ԳԼՈՒԽ ՔՍԱՆԵՐԵՔ
Ան Տէրոջմէն ներողամտութիւն սորվեցաւ
1. Ո՞ր պահը թերեւս Պետրոսի կեանքին ամենածանր պահն էր։
ՊԵՏՐՈՍ բնաւ պիտի չմոռնար այդ ցնցիչ պահը, երբ Յիսուսի հետ աչք–աչքի եկաւ։ Թէ արդեօք ան Յիսուսի հայեացքին մէջ յուսախաբութիւն կամ նախատինք տեսաւ՝ չենք գիտեր։ Ներշնչեալ արձանագրութիւնը միմիայն կ’ըսէ, թէ «Տէրը դարձաւ ու Պետրոսին նայեցաւ» (Ղուկ. 22։61)։ Բայց ա՛յդ նայուածքով, Պետրոս իր սխալին լրջութիւնը տեսաւ։ Ան անդրադարձաւ, թէ ըրած էր ճիշդ ինչ որ Յիսուս նախագուշակած էր. Պետրոս պնդած էր թէ ինք բնա՛ւ պիտի չուրանար իր սիրելի Տէրը, բայց ուրացած էր։ Պետրոս ինքզինք նուաստացած կը զգար. թերեւս ասիկա իր կեանքին ամէնէն ծանր պահն էր։
2. Պետրոս ի՞նչ դաս պէտք էր սորվէր, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք այս դէպքէն օգտուիլ։
2 Սակայն Պետրոսի վիճակը անյոյս չէր, քանի որ ան մեծ հաւատքի տէր մարդ էր։ Ան տակաւին առիթ ունէր իր սխալները սրբագրելու եւ Յիսուսի մեծագոյն դասերէն մէկը սորվելու. ներողամտութեան դասը։ Իւրաքանչիւրս պէտք ունինք այս դասը սորվելու, ուստի նկատի առնենք ինչ որ պատահեցաւ Պետրոսի հետ։
Ան դեռ սորվելիք շատ բան ունէր
3, 4. ա) Պետրոս ի՞նչ հարցուց Յիսուսին, եւ հաւանաբար ի՞նչ կը խորհէր։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ Պետրոս ազդուած էր այդ օրերուն համատարած եղող հոգիէն։
3 Գրեթէ վեց ամիս առաջ, իր բնակավայրին՝ Կափառնայումի մէջ, Պետրոս Յիսուսին մօտենալով հարց տուած էր. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ Պետրոս հաւանաբար կը խորհէր թէ ինք առատաձեռն էր, քանի որ իր օրուան կրօնական առաջնորդները կը սորվեցնէին, թէ մարդ պէտք էր միայն երեք անգամ ներէր։ Սակայն Յիսուս պատասխանեց. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը» (Մատ. 18։21, 22)։
4 Արդեօք Յիսուս ըսել կ’ուզէր թէ Պետրոս պէտք էր հաշուէ՞ր իրեն հանդէպ մարդու մը սխալները։ Ո՛չ։ Փոխարէն, Պետրոսի եօթն անգամը վերածելով եօթանասուն անգամ եօթի, Յիսուս ըսել կ’ուզէր թէ սէրը թոյլ չի տար, որ ներելու նկատմամբ որոշ սահման մը դնենք (Ա. Կոր. 13։4, 5, ՆԱ)։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Պետրոս ազդուած էր այն կարծրասիրտ եւ անողորմ հոգիէն, որ համատարած էր այդ օրերուն, երբ կարգ մը մարդիկ կը հաշուէին թէ քանի անգամ ներած են, ինչպէս որ հաշուակալ մը իր հաշիւները կ’արձանագրէ հաշուետետրին մէջ։ Սակայն անոնք՝ որոնք կ’ուզեն Աստուած ընդօրինակել, պէտք է առատապէս ներեն (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 1։7-9)։
