Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ

Ան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով

Ան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով

1, 2. Ի՞նչ դէպքեր պատահեցան Եղիայի կեանքին ամենայիշարժան օրուան ընթացքին։

ԵՂԻԱ անձրեւին տակ կը վազէր, մինչ ճամբան աւելի կը խաւարէր։ Յեզրայէլ հասնելու համար, ան երկար ճամբայ պէտք էր կտրէր եւ անշուշտ երիտասարդ չէր։ Այսուհանդերձ, ան առանց յոգնելու վազեց, քանի որ «Տէրոջը ձեռքը» իր վրայ էր։ Ան բնաւ այսպիսի գերբնական զօրութիւն չէր զգացած իր մարմնին վրայ։ Մարգարէն դեռ նոր առաջ անցած էր Աքաաբ թագաւորի արքայական կառքէն, որ խումբ մը ձիերով կը սուրար (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 18։46

2 Պատկերացուր թէ Եղիան Աքաաբի արքայական կառքին առջեւէն վազելով, տակաւին կը շարունակէ այդ երկար ճամբան։ Անձրեւի կաթիլները իր երեսը կը հարուածեն մինչ ան կը վազէ՝ մտաբերելով իր կեանքի ամենայիշարժան օրը։ Անկասկած, այդ օրը Եղիային Աստուածը՝ Եհովան, եւ ճշմարիտ պաշտամունքը փառահեղ յաղթանակ տարած էին։ Կարմեղոս լեռը հեռուն կը մնայ, որուն գագաթը հազիւ կ’երեւնայ, քանի որ յորդառատ անձրեւին պատճառով երկինքը մթագնած էր։ Այն նոյն լերան վրայ էր որ Եհովան Եղիային միջոցով զօրեղ եւ հրաշալի կերպով պարտութեան մատնեց Բահաղի պաշտամունքը։ Բահաղի հարիւրաւոր չար մարգարէները քօղազերծուեցան եւ արդարացիօրէն սպաննուեցան։ Յետոյ, Եղիան աղօթեց, որ Եհովան վերջ դնէր երաշտին, որ երեքուկէս տարի հարուածած էր երկիրը։ Եւ վերջապէս անձրեւ տեղաց (Գ. Թագ. 18։18-45

3, 4. ա) Եղիան ինչո՞ւ թերեւս մեծ յոյսերով լեցուած էր, մինչ Յեզրայէլ կ’ուղղուէր։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Եղիան կը շարունակէր անձրեւին տակ վազել Յեզրայէլի ուղղութեամբ, որ 30 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր։ Այժմ, այդ բոլոր դէպքերէն ետք, թերեւս ան մեծ յոյսերով լեցուած էր եւ կ’ակնկալէր որ շրջադարձային փոփոխութիւն մը տեղի ունենար. Աքաաբ այդ ամէնուն ականատես ըլլալէ ետք, ա՛լ պէտք էր փոխուէր՝ Բահաղի պաշտամունքը լքելով, իր թագուհին՝ Յեզաբէլը սանձելով եւ Եհովայի ծառաներուն հալածանքը դադրեցնելով։

«Եղիա. . . մինչեւ Յեզրայէլին մուտքը Աքաաբին առջեւէն վազեց»

4 Երբ այնպէս մը թուի թէ ամէն բան մեր ուզածին պէս կ’ընթանայ, բնականաբար մեծ յոյսերով կը լեցուինք։ Հաւանաբար խորհինք որ մեր կեանքի պարագաները պիտի շարունակեն բարելաւուիլ եւ թերեւս նոյնիսկ մտածենք թէ մեր ամենագէշ խնդիրները վերջապէս մեր ետին են։ Եթէ Եղիան այդպէս խորհեցաւ, զարմանալի չէ, քանի որ ան «մեզի պէս զգացումներ ունէր» (Յակ. 5։17, ՆԱ)։ Իրականութեան մէջ, Եղիան տակաւին շա՜տ խնդիրներ ունէր դիմագրաւելու։ Միայն քանի մը ժամ ետք, ան այնքա՛ն պիտի վախնար եւ յուսահատէր, որ պիտի ուզէր մեռնիլ։ Ի՞նչ պիտի պատահէր եւ Եհովան ինչպէ՞ս պիտի օգնէր իր մարգարէին, որ իր հաւատքն ու քաջութիւնը վերագտնէր. տեսնենք։

