Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 41

Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ սեռային յարաբերութեան մասին

Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ սեռային յարաբերութեան մասին

Շատ մը մարդիկ հանգիստ չեն զգար սեռային յարաբերութեան մասին խօսելու։ Սակայն Սուրբ Գիրքը սեռային յարաբերութեան մասին բացէ ի բաց կը խօսի, բայց՝ յարգանքով։ Ատոր ըսածը մեր օգուտին համար է։ Ասիկա տրամաբանական է, քանի որ ի վերջոյ Եհովան մեր Ստեղծիչն է եւ գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է։ Ան մեզի ցոյց կու տայ, թէ մեր արարքները ինչպէ՛ս կրնան զինք հաճեցնել եւ թէ ի՛նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ կեանքը վայելենք յաւիտեան։

1. Եհովան սեռային յարաբերութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէ

Սեռային յարաբերութիւնը նուէր մըն է Եհովայէն։ Ան կ’ուզէ որ սեռային յարաբերութիւնը ուրախութիւն բերէ տղամարդու մը եւ կնոջ մը, որոնք իրարու հետ ամուսնացած են։ Այս նուէրը ոչ միայն կարելի կը դարձնէ, որ զոյգը զաւակներ ունենան, հապա նաեւ իրարու հանդէպ իրենց սէրն ու գուրգուրանքը արտայայտեն բնական եւ հաճելի կերպով մը։ Անոր համար, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր» (Առակաց 5։18, 19)։ Եհովան կ’ակնկալէ որ ամուսնացած քրիստոնեաները հաւատարիմ ըլլան իրենց կողակիցներուն եւ ուրիշ ոեւէ մէկու մը հետ սեռային յարաբերութիւն չունենան (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։4

2. Ի՞նչ է սեռային անբարոյութիւնը

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ‘պոռնիկները. . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն’ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10)։ Սուրբ Գիրքը գրող անհատներէն անոնք, որոնք յունարէնով գրեցին, սեռային անբարոյութեան համար գործածեցին բոռնէա բառը։ Այդ բառը կը գործածուի՝ 1) իրարու հետ չամուսնացած անհատներու միջեւ սեռային յարաբերութեան նկատմամբ a, 2) միասեռականութեան նկատմամբ, եւ 3) մարդու եւ անասունի միջեւ սեռային յարաբերութեան նկատմամբ։ Եհովան կը հաճեցնենք եւ մենք ալ կ’օգտուինք, երբ ‘պոռնկութենէ ետ կը կենանք’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս սեռային անբարոյութենէն փախչիլ եւ թէ բարոյապէս մաքուր մնալով ինչպէ՛ս պիտի օգտուիս։

3. Սեռային անբարոյութենէն փախի՛ր

Հաւատարիմ Յովսէփը մերժեց կին մը, որ ուզեց իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Կարդացէ՛ք Ծննդոց 39։1-12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յովսէփ ի՞նչ պատճառով փախաւ (տե՛ս համար 9

  • Քու կարծիքովդ, Յովսէփ ճի՞շդ որոշումը առաւ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Ներկայիս, պատանիները ինչպէ՞ս կրնան Յովսէփը ընդօրինակել եւ սեռային անբարոյութենէն փախչիլ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Եհովան կ’ուզէ որ բոլորս հեռու մնանք անբարոյութենէն։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 6։18 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Մէկը ի՞նչ պայմաններու տակ կրնայ փորձուիլ սեռային անբարոյութիւն ընելու։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս անբարոյութենէն փախչիլ։

4. Կրնա՛ս փորձութեան դէմ դնել

Ե՞րբ է որ սեռային անբարոյութեան դէմ դնելը կը դժուարանայ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Վիտէոյին մէջ, եղբայրը ի՞նչ ըրաւ երբ անդրադարձաւ, որ իր մտքերն ու արարքները կրնային պատճառ ըլլալ, որ իր կնոջ անհաւատարիմ ըլլար։

