ԴԱՍ 04
Ո՞վ է Աստուած
Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, մարդիկ շատ մը աստուածներ եւ աստուածուհիներ պաշտած են։ Բայց Սուրբ Գիրքը մէկ Աստուծոյ մասին կը խօսի, որ «բոլոր աստուածներէն մեծ է» (Բ. Մնացորդաց 2։5)։ Ո՞վ է ան։ Եւ ի՞նչ բան զինք աւելի մեծ կը դարձնէ միւս բոլոր աստուածներէն, որոնք մարդիկ կը պաշտեն։ Այս դասին մէջ, տե՛ս թէ Աստուած ինչպէ՛ս ինքզինք կը ծանօթացնէ քեզի։
1. Աստուծոյ անունը ի՞նչ է եւ ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ կ’ուզէ որ զայն գիտնանք
Սուրբ Գիրքին մէջ, Աստուած ինքզինք կը ծանօթացնէ մեզի։ Ան կ’ըսէ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (կարդա՛ Եսայի 42։5, 8)։ «Եհովա»ն եբրայերէն անունի մը հայերէն թարգմանութիւնն է, որ շատ մը մասնագէտներու կարծիքով կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Եհովան կ’ուզէ որ իր անունը գիտնանք (Ելից 3։15)։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ։ Ան իր անունը գրել տուած է Սուրբ Գիրքին մէջ աւելի քան 7000 անգամ a։ Եհովա անունը կը պատկանի ‘ճշմարիտ Աստուծոյ’ (Յովհաննէս 17։3)։
2. Սուրբ Գիրքը Եհովային մասին ի՞նչ կը յայտնէ
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ մարդոց պաշտած բոլոր աստուածներէն, Եհովա՛ն է միակ ճշմարիտ Աստուածը։ Ինչո՞ւ։ Կան քանի մը պատճառներ։ Եհովան միակ ‘Բարձրեալն է բոլոր երկրի վրայ’ (կարդա՛ Սաղմոս 83։18)։ Ան «Ամենակալ»ն է, ինչ որ կը նշանակէ թէ զօրութիւնը ունի իր ուզածը ընելու։ Ան ‘ամէն բան ստեղծեց’. տիեզերքը եւ ամէն տեսակ կեանք երկրի վրայ (Յայտնութիւն 4։8, 10բ)։ Եւ միայն Եհովան միշտ գոյութիւն ունեցած է եւ պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ յաւիտեա՛ն (Սաղմոս 90։2)։
ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
Տե՛ս թէ ի՛նչ տարբերութիւն կայ Աստուծոյ տիտղոսներուն եւ իր շատ յատուկ անունին միջեւ։ Ետքը, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ իր անունը քեզի յայտնած է։
3. Աստուած շատ մը տիտղոսներ ունի, բայց միայն մէկ անուն ունի
Պէ՞տք է անհատի մը անունը գործածենք, թէ ոչ՝ միայն տիտղոսը կը բաւէ։ Պատասխանը գիտնալու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
-
Ի՞նչ է տարբերութիւնը տիտղոսի մը,– օրինակ՝ «Տէր»,– եւ անունի մը միջեւ։
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ մարդիկ շատ աստուածներ ու տէրեր կը պաշտեն։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 136։1-3 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
-
Ո՞վ է «աստուածներուն Աստուածը» եւ «տէրերուն Տէրը»։
4. Եհովան կ’ուզէ որ իր անունը գիտնաս եւ գործածես
Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ Եհովան կ’ուզէ որ իր անունը գիտնաս։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։
-
Կը կարծե՞ս թէ Եհովան կ’ուզէ, որ իր անունը գիտցուի։ Ինչո՞ւ։
Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ իր անունը գործածեն։ Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 10։13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
-
Աստուծոյ Եհովա անունը գործածելը որքա՞ն կարեւոր է։
-
Ի՞նչ կը զգաս, երբ մէկը անունդ կը յիշէ եւ քեզ անունովդ կը կանչէ։
-
Քու կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ իր անունը գործածես։
5. Եհովան կ’ուզէ որ իր բարեկամը ըլլաս
Քամպոտիայէն եղող Սոթէն անունով կին մը ըսաւ, որ Աստուծոյ անունը գիտնալը «շատ աղուոր զգացում է»։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
-
Վիտէոյին մէջ, Աստուծոյ անունը գիտնալը ինչպէ՞ս ազդեց Սոթէնին։
Մէկու մը ընկերը ըլլալէ առաջ, սովորաբար նա՛խ իր անունը կը գիտնաս։ Կարդացէ՛ք Յակոբոս 4։8ա եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
-
Եհովան քեզ կը քաջալերէ որ ի՞նչ ընես։
-
Աստուծոյ անունը գիտնալը եւ գործածելը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ իր բարեկամը ըլլաս։
ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Արդէն մէկ Աստուած կայ. տարբերութիւն պիտի չընէ, թէ զինք ի՛նչ կը կոչես»։
-
Դուն կը հաւատա՞ս, որ Աստուծոյ անունը Եհովա է։
-
Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել, թէ Աստուած կ’ուզէ որ իր անունը գործածենք։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
«Եհովա»ն միակ ճշմարիտ Աստուծոյ անունն է։ Ան կ’ուզէ որ զայն գիտնանք եւ գործածենք, որպէսզի իր բարեկամը ըլլանք։
Վերաքաղ
-
Եհովան ինչպէ՞ս տարբեր է միւս բոլոր աստուածներէն, որոնք մարդիկ կը պաշտեն։
-
Ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ անունը գործածենք։
-
Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ Եհովան կ’ուզէ որ իր բարեկամը ըլլաս։
ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
Նկատի առ հինգ պատճառներ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած գոյութիւն ունի։
Տե՛ս թէ ինչո՛ւ տրամաբանական է հաւատալ, որ Աստուած միշտ գոյութիւն ունեցած է։
Տե՛ս թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ անունը պէտք է գործածենք, նոյնիսկ եթէ չենք գիտեր ճիշդ ինչպէ՛ս կը հնչուէր։
Տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ Աստուած ի՛նչ կը կոչենք։ Տե՛ս թէ ինչո՛ւ կրնանք ըսել, թէ ան միայն մէկ անձնական անուն ունի։
a Եթէ կ’ուզես աւելին գիտնալ, թէ Աստուծոյ անունը ի՛նչ կը նշանակէ եւ թէ ինչո՛ւ հանուած է Սուրբ Գիրքի կարգ մը թարգմանութիւններէն, տե՛ս Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկը, Մաս 1։