Անսպասելի բան մը կը պատահի

5. Կարմեղոս լերան դէպքերէն ետք, Աքաաբ սորվեցա՞ւ Եհովան աւելի յարգել. ուրկէ՞ գիտենք։

5 Աքաաբ երբ Յեզրայէլի մէջ գտնուող իր պալատը հասաւ, որեւէ կերպով ցոյց տուա՞ւ թէ զղջացած էր իր ըրածներուն վրայ։ Կը կարդանք. «Աքաաբ Եղիային բոլոր ըրածները ու բոլոր մարգարէները սրով մեռցնելը Յեզաբէլին պատմեց» (Գ. Թագ. 19։1)։ Նշմարէ թէ երբ Աքաաբ այդ օրուան իրադարձութիւններուն մասին կը պատմէր, բնաւ չյիշեց Եղիային Աստուածը՝ Եհովան։ Մարմնաւոր ըլլալով, Աքաաբ մարդկային աչքերով դիտեց այդ օրուան հրաշալի դէպքերը,– «Եղիային բոլոր ըրածները» ըսելով։ Յստակ է որ ան չէր սորված Եհովա Աստուածը յարգել։ Իսկ իր վրիժառու կնո՞ջ հակազդեցութիւնը ինչ էր։

6. Յեզաբէլ Եղիայի ի՞նչ պատգամ մը ղրկեց եւ ատիկա ի՞նչ նշանակեց։

6 Յեզաբէլ զայրացաւ եւ Եղիային այս պատգամը ղրկեց. «Աստուածները այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն ինծի, եթէ վաղը այս ատեն քու անձդ անոնց մէկուն անձին տեղ չդնեմ» (Գ. Թագ. 19։2)։ Ասիկա մահուան ամենասարսափելի սպառնալիքն էր։ Իրականութեան մէջ, Յեզաբէլ երդում կ’ընէր ինքզինք սպաննել, եթէ Բահաղի մարգարէներուն վրէժը առնելու համար չկարենար մէկ օրուան մէջ Եղիան սպաննել։ Պատկերացուր թէ փոթորկալից գիշեր մը, Յեզրայէլի համեստ իջեւանի մը մէջ Եղիան կը քնանայ, երբ յանկարծ թագուհիէն պատգամաւոր մը ներս մտնելով զինք կ’արթնցնէ՝ այս սարսափազդու խօսքերը հաղորդելու համար։ Այս լուրը իրեն ինչպէ՞ս ազդեց։

Վհատութեամբ եւ վախով նուաճուած

7. Յեզաբէլի սպառնալիքը Եղիային ինչպէ՞ս ազդեց եւ Եղիան ի՞նչ ըրաւ։

7 Եթէ Եղիայի մտքին մէջ որեւէ գաղափար կար թէ Բահաղի պաշտամունքին դէմ ուղղուած պատերազմը իր աւարտին հասած էր, այդ պահուն, իր յոյսերը ի դերեւ ելան։ Հակառակ այդ դէպքերուն, Յեզաբէլ բնաւ չէր փոխուած։ Արդէն թագուհիին հրամանով Եղիայի բազմաթիւ հաւատարիմ պաշտօնակիցներ սպաննուած էին, եւ այժմ կարծես թէ կարգը իրեն հասած էր։ Յեզաբէլի սպառնալիքը Եղիային ինչպէ՞ս ազդեց։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ան իսկոյն փախաւ, «իր անձին ազատութեանը համար»։ Արդեօք Եղիան մտապատկերե՞ց այն սարսափելի մահը, զոր Յեզաբէլ սահմանած էր իրեն համար։ Եթէ մարգարէն շատ մտածեց այս նիւթին շուրջ, վստահաբար իր քաջութիւնը կորսնցուց (Գ. Թագ. 18։4. 19։3