5. Թերեւս, ե՞րբ է որ աւելի լաւ կրնանք հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ներողամիտ ըլլալ։
5 Պետրոս Յիսուսի հետ չվիճեցաւ։ Բայց արդեօք Յիսուսի սորվեցուցած դասը իր սրտին հասա՞ծ էր։ Յաճախ, երբ մե՛նք ներողամտութեան կարիքը ունենանք՝ աւելի լաւ կը հասկնանք թէ ի՛նչ կը նշանակէ ներող ըլլալ։ Ուստի վերադառնանք այն դէպքերուն, որոնք Յիսուսի մահուան առաջնորդեցին։ Այդ դժուարին ժամերուն, Պետրոս շատ մը սխալներ գործեց, որոնց համար իր Տէրոջ ներողամտութեան կարիքը ունէր։
Յիսուս բազմիցս ներեց Պետրոսին
6. ա) Պետրոս ինչպէ՞ս հակազդեց, մինչ Յիսուս կը փորձէր առաքեալներուն խոնարհութեան դաս մը սորվեցնել։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս վարուեցաւ Պետրոսի հետ։
6 Յատկանշական գիշեր մըն էր. Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին գիշերը։ Յիսուս տակաւին շատ բան ունէր իր առաքեալներուն սորվեցնելու, ինչպէս՝ խոնարհութեան մասին։ Ան օրինակ հանդիսացաւ, խոնարհաբար անոնց ոտքերը լուալով,– գործ մը որ սովորաբար ստորադաս ծառաներուն կը տրուէր։ Պետրոս նախ հարցուց թէ ինչու Յիսո՛ւս իր ոտքերը պիտի լուար, ապա չուզեց, սակայն յետոյ պնդեց որ ան ոչ միայն իր ոտքերը լուար, հապա նաեւ իր ձեռքերն ու գլուխը։ Յիսուս իր համբերութիւնը չկորսնցուց, հապա հանդարտօրէն բացատրեց իր արարքին իմաստն ու կարեւորութիւնը (Յովհ. 13։1-17)։
7, 8. ա) Պետրոս ուրիշ ի՞նչ սխալներ գործեց Յիսուսի դէմ։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս շարունակեց ազնիւ ու ներողամիտ հոգի մը ցուցաբերել։
7 Շատ չանցած, Պետրոս դարձեալ Յիսուսի համբերութիւնը փորձեց։ Առաքեալները սկսան վիճիլ, թէ ո՛վ էր մեծը իրենց մէջ, եւ Պետրոս վստահաբար բաժին բերաւ մարդկային հպարտութիւն ցոյց տուող այդ ամօթալի բանավէճին մէջ։ Այսուհանդերձ, Յիսուս մեղմութեամբ սրբագրեց եւ մինչեւ իսկ գովեց զանոնք՝ իրենց մէկ լաւ արարքին համար,– անոնք հաւատարմօրէն կառչած էին իրենց Տէրոջը։ Սակայն ան նախագուշակեց, թէ շուտով բոլոր առաքեալները պիտի լքէին զինք։ Պետրոս հակաճառեց, ըսելով թէ Յիսուսին կառչած պիտի մնար՝ նոյնիսկ մահուան դիմաց։ Սակայն Յիսուս մարգարէացաւ, որ սոյն գիշերը, դեռ աքաղաղը երկու անգամ չկանչած, Պետրոս երեք անգամ իր Տէրը պիտի ուրանար։ Բայց Պետրոս ոչ միայն հակաճառեց, այլեւ սնապարծութեամբ ըսաւ, թէ ինք միւս բոլոր առաքեալներէն աւելի հաւատարիմ պիտի գտնուէր (Մատ. 26։31-35. Մար. 14։27-31. Ղուկ. 22։24-28. Յովհ. 13։36-38)։
