Մաս 1–ի վերաքաղ
Ուսուցիչիդ հետ նկատի առ այս հարցումները.
1. Ապագայի մասին Սուրբ Գիրքի խոստումներէն ո՞ր մէկը ամէնէն շատ սրտիդ կը խօսի, եւ ինչո՞ւ։
(Տե՛ս Դաս 02)
2. Ինչո՞ւ կը հաւատաս որ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է։
3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Եհովայի անունը գործածենք։
(Տե՛ս Դաս 04)
4. Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Աստուած «կեանքի աղբիւր»ն է (Սաղմոս 36։9)։ Ասոր կը հաւատա՞ս։
(Տե՛ս Դաս 06)
5. Կարդացէ՛ք Առակաց 3։32։
Ինչո՞ւ Եհովան ամենալաւ Բարեկամն է որ կրնանք ունենալ։
Եհովան իր բարեկամներէն ի՞նչ կը սպասէ։ Քու կարծիքովդ ատիկա տրամաբանակա՞ն է։
6. Կարդացէ՛ք Սաղմոս 62։8։
Ի՞նչ կարգ մը բաներու մասին Եհովային աղօթած ես։ Ուրիշ ի՞նչ բաներու մասին կրնաս աղօթել։
Եհովան ինչպէ՞ս աղօթքներու կը պատասխանէ։
(Տե՛ս Դաս 09)
7. Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 10։24, 25։
Եհովայի վկաներու ժողովները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել։
Քու կարծիքովդ, կ’արժէ՞ ջանք ընել որ անոնց ներկայ գտնուիս։
(Տե՛ս Դաս 10)
8. Ինչո՞ւ լաւ է որ Սուրբ Գիրքը միշտ կարդանք։ Օրուան մէջ ե՞րբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս։
(Տե՛ս Դաս 11)
9. Մինչեւ հիմա դասերուդ նկատմամբ ի՞նչ բան ամէնէն շատ սիրեցիր։
10. Սուրբ Գիրքը սերտելու սկսելէդ ի վեր, արդեօք դժուարութիւններ ունեցա՞ր։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ շարունակես սերտել։
(Տե՛ս Դաս 12)