Եթէ կ’ուզենք քաջ մնալ, պէտք չէ թոյլ տանք որ մեր միտքը կեդրոնանայ մեզ վախցնող վտանգներուն վրայ

8. ա) Պետրոսի խնդիրը ինչպէ՞ս նման էր Եղիայի խնդրին։ բ) Ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ Եղիայէն եւ Պետրոսէն։

8 Եղիան միակ հաւատքի տէր անձը չէր որ վախով նուաճուէր։ Յետագային, Պետրոս առաքեալ նոյնանման խնդիր մը ունեցաւ։ Օրինակ, երբ Յիսուս Պետրոսը կարող դարձուց իրեն հետ ջուրին վրայ քալելու, առաքեալը ‘հովին սաստիկ ըլլալուն’ նայելով, իր քաջութիւնը կորսնցուց եւ սկսաւ ընկղմիլ (կարդա՛ Մատթէոս 14։30Այսպիսով, Եղիային եւ Պետրոսին օրինակները մեզի արժէքաւոր դաս մը կը սորվեցնեն։ Եթէ կ’ուզենք քաջ մնալ, պէտք չէ թոյլ տանք որ մեր միտքը կեդրոնանայ մեզ վախցնող վտանգներուն վրայ։ Հարկ է որ աչքերնիս սեւեռենք մեր յոյսին եւ զօրութեան Աղբիւրին վրայ։

«Ալ հերի՛ք է»

9. Նկարագրէ Եղիային ճամբորդութիւնն ու զգացումները, մինչ կը փախչէր։

9 Վախը սրտին մէջ ըլլալով, Եղիան փախաւ դէպի հարաւ–արեւմուտք՝ գրեթէ 150 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Բերսաբէէ քաղաքը, որ Յուդայի հարաւային սահմանին մօտ էր։ Ան իր սպասաւորը հոն ձգեց եւ մինակը անապատ գնաց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ ան «մէկ օրուան ճամբայ գնաց»։ Ուստի կրնանք եզրակացնել, թէ մարգարէն արեւածագին ճամբայ ելաւ՝ ակներեւաբար իրեն հետ ուտելիք եւ անհրաժեշտ բաներ չառնելով։ Ճնշուած եւ որեւէ ժամանակէ աւելի սարսափահար ըլլալով, ան կիզիչ արեւուն տակ դժուարութեամբ կ’ընթանար՝ անհարթ եւ ամայի ճամբաներ կտրելով։ Երբ երկնքի այդ շլացուցիչ հրեղէն գունդը շառագոյն դարձաւ եւ աստիճանաբար մարը մտաւ, Եղիային վրայ ոյժ չմնաց։ Ուժասպառ ըլլալով, ան ծառի մը տակ նստաւ,– այդ անբնակ տարածքին միակ ապաստանարանը (Գ. Թագ. 19։4

10, 11. ա) Եղիային աղօթքը ի՞նչ կը նշանակէր։ բ) Նշուած համարները գործածելով, ա՛յլ աստուածավախ անհատներու զգացումները նկարագրէ, որոնք ընկճուեցան։

10 Ծայրայեղ վհատութեան մէջ ըլլալով, Եղիան աղօթեց։ Ան խնդրեց որ մեռնի, ըսելով. «Ես իմ հայրերէս լաւ չեմ»։ Ան գիտէր թէ իր նախահայրերը պարզապէս հող դարձած էին, եւ գերեզմանին մէջ միայն անոնց ոսկորները մնացած էին. անոնք չէին կրնար որեւէ բարիք ընել ոեւէ մէկուն համար (Ժող. 9։10)։ Եղիան ինքզինք նոյնքան անարժէք կը զգար։ Զարմանալի չէ որ ան աղաղակեց. «Ալ հերի՛ք է»։ Ա՛լ ինչո՞ւ ապրիլ։