Նոյնիսկ հաւատարիմ քրիստոնեաներու համար ատեններ դժուար կ’ըլլայ իրենց մտքերը մաքուր պահել։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի անբարոյ բաներու մասին շարունակ չմտածես։ Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 4։8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ի՞նչ տեսակ բաներու մասին պէտք է մտածենք։

  • Սուրբ Գիրքը կարդալը եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն, որ մեղք գործելու փորձութեան դէմ դնենք։

5. Եհովայի չափանիշները մեզի համար օգտակար են

Եհովան գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյն բանը ի՛նչ է։ Ան մեզի կ’ըսէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք բարոյապէս մաքուր մնալ եւ թէ այդպէս ընելուն օգուտները ի՛նչ են։ Կարդացէ՛ք Առակաց 7։7-27 կամ դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Երիտասարդը ինչպէ՞ս փորձութեան մէջ ինկաւ (տե՛ս Առակաց 7։8, 9

  • Առակաց 7։23, 26–ի համաձայն, սեռային անբարոյութիւնը կրնայ լուրջ խնդիրներու դուռ բանալ։ Եթէ բարոյապէս մաքուր մնանք, ի՞նչ խնդիրներէ կրնանք հեռու մնալ։

  • Բարոյական մաքրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ կեանքը վայելենք յաւիտեան։

Ոմանք կը մտածեն, որ միասեռականութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսածները խիստ են։ Բայց Եհովան՝ սիրոյ Աստուածը, կ’ուզէ որ ամէն մարդ կեանքը վայելէ յաւիտեան։ Յաւիտեան ապրելու համար, պէտք է իր չափանիշներուն համաձայն վարուինք։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 6։9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Աստուծոյ աչքին միա՞յն միասեռական ցանկութիւնները սխալ են։

Աստուած հաճեցնելու համար, բոլորս պէտք է փոփոխութիւններ ընենք։ Կ’արժէ՞ ջանք թափել։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 19։8, 11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քու կարծիքովդ, բարոյականութեան նկատմամբ Եհովայի պահանջները տրամաբանակա՞ն են։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Եհովան շատերու օգնած է, որ իր բարոյական չափանիշներուն համաձայն ապրին։ Ան քեզի ալ կրնայ օգնել

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Այնքան ատեն որ երկու անձեր իրար կը սիրեն, կրնան իրարու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ»։

  • Ի՞նչ պատասխան կու տաս։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Սեռային յարաբերութիւնը Եհովայի կողմէ նուէր մըն է ամուսնացած զոյգին։

Վերաքաղ

  • Ի՞նչ բաներ ընելը սեռային անբարոյութիւն կը սեպուի։

  • Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ սեռային անբարոյութենէն հեռու մնանք։

  • Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ Եհովայի բարոյական չափանիշներուն համաձայն կ’ապրինք։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ համար կարեւոր է որ տղամարդ մը եւ կին մը, որոնք իրարու հետ կ’ապրին, ամուսնանան։

«Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ առանց ամուսնանալու միասին ապրելու մասին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ միասեռական վարքը սխալ է։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ պէտք է միասեռականները ատենք։

«Միասեռականութիւնը սխա՞լ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս սեռային արարքներուն վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքները մեզ կը պաշտպանեն։

«Բերանային սեռը իրապէս սեռային յարաբերութի՞ւն է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

«Ինծի հետ արժանապատուութեամբ վարուեցան» յօդուածին մէջ, տե՛ս թէ ի՛նչ բան պատճառ դարձաւ որ միասեռական մը իր ապրելակերպը փոխէ, որպէսզի Աստուած հաճեցնէ։

«Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

a Այս անընդունելի յարաբերութիւններէն կը սեպուին՝ բնական սեռային յարաբերութիւնը, բերանային սեռը, յետոյքային սեռը եւ միւս անհատին սեռային անդամները գրգռելը։