8 Արդեօք Յիսուս Պետրոսի հանդէպ իր համբերութիւնը պիտի կորսնցնէ՞ր։ Իրականութեան մէջ, այդ դժուարին ժամանակին, Յիսուս կը շարունակէր իր անկատար առաքեալներուն մէջ լաւ բաներ Ղուկ. 22։32)։ Այս խօսքերով, ան ցոյց տուաւ իր վստահութիւնը, թէ Պետրոս հոգեւորապէս պիտի ապաքինէր եւ վերստին շարունակէր հաւատարմօրէն ծառայել։ Ի՜նչ ազնիւ ու ներողամիտ հոգի մը ունէր Յիսուս։
փնտռել։ Ինք գիտէր թէ Պետրոս սխալ պիտի գործէր, սակայն ըսաւ. «Ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես» (9, 10. ա) Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, Պետրոս ի՞նչ սրբագրութեան կարիք ունեցաւ։ բ) Պետրոսի սխալները մեզի ի՞նչ կրնան յիշեցնել։
9 Աւելի ուշ, Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, կրկին անգամ հարկ եղաւ Պետրոսը սրբագրել։ Յիսուս խնդրեց իրմէ, ինչպէս նաեւ Յակոբոսէն եւ Յովհաննէսէն, որ արթուն մնան, մինչ ինք կ’աղօթէր։ Ծանր հոգեվիճակի մը մէջ ըլլալով, Յիսուս աջակցութեան պէտք ունէր, սակայն Պետրոս եւ միւս առաքեալները կրկին անգամ քունի անցան։ Յիսուս կարեկցութիւն եւ ներողամտութիւն ցոյց տուող այս խօսքը ըսաւ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մար. 14։32-41)։
10 Շատ չանցած, խումբ մը մարդիկ եկան՝ ձեռքերնին ջահեր կրած եւ սուրերով ու բիրերով զինուած։ Ժամանակն էր զգոյշ եւ խորագէտ ըլլալու։ Սակայն Պետրոս առանց մտածելու գործի անցաւ. հանեց իր սուրը եւ կտրեց քահանայապետի մէկ ծառային՝ Մաղքոսին, աջ ականջը։ Յիսուս հանդարտօրէն սրբագրեց Պետրոսը, բուժեց վէրքը եւ բացատրեց բռնութեան չդիմելու սկզբունքը, որ մինչեւ օրս կ’առաջնորդէ Իր հետեւորդները (Մատ. 26։47-55. Ղուկ. 22։47-51. Յովհ. 18։10, 11)։ Պետրոս արդէն իսկ շատ մը սխալներ գործած էր, իր Տէրոջը ներողամտութեան կարիքը ունենալով։ Իր սխալները կրնան մեզի յիշեցնել, թէ բոլորս ալ յաճախ կը մեղանչենք (կարդա՛ Յակոբոս 3։2)։ Մեզմէ ո՞վ կարիք չունի իւրաքանչիւր օր Աստուծմէ ներում ստանալու։ Սակայն այդ նոյն գիշերը, Պետրոս ա՛լ աւելի լուրջ սխալներ պիտի գործէր։
Պետրոսի ամէնէն լուրջ սխալը
11, 12. ա) Յիսուսի ձերբակալութենէն ետք, Պետրոս ինչպէ՞ս, որոշ չափով, քաջութիւն ցուցաբերեց։ բ) Պետրոս ինչպէ՞ս իր խօսքին տէրը չեղաւ։
11 Յիսուս ամբոխին ըսաւ, որ եթէ զինք կը փնտռէին՝ պէտք էր իր առաքեալները ազատ արձակէին։ Մինչ ամբոխը կը ձերբակալէր Յիսուսը, Պետրոս զինք դիտեց առանց ձեռքէն բան մը գալու։ Ապա, ան միւս առաքեալներուն պէս փախաւ։