11 Արդեօք պէ՞տք է զարմանանք, գիտնալով թէ Աստուծոյ մարդ մը կրնար ա՛յսքան վհատիլ։ Պայման չէ։ Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք բազմաթիւ հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ, որոնք այնքա՛ն ընկճուեցան, որ նոյնիսկ ցանկացին մեռնիլ, ինչպէս՝ Ռեբեկա, Յակոբ, Մովսէս եւ Յոբ (Ծն. 25։22. 37։35. Թուոց 11։13-15. Յոբ 14։13

12. Եթէ երբեւէ չափազանց վհատած զգաս, ի՞նչ բանի մէջ պէտք է Եղիան ընդօրինակես։

12 Ներկայիս, կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ, ուստի չենք զարմանար տեսնելով թէ շատեր, նոյնիսկ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ, երբեմն կ’ընկճուին (Բ. Տիմ. 3։1)։ Եթէ երբեւէ ինքզինքդ այդպիսի ահռելի կացութեան մէջ գտնես, օրինակ առ Եղիայէն. սիրտդ բաց Աստուծոյ առջեւ։ Ի վերջոյ, Եհովան «ամէն մխիթարութեան Աստուածն» է (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4Ան մխիթարե՞ց Եղիան։

Եհովա նեցուկ կանգնեցաւ իր մարգարէին

13, 14. ա) Եհովան ինչպէ՞ս հրեշտակի մը միջոցով սիրալիր հոգածութիւն ցուցաբերեց Իր մտահոգ մարգարէին հանդէպ։ բ) Ինչո՞ւ մխիթարական է գիտնալ, որ Եհովան իւրաքանչիւրիս մասին ամէն բան գիտէ, ներառեալ մեր սահմանափակումները։

13 Կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ զգաց, երբ երկինքէն տեսաւ իր սիրելի մարգարէն, որ անապատին մէջ, այդ ծառին տակ նստած, իր անձին մահը կը խնդրէր։ Պէտք չունինք կռահելու։ Երբ Եղիան խոր քունի անցաւ, Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց իրեն։ Հրեշտակը մեղմօրէն դպչելով, մարգարէն արթնցուց եւ ըսաւ. «Ելի՛ր կեր»։ Եղիան այդպէս ըրաւ, քանի որ հրեշտակը իրեն բերած էր պարզ ճաշ մը,– կտոր մը թարմ, տաք հաց եւ խմելու ջուր։ Արդեօք ան շնորհակալութիւն յայտնե՞ց հրեշտակին։ Արձանագրութիւնը միայն կ’ըսէ որ ան կերաւ, խմեց եւ նորէն քնացաւ։ Արդեօք մարգարէն այնքան ընկճուած էր, որ չէ՞ր կրնար խօսիլ։ Ամէն պարագայի, հրեշտակը երկրորդ անգամ ալ զինք արթնցուց՝ թերեւս արշալոյսին։ Անգամ մը եւս ան Եղիան յորդորեց «Ելի՛ր կե՛ր» ըսելով եւ այս յատկանշական խօսքերը աւելցնելով. «Քանզի քու երթալու ճամբադ երկար է» (Գ. Թագ. 19։5-7

14 Աստուածատուր հասկացողութեան շնորհիւ, հրեշտակը գիտէ՛ր թէ Եղիան դէպի ուր կ’ուղղուէր։ Ան նաեւ գիտէր, թէ այդ ճամբորդութիւնը կատարելը մարգարէին կարողութենէն գերիվեր էր։ Ի՜նչ մխիթարական է ծառայել այն Աստուծոյն, որ մեզմէ աւելի լաւ գիտէ մեր նպատակներն ու սահմանափակումները (կարդա՛ Սաղմոս 103։13, 14Այդ կերակուրը Եղիային օգտակար եղա՞ւ։

