ԴԱՍ 12
Սրտանց խօսիլ եւ կարեկցիլ
Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8
ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Սրտանց խօսիլ եւ քեզի մտիկ ընողին ցոյց տալ, որ զինք կը սիրես եւ կ’ուզես օգնել։
Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։
-
Քեզի մտիկ ընողներուն մասին մտածէ։ Սրտանց խօսելու համար, անոնց դիմագրաւած խնդիրներուն մասին մտածէ։ Փորձէ երեւակայել թէ անոնք ինչպէ՛ս կը զգան։
-
Յարմար բառեր ընտրէ։ Ջանք ըրէ, որ քեզի մտիկ ընողները մխիթարես եւ քաջալերես։ Վիրաւորական բառեր մի՛ գործածեր։ Անոնց հաւատալիքներուն մասին անարգական ոճով մի՛ խօսիր։
-
Հետաքրքրութիւն ցոյց տուր։ Ազնիւ ձայնի թոնով եւ շարժուձեւերով քեզի մտիկ ընողներուն ցոյց տուր, որ իրենցմով իսկապէս հետաքրքրուած ես։ Դէմքի արտայայտութիւններովդ ալ այդ մէկը ցոյց տուր եւ շատ անգամ ժպտէ։