

Ո՞վ է ճշմարիտ Աստուածը

Կրնանք իր անունը եւ յատկութիւնները գիտնալ։

Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՞ս էր

Սուրբ Գիրքին առաջին մասը զայն կը նկարագրէ։

Մեծ Ջրհեղեղը. որո՞նք մտիկ ըրին, որո՞նք մտիկ չըրին

Մարդիկ ի՞նչ տարբեր կեցուածք ունէին։

Մեծ Ջրհեղեղէն ի՞նչ կը սորվինք

Ատիկա պարզապէս հին պատմութիւն մը չէ։

Ո՞վ էր Յիսուս

Ինչո՞ւ կարեւոր է որ իրեն մասին գիտնանք։

Յիսուսի մահը ի՞նչ կը նշանակէ քեզի համար

Ատոր շնորհիւ հոյակապ օրհնութիւններ կարելի կը դառնան։

Դրախտը ե՞րբ պիտի գայ

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի, երբ ժամանակը մօտենայ։

Եհովա մեզ կը լսէ՞

Ի՞նչ բաներու մասին կրնաս խօսիլ Աստուծոյ։

Ինչպէ՞ս կրնաս ընտանեկան երջանիկ կեանք մը ունենալ

Ընտանիքին գոյութիւն Տուողը լաւագոյն խրատը կու տայ։

Աստուած հաճեցնելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք

Կան բաներ որ Աստուած կ’ատէ եւ կան ուրիշ բաներ որ կը սիրէ։

Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերել

Հաւատարիմ մնալու փափաքդ պիտի ազդէ առած որոշումներուդ։