15, 16. ա) Եհովայի կողմէ Եղիայի տրուած կերակուրը մարգարէն կարող դարձուց ի՞նչ ընելու։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է գնահատենք այն կերպը, որով Եհովան կը զօրացնէ իր այժմու ծառաները։

15 Կը կարդանք. «Անիկա ելաւ, կերաւ ու խմեց։ Այն կերակուրին ուժովը քառասուն օր ու քառասուն գիշեր գնաց ու մինչեւ Քորեբ, Աստուծոյ լեռը, հասաւ» (Գ. Թագ. 19։8)։ Եղիան 40 օր ու 40 գիշեր ծոմ պահեց, ինչպէս Մովսէս ըրած էր իրմէ վեց դար առաջ, եւ ինչպէս Յիսուս ըրաւ իրմէ գրեթէ տասը դար ետք (Ել. 34։28. Ղուկ. 4։1, 2)։ Այդ կերակուրը չլուծեց իր բոլոր խնդիրները, բայց հրաշքով զօրացուց զինք։ Երեւակայէ թէ այդ տարեց մարդը ամայի եւ անարահետ անապատին մէջէն կ’անցնէր օրերով ու շաբաթներով, գրեթէ մէկուկէս ամիս դժուարութեամբ քալելով։

16 Եհովան այսօր ալ իր ծառաները կը զօրացնէ, սակայն ոչ թէ ֆիզիքական հրաշալի կերակուրներով, այլ՝ աւելի ազդու կերպով մը. ան իր ծառաները հոգեւորապէս կը կերակրէ (Մատ. 4։4)։ Երբ Աստուծոյ մասին կը սորվինք իր Խօսքէն եւ այն հրատարակութիւններէն, որոնք ամենայն ուշադրութեամբ հիմնուած են Աստուածաշունչին վրայ, հոգեւորապէս կը զօրանանք։ Այդպիսի հոգեւոր կերակուր ուտելը, թերեւս մեր բոլոր խնդիրները չչէզոքացնէ, սակայն կրնայ մեզի օգնել, որ տոկանք այնպիսի դժուարութիւններու, որոնց թերեւս այլապէս պիտի չկարենայինք տոկալ։ Ասկէ զատ, հոգեւոր կերակուրը «յաւիտենական կեանք»ի կ’առաջնորդէ (Յովհ. 17։3

17. Եղիան ո՞ւր գնաց եւ այդ վայրը ինչո՞ւ յատկանշական էր։

17 Եղիան մօտաւորապէս 320 քմ քալեց, մինչեւ որ վերջապէս հասաւ Քորեբ լեռը, որ շատ յատկանշական վայր մըն էր։ Հո՛ն, Եհովա Աստուած հրեշտակի մը միջոցով շա՜տ առաջ Մովսէսին երեւցած էր՝ այրող մորենիին մէջէն։ Եւ հո՛ն էր որ Եհովան Օրէնքին ուխտը հաստատեց իսրայէլի հետ։ Եղիան այդտեղ ապաստանարան գտաւ քարայրի մը մէջ։

Եհովան ինչպէ՛ս մխիթարեց եւ զօրացուց իր մարգարէն

18, 19. ա) Եհովայի հոգեղէն պատգամաւորը ի՞նչ հարցուց եւ Եղիան ի՞նչ պատասխանեց։ բ) Եղիան իր վհատութեան համար առնուազն ի՞նչ երեք պատճառներ յայտնեց։