12 Փախուստի ժամանակ, Պետրոսն ու Յովհաննէսը կանգ առին՝ թերեւս նախկին քահանայապետին՝ Աննային տան առջեւ, քանի որ հարցաքննութեան համար Յիսուս սկիզբը հո՛ն տարուած էր։ Մինչ ամբոխը Յիսուսը հոնկէ կը տանէր, Պետրոս եւ Յովհաննէս շարունակեցին հետեւիլ անոր, բայց՝ «հեռուէն» (Մատ. 26։58. Յովհ. 18։12, 13)։ Պետրոս վախկոտ անձ մը չէր։ Այդ ատեն Յիսուսին հետապնդելն անգամ քաջութիւն կը պահանջէր, որովհետեւ ամբոխը սպառազինուած էր, եւ Պետրոս դեռ նոր վիրաւորած էր անոնցմէ մէկը։ Սակայն հոս, Պետրոսին մէջ չենք տեսներ այն հաւատարիմ սէրը, որ ինք դաւանած էր ունենալ,– պատրաստակամութիւն՝ իր Տէրոջ հետ մեռնելու, եթէ հարկ ըլլար (Մար. 14։31)։
13. Քրիստոսին հետեւելու միակ ընդունելի կերպը ի՞նչ է։
13 Պետրոսի նման, ներկայիս շատեր կը ջանան «հեռուէ՛ն» հետեւիլ Քրիստոսին, այնպէս մը որ մէկը չնկատէ զիրենք։ Բայց ինչպէս Պետրոս յետագային գրեց, Քրիստոսին հետեւելու միակ ընդունելի կերպը՝ ‘սերտօրէն իր հետքերուն հետեւիլն’ է (ՆԱ), զինք ընդօրինակելով ամէն բանի մէջ, ինչ որ ալ ըլլան հետեւանքները (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21)։
14. Յիսուսի հարցաքննութեան ընթացքին, Պետրոս ինչպէ՞ս անցուց գիշերուան ժամերը։
14 Ի վերջոյ, Պետրոս իր զգոյշ քայլերով հասաւ Երուսաղէմի մէկ վիթխարի ապարանքին դռներուն առջեւ։ Ատիկա հարուստ եւ հեղինակաւոր Կայիափա քահանայապետին տունն էր։ Այդպիսի տուներ սովորաբար կ’ունենային ներքին գաւիթ մը, մուտքի դուռով։ Պետրոս դրան մօտեցաւ, բայց անոր չարտօնուեցաւ ներս մտնել։ Յովհաննէս, որ քահանայապետին ծանօթ ըլլալով արդէն ներսն էր, եկաւ եւ դռնապանին ըսաւ որ Պետրոսը ներս մտցնէր։ Այնպէս կը թուի թէ Պետրոս Յովհաննէսին հետ չմնաց, ոչ ալ փորձեց տուն մտնել՝ իր Տէրոջ քով կենալու համար։ Ան գաւիթը մնաց, ուր ծառաներէն եւ ստրուկներէն ոմանք բոցավառ կրակի մը շուրջ կանգնած կը տաքնային ցուրտ գիշերը, մինչ կը տեսնէին այն կեղծ վկաները, որոնք Յիսուսի դէմ մեղադրանքներ ներկայացնելու համար ելումուտ կը գործէին (Մար. 14։54-57. Յովհ. 18։15, 16, 18)։
15, 16. Բացատրէ՛ թէ երեք անգամ ուրանալու վերաբերեալ Յիսուսի մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կատարուեցաւ։
