Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԴԱՍ 1

Անձով հետաքրքրուէ

Անձով հետաքրքրուէ

Սկզբունք. «Սէրը. . . իրենը չի փնտռեր» (Ա. Կոր. 13։4, 5

Յիսուսին օրինակը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Յովհաննէս 4։6-9։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1.   ա) Յիսուս կնոջ մասին ի՞նչ նկատեց՝ առաջ որ հետը խօսելու սկսի։

  2.  բ) Յիսուս ըսաւ. «Ինծի ջուր տուր խմելու»։ Ասիկա ինչո՞ւ խօսակցութիւն սկսելու յաջող կերպ էր։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Լաւ խօսակցութիւն մը ունենալու աւելի առիթ կ’ունենանք, եթէ սկսինք նիւթով մը՝ որ դիմացինը կը հետաքրքրէ։

Յիսուսին նմանէ

3. Յարմարող եղիր։ Մի՛ մտածեր որ անպայման պէտք է խօսակցութիւնը սկսիս այն նիւթով, որ դուն արդէն միտքդ դրած էիր։ Սկսէ նիւթով մը, որ մարդիկը կը հետաքրքրէ։ Դուն քեզի հարցուր.

  1.   ա) ‘Լուրերը ինչի՞ մասին կը խօսին’։

  2.  բ) ‘Դրացիներս, գործակիցներս եւ դասընկերներս ինչի՞ մասին կը խօսին’։

4. Դիմացինը եւ իր շուրջը լաւ դիտէ։ Դուն քեզի հարցուր.

  1.   ա) ‘Դիմացինդ հիմա ի՞նչ կ’ընէ։ Ի՞նչ բաներու մասին կրնայ ըլլալ որ կը մտածէ’։

  2.  բ) ‘Իր հագուելակերպը, տեսքը կամ տունը ինծի ի՞նչ գաղափար կու տայ իր մշակոյթին կամ հաւատալիքներուն մասին’։

  3.  գ) ‘Հիմա հետը խօսելու յարմար ժամանա՞կն է’։

5. Մտիկ ըրէ։

  1.   ա) Շատ մի՛ խօսիր։

  2.  բ) Դիմացինին առիթ տուր որ արտայայտուի։ Երբ որ յարմար ըլլայ, հարցումներ հարցուր։