18 Քորեբի վրայ, Եհովային «խօսքը», որ ակներեւաբար հոգեղէն պատգամաւորի մը կողմէ տրուեցաւ, հետեւեալ պարզ հարցումը ուղղեց. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։ Հարցումը հաւանաբար մեղմ ոճով հարցուեցաւ, որովհետեւ մարգարէն զայն ընդունեց որպէս հրաւէր՝ իր սիրտը բանալու։ Եւ իրապէս իր սիրտը բացաւ, ըսելով. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ ու իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն» (Գ. Թագ. 19։9, 10)։ Եղիայի խօսքերէն կ’երեւնան առնուազն երեք պատճառներ, թէ ինչո՛ւ ինք վհատած էր։

19 Առաջին, Եղիան կը խորհէր թէ իր աշխատանքը պարապ էր։ Տարիներ շարունակ, Եհովայի ծառայութեան մէջ «մեծ նախանձաւորութիւն» ունենալով եւ Աստուծոյ սուրբ անունն ու պաշտամունքը ամէն բանէ առաջ դասելով հանդերձ, Եղիան կը տեսնէր թէ պարագաները միայն կը վատթարանային։ Ժողովուրդը տակաւին անհաւատ եւ ըմբոստ էր, իսկ սուտ պաշտամունքը հետզհետէ կը տարածուէր։ Երկրորդ, Եղիան միայնակ զգաց։ «Միայն ես մնացեր եմ», ըսաւ ան, կարծես թէ իր ազգին մէջ միայն ինք մնացեր էր որ տակաւին Եհովային կը ծառայէր։ Երրորդ, Եղիան վախի մէջ էր։ Իր պաշտօնակից մարգարէներէն շատերը արդէն իսկ սպաննուած էին, եւ համոզուած էր որ յաջորդը ի՛նք պիտի ըլլար։ Թերեւս դիւրին չէր խոստովանիլ իր այդ զգացումները, սակայն թոյլ չտուաւ որ հպարտութիւնը կամ իր նեղ կացութեան մատնուիլը զինք ետ պահէր։ Իր սիրտը իր Աստուծոյն առջեւ աղօթքով բանալով, ան ընտիր օրինակ մը թողուց բոլոր հաւատարիմ մարդոց համար (Սաղ. 62։8

20, 21. ա) Նկարագրէ այն տեսարանները, որոնց Եղիան ականատես եղաւ Քորեբ լերան վրայ գտնուող քարայրին մուտքէն։ բ) Եհովան իր ուժի ցուցադրութիւններով ի՞նչ սորվեցուց Եղիային։

20 Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց Եղիայի մտահոգութիւններուն ու վախերուն։ Հրեշտակը Եղիային ըսաւ որ քարայրին մուտքը կենար։ Ան հնազանդեցաւ, չգիտնալով թէ իրեն ի՛նչ կը սպասէր։ Յանկարծ, խլացուցիչ ձայնով սաստիկ հով մը փչեց։ Քամին այնքա՛ն ուժգին ըլլալու էր, որ լեռներն ու ժայռերը կոտրտեց։ Պատկերացուր թէ փոթորիկէն պաշտպանուելու համար, Եղիան փորձեց թէ՛ երեսը գոցել, եւ թէ հագած կոշտ, մազեղէն զգեստը բռնել։ Ապա երկրաշարժ մը ցնցեց շրջանը։ Մարգարէն ջանաց իր հաւասարակշռութիւնը չկորսնցնել եւ ոտքերը ամուր պահել տատանող գետնին վրայ։ Հազիւ թէ ինքզինք կը գտնէր, կրակ տեղաց։ Կրակին կիզիչ ջերմութիւնը զինք ստիպեց որ ետ քարայրը մտնէր (Գ. Թագ. 19։11, 12