15 Պետրոսը ներս մտցնող աղախինը, կրակի լոյսին տակ կրցաւ աւելի յստակ տեսնել անոր դէմքը։ Ան ճանչցաւ զինք, ամբաստանելով. «Դուն ալ Գալիլիացի Յիսուսին հետ էիր»։ Անակնկալի եկած, Պետրոս ըսաւ թէ չէր ճանչնար Յիսուսը, եւ նոյնիսկ չէր հասկնար թէ աղախինը ի՛նչ կը խօսէր։ Աչքի չզարնուելու համար, ան մուտքի դրան քով գնաց, բայց ա՛յլ աղախին մը զինք նկատեց եւ միեւնոյն իրողութիւնը յայտնեց՝ ըսելով. «Ասիկա՛ ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էր»։ Պետրոս երդում ընելով, ըսաւ. «Չեմ ճանչնար այդ մարդը» (Մատ. 26։69-72. Մար. 14։66-68)։ Թերեւս այս երկրորդ անգամ ուրանալէն ետք էր որ ան աքաղաղին առաջին կանչը լսեց, բայց մտազբաղ ըլլալուն պատճառով չյիշեց Յիսուսի մարգարէական խօսքերը, որոնք ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ լսած էր։
16 Կարճ ժամանակ մը ետք, ճարահատ Պետրոս տակաւին կը փորձէր մարդոց աչքերէն հեռու մնալ։ Բայց գաւիթը հաւաքուած խումբ մը մարդիկ իրեն մօտեցան։ Անոնցմէ մէկը որ ազգական կու գար Մաղքոսին՝ այն ծառային, զոր Պետրոս վիրաւորեր էր, իրեն ըսաւ. «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ»։ Պետրոս սկսաւ համոզել, որ անոնք կը սխալէին, նոյնիսկ երդում ըրաւ՝ ակներեւաբար ըսել ուզելով թէ թող իր վրայ անէծք գար, եթէ ինք սուտ կը խօսէր։ Ասիկա իր երրորդ ուրանալն էր։ Սակայն իր խօսքը դեռ բերանն Յովհ. 18։26, 27. Մար. 14։71, 72)։
էր, երբ աքաղաղ մը կանչեց,– ասիկա երկրորդ կանչն էր, որ Պետրոս լսեց այդ գիշեր (17, 18. ա) Պետրոս ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ անդրադարձաւ թէ ի՛նչ լուրջ սխալ մը գործած էր իր Տէրոջ դէմ։ բ) Պետրոս հաւանաբար ի՞նչ խորհած ըլլար։
17 Յիսուսը դեռ նոր հանած էին ապարանքին պատշգամը, ուրկէ կրնար գաւիթը տեսնել։ Ճիշդ այդ պահուն, ինքն ու Պետրոսը աչք–աչքի եկան, ինչպէս որ այս գլուխին սկիզբը նշուած է։ Պետրոս ա՛յդ պահուն անդրադարձաւ, թէ լուրջ սխալ մը գործած էր իր Տէրոջ դէմ։ Պետրոս յանցապարտութեան զգացումով ջախջախուած՝ գաւիթէն դուրս վազեց։ Ան սկսաւ լուսնի լոյսին տակ քաղաքի փողոցները թափառիլ, աչքերը արցունքով լեցուեցան, ամէն ինչ սկսաւ պղտոր տեսնել։ Չկարենալով ինքզինք զսպել, ան դառնապէս լացաւ (Մար. 14։72. Ղուկ. 22։61, 62)։
18 Երբ անհատ մը անդրադառնայ թէ լուրջ սխալ մը գործած է, շատ դիւրութեամբ կրնայ ենթադրել, թէ իր մեղքը այնքան մեծ է որ աններելի է։ Պետրոս այդպէս խորհած ըլլալու էր։ Բայց արդեօք ասիկա ճի՞շդ էր։
Կարելի՞ էր որ Պետրոս ներում ստանար
19. Պետրոս իր յանցանքին նկատմամբ ի՞նչ զգացած ըլլալու էր, բայց ուրկէ՞ գիտենք թէ ան չյուսահատեցաւ։
