ԴԱՍ 05
Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ ըսելիքն է մեզի
Եհովան մեզի տուած է հիանալի նուէր մը՝ Սուրբ Գիրքը։ Անոր մէջ կան 66 պզտիկ գիրքեր։ Թերեւս հարցնես. ‘Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ։ Ո՞վ է անոր գրողը’։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, նկատի առնենք թէ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած Աստուծոյ պատգամը ինչպէ՛ս մեզի հասաւ։
1. Թէեւ մարդիկ Սուրբ Գիրքը գրեցին, ինչո՞ւ կ’ըսենք որ Աստուծոյ կողմէ է
Շուրջ 40 մարդիկ գրեցին Սուրբ Գիրքը աւելի քան 1600 տարիներու ընթացքին, Ք.Ա. 1513–էն շուրջ Ք.Ե. 98։ Անոնք իրարմէ շատ տարբեր էին. անոնց մէջ կային՝ հովիւներ, ձկնորսներ եւ թագաւորներ։ Հակառակ ատոր, իրենց գրածները իրարու համաձայն են։ Ատիկա կարելի է, քանի որ Սուրբ Գիրքը Աստուծո՛յ Խօսքն է (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Անոնք իրենց գաղափարները չգրեցին, հապա «սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան» (Բ. Պետրոս 1։21) a։ Աստուած իր սուրբ հոգին գործածելով, զանոնք առաջնորդեց որ իր գաղափարները գրեն (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։
2. Ո՞վ կրնայ Սուրբ Գիրքէն օգտուիլ
Աստուած ըսաւ որ ‘բոլոր ազգերը, ցեղերը, լեզուներն ու ժողովուրդները’ պիտի օգտուէին Սուրբ Գիրքի պատգամէն (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6)։ Ներկայիս Սուրբ Գիրքը որեւէ գիրքէ աւելի թարգմանուած է։ Գրեթէ ամէն մարդ կրնայ զայն կարդալ կամ մտիկ ընել, ո՛ւր որ ալ կ’ապրի կամ ի՛նչ լեզու ալ կը խօսի։
3. Եհովան ինչպէ՞ս Սուրբ Գիրքը պաշտպանած է
Սուրբ Գիրքը գրուեցաւ բաներու վրայ, որոնք երկար չեն դիմանար, օրինակ՝ կաշի եւ պապիրոս։ Բայց Սուրբ Գիրքը սիրող մարդիկ ուշադրութեամբ զայն ընդօրինակեցին։ Կարգ մը կառավարիչներ եւ կրօնական առաջնորդներ փորձեցին Սուրբ Գիրքը մէջտեղէն վերցնել, բայց ուրիշներ պատրաստ էին իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելու, որպէսզի զայն պաշտպանէին։ Եհովան չէ ձգած որ ոեւէ անձ կամ որեւէ բան արգելք ըլլայ, որ իր Խօսքը մեզի հասնի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ» (Եսայի 40։8)։
ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս Աստուած մարդիկ առաջնորդեց որ Սուրբ Գիրքը գրեն, թէ ինչպէ՛ս զայն պաշտպանեց եւ թէ ինչպէ՛ս մարդոց ձեռքը հասցուց։
4. Սուրբ Գիրքը կը գիտցնէ իր Գրողը
Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։ Ետքը, կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 3։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։
-
Եթէ մարդիկ գրեցին Աստուածաշունչը, ինչո՞ւ Աստուծոյ Խօսքը կը կոչուի։
-
Քու կարծիքովդ, Աստուած կրնա՞ր իր ըսելիքները գրողներուն փոխանցել։
5. Սուրբ Գիրքը մէջտեղէն վերցնելու ջանքերը ձախողեցան
Եթէ Սուրբ Գիրքը իրապէս Աստուծմէ է, զայն պիտի չպաշտպանէ՞ր։ Պատմութեան ընթացքին կառավարիչներ փորձած են Սուրբ Գիրքը մէջտեղէն վերցնել։ Իսկ կրօնական առաջնորդներ փորձած են մարդոցմէ հեռու պահել զայն։ Հալածանքէն չվախնալով՝ շատեր իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին, որպէսզի Սուրբ Գիրքը պաշտպանեն։ Անոնցմէ մէկուն մասին աւելի գիտնալու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։
-
Հիմա որ գիտցար թէ մարդիկ ինչե՜ր ըրած են Աստուածաշունչը պաշտպանելու համար, կը փափաքի՞ս զայն կարդալ։ Ինչո՞ւ։
Կարդացէ՛ք Սաղմոս 119։97 եւ քննարկեցէք այս հարցումը.
-
Ի՞նչ բան ձգած է որ մարդիկ իրենց կեանքը վտանգի տակ դնեն, որպէսզի Սուրբ Գիրքը թարգմանեն եւ տարածեն։
6. Գիրք մը բոլոր մարդոց համար
Սուրբ Գիրքը պատմութեան մէջ ամէնէն շատ թարգմանուած եւ տարածուած գիրքն է։ Կարդացէ՛ք Գործք 10։34, 35 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
-
Աստուած ինչո՞ւ կ’ուզէ որ իր Խօսքը այսքան շատ թարգմանուի ու տարածուի։
-
Սուրբ Գիրքին մասին ի՞նչ բան քեզ կը հետաքրքրէ։
Աշխարհի բնակչութեան
գրեթէ
100%
կրնան Աստուածաշունչը կարդալ իրենց հասկնալի լեզուով
Թարգմանուած է աւելի քան
3000
լեզուներով
ամբողջութեամբ կամ մասամբ
5,000,000,000
Սուրբ Գիրք հրատարակուած է,
ուրիշ որեւէ գիրքէ շա՜տ աւելի
ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Սուրբ Գիրքը հին գիրք մըն է, որ մարդիկ գրած են»։
-
Քու կարծիքդ ի՞նչ է։
-
Ի՞նչ բան կը փաստէ, որ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է, եւ ան ամէն բան ըրած է որ Սուրբ Գիրքը բոլոր մարդոց ձեռքը հասնի։
Վերաքաղ
-
Աստուած ինչպէ՞ս մարդիկ առաջնորդեց որ Սուրբ Գիրքը գրեն։
-
Սուրբ Գիրքին չբնաջնջուելուն, թարգմանուելուն եւ տարածուելուն մասին ի՞նչ բան քեզ կը տպաւորէ։
-
Ի՞նչ կը զգաս, գիտնալով որ Աստուած այսքան ջանք թափած է, որ իր Խօսքը քեզի հասցնէ։
ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
Կարդա՛ Աստուածաշունչի պատմութիւնը. հին գրութիւններէն մինչեւ ներկայ թարգմանութիւնները։
«Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս հասաւ մեզի» (յօդուած՝ Զարթի՛ր–ին մէջ)
Տե՛ս թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս չբնաջնջուեցաւ։
Տե՛ս թէ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար, մարդիկ ի՛նչ կերպերով իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին։
Աստուածաշունչը շա՜տ անգամներ ընդօրինակուած եւ թարգմանուած է։ Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, որ անոր պատգամը չէ փոխուած։
«Աստուածաշունչը փոխուա՞ծ է կամ խարդախուա՞ծ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)