Եհովան իր անսահման զօրութիւնը գործածեց՝ Եղիան մխիթարելու եւ քաջալերելու համար

21 Իւրաքանչիւր պարագայի, արձանագրութիւնը մեզի կը նշէ, որ Եհովան բնութեան այս ահարկու ուժերուն մէջ չէր գտնուեր։ Եղիան գիտէր որ Եհովան բնութեան առասպելական աստուածներէն չէր, ինչպէս որ էր Բահաղ, որուն մոլորած երկրպագուները զինք կ’ողջունէին որպէս «ամպերուն հեծեալը», այսինքն՝ անձրեւ բերող։ Ճիշդ է որ Եհովան բնութեան բոլոր ահարկու ուժերուն իսկական Աղբիւրն է, բայց ան նաեւ անսահմանօրէն աւելի մեծ է քան որեւէ բան, որ ստեղծած է։ Երկինքն անգամ չի կրնար զինք պարունակել (Գ. Թագ. 8։27)։ Այս բոլորը ինչպէ՞ս օգնեցին Եղիային։ Յիշէ իր վախը։ Եհովայի նման Աստուած մը իր կողմը ըլլալով, Աստուած մը՝ որուն տրամադրութեան տակ են բնութեան բոլոր անյաղթահարելի ուժերը, Եղիան՝ Աքաաբէն եւ Յեզաբէլէն վախնալու որեւէ պատճառ չունէր (կարդա՛ Սաղմոս 118։6

22. ա) «Մեղմ ու բարակ ձայն»ը ինչպէ՞ս Եղիան հաւաստիացուց, թէ ինք երբեք անարժէք չէր։ բ) «Մեղմ ու բարակ ձայն»ին աղբիւրը ո՞վ կրնար ըլլալ (տե՛ս ստորանիշը)։

22 Կրակը չքացաւ, լռութիւն տիրեց եւ Եղիան «մեղմ ու բարակ ձայն մը» լսեց։ Ձայնը Եղիային ըսաւ որ ինքզինք դարձեալ արտայայտէր. մարգարէն ալ այդպէս ըրաւ, անգամ մը եւս իր մտահոգութիւնները յայտնելով *։ Թերեւս ասիկա զինք աւելի հանգստացուց։ Անկասկած, Եղիան ա՛լ աւելի մխիթարուեցաւ, «մեղմ ու բարակ ձայն»ին յաջորդ խօսքերուն վրայ։ Եհովան Եղիան հաւաստիացուց, թէ ինք երբեք անարժէք չէր։ Ինչպէ՞ս։ Աստուած մանրամասնութիւններ յայտնած էր իր յետագայ նպատակներուն մասին՝ Իսրայէլի մէջ Բահաղի պաշտամունքին դէմ եղած պատերազմին վերաբերեալ։ Յստակ է ուրեմն, որ Եղիան պարապ տեղ չէր աշխատած, քանի որ Աստուծոյ նպատակը անշեղ կերպով դէպի յառաջ կ’ընթանար։ Աւելին, Եղիան այդ նպատակին մէջ տակաւին դեր պիտի ունենար, որովհետեւ Եհովան զինք գործով մը ետ ղրկեց՝ որոշ ցուցմունքներ տալով (Գ. Թագ. 19։12-17

23. Եհովան ի՞նչ երկու կերպերով փարատեց Եղիայի մինակութեան զգացումը։

23 Իսկ ի՞նչ ըսել Եղիայի մինակութեան զգացումին մասին։ Եհովան այս ուղղութեամբ երկու բան ըրաւ։ Առաջին, ան Եղիային պատուիրեց որ օծէր Եղիսէն, որ ի վերջոյ զինք պիտի յաջորդէր որպէս մարգարէ։ Այս երիտասարդը քանի մը տարի շարունակ, Եղիայի ընկերակիցն ու օգնականը պիտի ըլլար։ Որքա՜ն գործնական էր այդ մխիթարութիւնը։ Երկրորդ, Եհովան այս ոգեւորիչ լուրը տուաւ. «Ես Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ պահեցի, այսինքն բոլոր անոնք, որ Բահաղին առջեւ ծունկ կրկնած չեն ու զանիկա բերնով պագած չեն» (Գ. Թագ. 19։18)։ Եղիան բնաւ մինակ չէր։ Իր սիրտը կազդուրուած ըլլալու էր, երբ լսեց այդ հազարաւոր հաւատարիմ մարդոց մասին, որոնք կը մերժէին Բահաղը պաշտել։ Անոնք պէտք ունէին, որ Եղիան իր անձնուրաց ծառայութեամբ Եհովային հաւատարիմ մնալու հրաշալի օրինակ մը ըլլար իրենց համար։ Եղիան խորապէս զգացուած ըլլալու էր, երբ Եհովայի պատգամաբերին միջոցով լսեց այդ խօսքերը՝ իր Աստուծոյն «մեղմ ու բարակ ձայն»ը։