19 Դժուար է պատկերացնել, թէ որքա՜ն խորունկ էր Պետրոսի սրտացաւը, մինչ օրը լուսցաւ եւ իրարայաջորդ դէպքեր տեղի ունեցան։ Ան ինքզինք որքա՜ն կշտամբած ըլլալու էր, երբ նոյն օրը Յիսուս ժամերով չարչարանք կրելէ ետք մեռաւ։ Պետրոս վստահաբար կը տառապէր, երբ ամէն անգամ մտածէր, թէ ինչպէ՛ս իր Տէրոջ մարդկային կեանքին վերջին օրը, անոր ցաւը աւելցուցած էր։ Սակայն շատ տխուր ըլլալով հանդերձ, ան չյուսահատեցաւ։ Ասկէ վստա՛հ ենք, քանի որ արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ շատ չանցած, ան դարձեալ իր հոգեւոր եղբայրներուն հետ էր (Ղուկ. 24։33)։ Անկասկած, բոլոր առաքեալներն ալ զղջացին այդ սոսկալի գիշերը իրենց ցուցաբերած վերաբերմունքին համար եւ, որոշ չափով, մէկզմէկ մխիթարեցին։
20. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Պետրոսի իմաստուն մէկ արարքէն։
20 Առումով մը, հոս կը տեսնենք թէ Պետրոս իր ամէնէն իմաստուն որոշումներէն մէկը կայացուց։ Երբ Աստուծոյ ծառայ մը կ’իյնայ, կարեւոր չէ թէ ան որքա՛ն խորը ինկած է։ Կարեւորն այն է, թէ որքանո՛վ վճռած է ետ ոտքի կանգնիլ եւ իր սխալները սրբագրել (կարդա՛ Առակաց 24։16)։ Պետրոս իսկական հաւատք դրսեւորեց, իր եղբայրներուն հետ մէկտեղ հաւաքուելով, հակառակ որ ընկճուած էր։ Երբ անհատ մը տխուր կամ զղջահար ըլլայ, թերեւս ուզէ մեկուսացած մնալ, բայց այս մէկը վտանգաւոր է (Առ. 18։1)։ Իմաստութիւն է հաւատակիցներուն մօտ մնալ եւ հոգեւոր զօրութիւնը վերագտնել (Եբ. 10։24, 25)։
21. Որովհետեւ իր հոգեւոր եղբայրներուն հետ մէկտեղ հաւաքուած էր, Պետրոս ի՞նչ լուր առաւ։
21 Որովհետեւ իր հոգեւոր եղբայրներուն հետ էր, Պետրոս լսեց ցնցիչ լուրը. Յիսուսի մարմինը գերեզմանին մէջ չէր։ Պետրոս եւ Յովհաննէս վազեցին Յիսուսի գերեզմանը, որուն մուտքը գոցուած էր։ Յովհաննէս, որ հաւանաբար տարիքով աւելի պզտիկ էր, Պետրոսէն առաջ հասնելով, գերեզմանին մուտքը բաց տեսաւ. ան երկմտեցաւ։ Սակայն Պետրոս վազելէն շնչահեղձ ըլլալով հանդերձ, առանց մտածելու շիտակ գերեզման մտաւ։ Եւ ի՞նչ. . . անիկա դատա՛րկ էր (Յովհ. 20։3-9)։
22. Ի՞նչը պատճառ եղաւ, որ տխրութեան եւ կասկածի նշոյլ մը իսկ չմնար Պետրոսի սրտին մէջ։
22 Պետրոս հաւատա՞ց թէ Յիսուս յարութիւն առած էր։ Սկիզբը ո՛չ, հակառակ անոր որ հաւատարիմ կիներ տեղեկացուցին թէ տեսած էին հրեշտակներ, որոնք Յիսուսի յարուցանուիլը ծանուցանած էին իրենց (Ղուկ. 23։55–24։11)։ Բայց այդ օրուան աւարտին, տխրութեան եւ կասկածի նշոյլ մը իսկ չմնաց Պետրոսի սրտին մէջ։ Յիսուս այժմ ո՛ղջ էր որպէս հոգեղէն հզօր էակ։ Ան իր բոլոր առաքեալներուն երեւցաւ։ Բայց ատկէ առաջ, ան երեւցաւ Պետրոսին։ Այդ օրը, առաքեալները ըսին. «Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ» (Ղուկ. 24։34)։ Յետագային, Պօղոս առաքեալ նոյնպէս գրեց այն յատկանշական օրուան մասին, երբ Յիսուս «երեւցաւ Կեփասին ու ետքը տասներկուքին» (Ա. Կոր. 15։5)։ Կեփասն ու Սիմոնը Պետրոսի միւս անուններն են։ Յիսուս Պետրոսին երեւցաւ այդ օրը, ակներեւաբար, երբ ան մինակ էր։
Պետրոս շատ մը սխալներ գործեց, իր Տէրոջը ներողամտութեան կարիքը ունենալով. բայց մեզմէ ո՞վ կարիք չունի ամէն օր ներում ստանալու
23. Այժմու այն քրիստոնեաները, որոնք մեղքի մէջ կ’իյնան, ինչո՞ւ պէտք է յիշեն Պետրոսի պարագան։
23 Այդ սրտապնդիչ հանդիպման մանրամասնութիւնները չեն արձանագրուած Աստուածաշունչին մէջ. անոնք Յիսուսի եւ Պետրոսի միջեւ կը մնան։ Մենք միայն կրնանք երեւակայել, թէ որքա՛ն յուզիչ էր այդ հանդիպումը առաքեալին համար,– դարձեալ ողջ տեսնել իր սիրելի Տէրը եւ առիթ մը ունենալ իր վիշտն ու զղջումը արտայայտելու։ Պետրոսի բուռն փափաքն էր՝ ներում ստանալ։ Անկասկած, Յիսուս առատապէս ներեց իր առաքեալին։ Այժմու այն քրիստոնեաները, որոնք մեղքի մէջ կ’իյնան, Պետրոսի պարագան պէտք է յիշեն։ Բնաւ պէտք չէ ենթադրենք, թէ անկարելի է որ Աստուած մեզի ներէ։ Յիսուս կատարելապէս կ’արտացոլէ իր Հայրը, որ «առատապէս կը ներէ» (Եսա. 55։7)։
Ներողամտութեան յաւելեալ փաստ մը
24, 25. ա) Նկարագրէ այն գիշերը, երբ Պետրոս Գալիլիոյ ծովուն մէջ ձկնորսութիւն կ’ընէր։ բ) Պետրոս ինչպէ՞ս հակազդեց այն հրաշքին, զոր Յիսուս կատարեց յաջորդ առաւօտ։
24 Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ որ երթան Գալիլիա, ուր իրեն դարձեալ պիտի հանդիպէին։ Երբ հոն հասան, Պետրոս որոշեց ձուկ որսալ Գալիլիոյ ծովուն մէջ. ուրիշներ ալ իրեն միացան։ Պետրոս Մատ. 26։32. Յովհ. 21։1-3)։
անգամ մը եւս այն լիճին վրայ էր, ուր նախապէս իր կեանքին մեծ մասը անցուցած էր։ Նաւակին ճռճռոցն ու ալիքներուն ձայնը եւ կոշտ ուռկանները բռնելու զգացումը, վստահաբար ծանօթ եւ մխիթարական էին իրեն համար։ Անոնք այդ գիշեր բան մը չբռնեցին (25 Սակայն արշալոյսին, մարդ մը լճափէն ձայն տուաւ, յորդորելով որ ձկնորսները իրենց ուռկանները նաւուն միւս կողմը ձգեն։ Աշակերտները այդպէս ըրին եւ 153 ձուկ բռնեցին։ Պետրոս անդրադարձաւ թէ ո՛վ էր այդ մարդը։ Իսկոյն նաւէն ցատկելով, դէպի ցամաք լողաց։ Երբ ծովափ հասան, Յիսուս ածուխի վրայ եփուած Յովհ. 21։4-14)։