Աստուածաշունչը կրնայ նմանիլ այդ «մեղմ ու բարակ ձայն»ին, եթէ թոյլ տանք որ մեզ առաջնորդէ

24, 25. ա) Ի՞նչ կերպով կրնանք լսել Եհովայի «մեղմ ու բարակ ձայնը» այսօր։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եղիան ընդունեց Եհովայի մխիթարութիւնը։

24 Եղիայի նման, թերեւս մենք ալ երկիւղածութեամբ լեցուինք, տեսնելով ստեղծագործութեան մէջ գոյութիւն ունեցող բնութեան մեծ ուժերը։ Եւ պէ՛տք է այդպէս զգանք, քանի որ ստեղծագործութիւնը վառ կերպով կ’արտացոլէ Ստեղծիչին զօրութիւնը (Հռով. 1։20)։ Մինչեւ օրս, Եհովայի համար հաճոյք է իր անսահման զօրութիւնը գործածելը, իր հաւատարիմ ծառաներուն օգնելու համար (Բ. Մն. 16։9)։ Բայց մենք մեր Աստուծոյն մասին շատ աւելին կը սորվինք իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով (կարդա՛ Եսայի 30։21Առումով մը, Աստուածաշունչը կրնայ նմանիլ այդ «մեղմ ու բարակ ձայն»ին, եթէ թոյլ տանք որ մեզ առաջնորդէ։ Անոր թանկագին էջերուն ընդմէջէն, Եհովան մեզ կը սրբագրէ, կը քաջալերէ եւ մեզի հանդէպ իր սէրը կը հաւաստիացնէ։

25 Եղիան ընդունե՞ց Քորեբ լերան վրայ Եհովայի տուած մխիթարութիւնը։ Անկասկած։ Շուտով, ան անգամ մը եւս գործի անցաւ, հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայելով եւ խիզախօրէն մարդիկը ազդարարելով որ դադրին չաստուածներ պաշտելէ։ Եթէ մենք ալ սրտանց ընդունինք Աստուծոյ ներշնչեալ խօսքերը, «գրքերուն մխիթարութիւն»ը, պիտի կարենանք ընդօրինակել Եղիայի հաւատքը (Հռով. 15։4

^ պարբ. 22 Այս «մեղմ ու բարակ ձայն»ին աղբիւրը թերեւս այն նոյն հոգին էր, որ «Տէրոջը խօսքը» փոխանցելու ղրկուած էր, ինչպէս որ նշուած է Գ. Թագաւորաց 19։9–ի մէջ։ 15–րդ համարին մէջ, այդ հոգին պարզապէս կ’անուանուի՝ «Տէր» (Եհովա)։ Կրնանք մտաբերել այն պատգամաբերը, զոր Եհովան գործածեց անապատին մէջ իսրայէլ ազգը առաջնորդելու համար, եւ որուն մասին Աստուած ըսաւ. «Իմ անունս անոր վրայ է» (Ել. 23։21)։ Թէեւ չենք կրնար պնդել, բայց կ’արժէ նշել, որ իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Յիսուս ծառայեց որպէս «Բանը», այսինքն յատուկ Խօսնակը Եհովայի ծառաներուն ուղղուած (Յովհ. 1։1