ձուկ տուաւ իր հաւատարիմ բարեկամներուն։ Ան իր ուշադրութիւնը Պետրոսին վրայ կեդրոնացուց (26, 27. ա) Յիսուս Պետրոսին երեք անգամ ի՞նչ առիթ տուաւ։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ լիովին ներած էր Պետրոսին։
26 Յիսուս Պետրոսին հարցուց, թէ արդեօք իր Տէրը «ատոնցմէ աւելի» կը սիրէ՞ր,– ակներեւաբար դիզուած ձուկերը մատնանշելով։ Արդեօք ձկնորսութեան հանդէպ Պետրոսի սէրը պիտի գերազանցէ՞ր Յիսուսի հանդէպ իր սիրոյն։ Ճիշդ ինչպէս որ Պետրոս երեք անգամ ուրացած էր իր Տէրը, Յիսուս այժմ իրեն առիթ կու տար, որ երեք անգամ իր սէրը հաւաստիացնէր իր ընկերներուն դիմաց։ Պետրոսի խօսքերէն ետք, Յիսուս իրեն ցոյց տուաւ թէ ինչպէ՛ս կրնար այդ սէրը դրսեւորել,– սուրբ ծառայութիւնը ամէն բանէ առաջ դասելով եւ Քրիստոսին հօտը՝ Իր հաւատարիմ հետեւորդները, կերակրելով, զօրացնելով եւ հովուելով (Ղուկ. 22։32. Յովհ. 21։15-17)։
27 Այսպիսով, Յիսուս հաստատեց թէ Պետրոս տակաւին արժէքաւոր էր թէ՛ իր եւ թէ իր Հօր աչքին։ Պետրոս Քրիստոսի ուղղութեան ներքեւ կարեւոր դեր մը պիտի խաղար ժողովքին մէջ։ Ի՜նչ մեծ ապացոյց մը, որ Յիսուս լիովին ներած էր իրեն։ Անկասկած, այդ ողորմածութիւնը երախտագիտութեամբ լեցուց Պետրոսի սիրտը եւ ան իր սխալներէն սորվեցաւ։
28. Պետրոս ինչպէ՞ս իր անուան համաձայն ապրեցաւ։
28 Պետրոս երկար տարիներ հաւատարմօրէն կատարեց իր նշանակումը։ Ան զօրացուց իր եղբայրները, ինչպէս որ Յիսուս պատուիրած էր իր մահուան գիշերը։ Պետրոս քաղցրօրէն եւ համբերատարութեամբ հովուեց ու կերակրեց Քրիստոսի հետեւորդները։ Սիմոն կոչուած մարդը՝ Յիսուսի տուած նոր անուան համաձայն ապրեցաւ, որ է՝ Պետրոս կամ Ժայռ. ան՝ զօրաւոր, կայուն եւ վստահելի անձնաւորութիւն մը եղաւ ժողովքին մէջ։ Ասոր վառ ապացոյցը կրնանք տեսնել Պետրոսի ձեռքով գրուած երկու ջերմ նամակներուն մէջ, որոնք արժէքաւոր գիրքեր դարձան Աստուածաշունչին մէջ։ Այդ նամակները նաեւ ցոյց կու տան, որ Պետրոս բնաւ չմոռցաւ ներողամտութեան այն դասը, որ սորված էր Յիսուսէն (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8, 9. 4։8)։
29. Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Պետրոսին հաւատքը եւ իր Տէրոջ ողորմածութիւնը։
29 Թող մենք ալ այդ դասը սորվինք։ Ամէն օր Աստուծմէ ներողութիւն կը խնդրե՞նք մեր շատ մը սխալներուն համար։ Եւ այդպէս ընելով կ’ընդունի՞նք այդ ներումը՝ հաւատալով որ ատիկա կրնայ մեր անձը մաքրել։ Մենք ալ կը ներե՞նք մեր շուրջի անհատներուն։ Եթէ այո՛, ընդօրինակած կ’ըլլանք Պետրոսի հաւատքը եւ իր Տէրոջ ողորմածութիւնը։